Newsletter

Նախագահ Աուն. «Արաբական Գարուն» Կոչուածը «Արաբական Դժոխք»-ին Աւելի Համազօր Է»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Թունուզի պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու ռահվիրաներէն է` աւելցնելով, որ արաբական աշխարհին մէջ բռնկած պատերազմները պէտք է կասեցնել: «Արաբական գարուն» կոչուածը «Արաբական դժոխք»-ին աւելի համազօր է», ըսաւ նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ ահաբեկչութիւնը դրսեւորած է ինքզինք եւ ցարդ կը շարունակէ ամբողջ շրջանը տառապեցնել պատերազմի իրականութեամբ: «Այսօր...

Դաւիթ Տօնոյեան. «Ազրպէյճանի  Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութիւնը  Պէտք Է Պատրաստէ Իր Բանակը Խաղաղութեան»

Դաւիթ Տօնոյեան. «Ազրպէյճանի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութիւնը Պէտք Է Պատրաստէ Իր Բանակը Խաղաղութեան»

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Ազրպէյճանի հնչեցուցած վերջին ռազմատենչ յայտարարութիւններուն: «Մենք ոչ թէ պատերազմ կ՛ուզենք, այլ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը պէտք է պատրաստէ իր բանակը խաղաղութեան», 7 ապրիլին «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ նշած է Դաւիթ Տօնոյեան:

Ընկերական Հաւաք` Ներքին  Եւ Արտաքին Քաղաքական Օրակարգով

Ընկերական Հաւաք` Ներքին Եւ Արտաքին Քաղաքական Օրակարգով

Շաբաթ, 6 ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի ընկերական հաւաքը` ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի  անդամներու, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներու, Արցախի բոլոր շրջաններու պատասխանատու ընկերներու եւ ՀՅԴ-ին կից գործող կառոյցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Ընկերական հաւաքին մասնակցող աւելի քան 120 դաշնակցականներ քննարկած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան  վերաբերող շարք մը հարցեր` յատկապէս...

Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ  Հովանի Մայր Տաճարի Օծում Եւ Բացում

Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր Տաճարի Օծում Եւ Բացում

«Արցախփրես» կը հաղորդէ, թէ 7 ապրիլին տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի մայր տաճարի օծման եւ բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որ կատարեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: «Արցախի  գողտրիկ երկրամասին մէջ վեր խոյացած հայոց հաւատքի նոր վկայարանի հիմնարկէքը մենք կատարեցինք 2006 թուականին` հաւատքով, որ Աստուած միշտ մեզի հետ է, եւ ձեռքբերումներ ու յաղթանակներ կը պարգեւէ մեր բոլոր բարի ձգտումներուն... այս եկեղեցին...

Տոհայի Մէջ.   «Բռնի Ուժով Խլուածը Միասնականութեամբ  Եւ Դիմադրութեամբ Կարելի Է Վերադարձնել»   Շեշտեց Պըրրի

Տոհայի Մէջ. «Բռնի Ուժով Խլուածը Միասնականութեամբ Եւ Դիմադրութեամբ Կարելի Է Վերադարձնել» Շեշտեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Քաթար, ուր մասնակցեցաւ Միջխորհրդարանական համադաշնակցութեան 140-րդ ընդհանուր ժողովին: Պըրրիի ընկերակցեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ռուլա Թապըշ եւ Միշել Մուսա: Տոհայի մէջ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ շէյխ...

Ռուանտայի Մէջ Ցեղասպանութեան  25-ամեակի Նշման Համար  100 Օրուան Սուգ Յայտարարուեցաւ

Ռուանտայի Մէջ Ցեղասպանութեան 25-ամեակի Նշման Համար 100 Օրուան Սուգ Յայտարարուեցաւ

Երէկ Ռուանտայի մէջ ընթացք առին երկրին բնակչութեան շուրջ մէկ տասներորդին կեանքերը խլած Ռուանտական ցեղասպանութեան 25-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները: Երկիրը 100 օր, 1994-ին 800.000 ռուանտացիներու ջարդին տեւողութեան չափ, սուգ պիտի պահէ եւ լուռ պիտի մնայ: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ հարիւրօրեայ սուգին ընթացքին կ՛արգիլուին խնճոյքները, բարձր երաժշտութիւնը եւ մինչեւ իսկ բարձրաձայն խնդալը: Նախագահ Փոլ Քակամէ, որ ցեղասպանութեան վերջ տուած ըմբոստներու ուժերու հրամանատարն էր,...

«Յաղթանակ Արձանագրելու Պարագային  Այսրյորդանանի Բնակեցման Վայրերը  Պիտի Առնեմ Իսրայէլեան Գերիշխանութեան Տակ»  Կ՛ըսէ Նեթանիահու

«Յաղթանակ Արձանագրելու Պարագային Այսրյորդանանի Բնակեցման Վայրերը Պիտի Առնեմ Իսրայէլեան Գերիշխանութեան Տակ» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Այսրյորդանանի մէջ գտնուող բնակեցման վայրերը պիտի առնէ իսրայէլեան գերիշխանութեան տակ, եթէ 9 ապրիլին նախատեսուած երեսփոխանական արտակարգ ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրէ: Նեթանիահու իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ իսրայէլեան գերիշխանութիւնը չէ տարածած բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի իսրայէլեան բնակեցման մեծ վայրերուն վրայ, ինչպէս պատահեցաւ Արեւելեան Երուսաղէմի եւ սուրիական բռնագրաւեալ...

Լուսաւորչի Ս. Աջին Օրհնութիւնը  Բաշխուեցաւ  Անթիլիաս Հաւաքուած  Ուխտաւորներու Հոծ Բազմութեան

Լուսաւորչի Ս. Աջին Օրհնութիւնը Բաշխուեցաւ Անթիլիաս Հաւաքուած Ուխտաւորներու Հոծ Բազմութեան

Հայոց աշխարհի հաւատքի հօր եւ երկրորդ Լուսաւորիչին մուտն ի Վիրապի տօնը յատկանշական է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար, որովհետեւ անիկա Անթիլիասի մայրավանքի ուխտի օրն է: Այդ օր Գրիգոր Լուսաւորիչին Ս. Աջը, ինչպէս նաեւ «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած բազմաթիւ սուրբերու մասունքները, որոնք Անթիլիաս հասած են գողգոթայի ճամբէն անցնելով, դուրս կը բերուին եւ կը տրամադրուին ուխտաւորներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին: Արդարեւ,...

Հանդիպում Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի միջեւ

Հանդիպում Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի միջեւ

Երէկ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հանդիպումը  Ֆրանսայի հանրապետութեան նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ։ Հանդիպման ներկայ եղած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Շարլ Փափազեան։ Արծարծուած են Հայաստանի հանրապետութեան, Հայ Դատի վերաբերող նորագոյն զարգացումներ եւ միացեալ նախաձեռնութիւններու ուղիներ։  

Քոլորատոյի Մէջ Ապրիլ 2019-ը Հռչակուած Է «Ցեղասպանութեան  Իրազեկման Ամիս»

Քոլորատոյի Մէջ Ապրիլ 2019-ը Հռչակուած Է «Ցեղասպանութեան Իրազեկման Ամիս»

Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ նահանգի նահանգապետ Ճարետ Փոլիս ստորագրած է ապրիլ 2019-ը «Ցեղասպանութեան իրազեկման ամիս» յայտարարելու մասին հռչակագիրը: Հռչակագիրին մէջ այլ ցեղասպանութիւններու շարքին յղում կը կատարուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ հռչակագիրով կ՛ընդգծուի ցեղասպանութեան հարցերով կրթութեան կարեւորութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղուի ոճրագործներուն, որոնք մինչեւ հիմա կը հերքեն մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնը:

Ակնարկ.  Ռուսական Նուէր Թեհրանի Հաշուոյն

Ակնարկ. Ռուսական Նուէր Թեհրանի Հաշուոյն

Մոսկուայի մէջ կայացած Փութին - Նեթանիահու հանդիպումը կարելի է վերլուծել իսրայէլեան ընտրութիւններուն անմիջականօրէն նախօրէին կատարուած գործողութիւն` վարկանիշի ապահովման եւ ընտրական գործընթացին վրայ կարեւոր ազդեցութիւն ունենալու գործօնի հանգամանքներով: Արագօրէն ուշագրաւ է այն, որ թէ՛ Թրամփը եւ թէ՛ Փութինը իրենց քայլերով եւ յայտարարութիւններով կը նպաստեն Նեթանիահուի վարկանիշի բարձրացման: Հրապարակուած թեման Սուրիան է. լրատուութիւններուն տողատակերը կարդալով կ՛եզրակացուի, որ գրաւոր մշակուած ծրագիր բանակցային սեղանի...

Նախագահ Սարգսեան Այցելած Է Յորդանան  Գետի Ափին Գտնուող Յիսուս  Քրիստոսի Մկրտութեան Վայրը

Նախագահ Սարգսեան Այցելած Է Յորդանան Գետի Ափին Գտնուող Յիսուս Քրիստոսի Մկրտութեան Վայրը

Աշխատանքային այցելութեամբ Յորդանան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 5 ապրիլին այցելած է Յորդանան գետի ափին գտնուող Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան վայրը: Հանրապետութեան նախագահը շրջագայած է քրիստոնէական այդ սրբավայրին մէջ, գրառում կատարած պատուոյ հիւրերու գիրքին մէջ: Ան նշած է, որ Յորդանանի հոգատարութիւնը նմանատիպ համաշխարհային սրբավայրի նկատմամբ քաղաքակրթութիւններու համերաշխութեան եւ երկխօսութեան լաւագոյն վկայութիւնը կը հանդիսանայ: Նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է նաեւ Յորդանան...

Նիկոլ Փաշինեան Գիւմրիի Մէջ Այցելած Է  Ռուսական 102-րդ Ռազմակայան

Նիկոլ Փաշինեան Գիւմրիի Մէջ Այցելած Է Ռուսական 102-րդ Ռազմակայան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Գիւմրի կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի ընկերակցութեամբ այցելած է Գիւմրիի ռուսական 102-րդ ռազմակայան, որուն հրամանատարութիւնը կառավարութեան ղեկավարին ներկայացուցած է զինուորներուն համար ստեղծուած կենցաղային եւ աշխատանքային պայմաններն ու յարմարութիւնները: Այս լուրը հաղորդած է Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը: Վարչապետը այցելած է նաեւ ռազմակայանի թանգարան, ծանօթացած ցուցադրուած իրերուն եւ գրառում կատարած Պատուոյ...

Լաւրով Եւ Մամետեարով Քննարկած Են  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծումը

Լաւրով Եւ Մամետեարով Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծումը

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը: Այս լուրը կը փոխանցէ «Ռիփորթ»-ը: Նշուած է, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը  քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համագործակցութիւնն ու շրջանային առաւել հրատապ հարցեր: Յայտնենք, որ Մամետեարով Մոսկուա կը գտնուի մասնակցելու ԱՊՀ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին: «Հայկական...

Նախագահ Աուն. «Լիբանանեան Ազգային  Միասնականութիւնը Վտանգի Ենթակայ Չէ»

Նախագահ Աուն. «Լիբանանեան Ազգային Միասնականութիւնը Վտանգի Ենթակայ Չէ»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նախքան Միացեալ Նահանգներ իր կատարելիք այցելութիւնը, Քանաան նախագահ Աունին ներկայացուց Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին մէջ իր եւ լիբանանեան խորհրդարանական պատուիրակութեան ունենալիք հանդիպումներուն նպատակները, որոնք պիտի կեդրոնանան ամերիկեան դրամական պատժամիջոցները մեղմացնելու եւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին վրայ:...

Պուխարի Այցելեց Մամլոյ  Սենտիքայի Նախագահին

Պուխարի Այցելեց Մամլոյ Սենտիքայի Նախագահին

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ սենտիքայի խորհուրդին անդամները: Հանդիպումին ընթացքին Քաաքի բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն ունեցած դրական դերակատարութիւնը Լիբանանի զօրակցութեան առումով: Ան հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու է Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան եւ ժողովրդավարութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող խօսքի ազատութեան: Քաաքի անդրադարձաւ լրագրութեան...

«Զբօսաշրջութեան Մարզի Ծրագիրը  Պիտի Յայտարարուի Այս Ամսուան Կիսուն  Եւ Պիտի Ներառէ Բոլոր Շրջանները»   Շեշտեց Աւետիս Կիտանեան

«Զբօսաշրջութեան Մարզի Ծրագիրը Պիտի Յայտարարուի Այս Ամսուան Կիսուն Եւ Պիտի Ներառէ Բոլոր Շրջանները» Շեշտեց Աւետիս Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեց Լիբանանեան միջազգային համալսարանի` «Էլ. Այ. Եու.»-ի Պեքաայի մասնաճիւղը, ուր ան դիմաւորուեցաւ արտաքին առեւտուրի նախարար Հասան Մըրատի կողմէ: Նախարար Կիտանեան համալսարանին մէջ բացումը կատարեց Պեքաայի զբօսաշրջութեան զարգացման յատուկ խորհրդաժողովին: Ա. Կիտանեան բարձր գնահատեց Պեքաայի մէջ արդիական դպրոցներ ու համալսարաններ կառուցելու քայլը` ընդգծելով, որ այդ աշխատանքը առաւելագոյն չափով ողջունելի է: Նախարար Կիտանեան դրուատեց նաեւ Հասան Մըրատի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Սօս Սարգսեանի Անուան Համազգային  Պետական Թատրոնի Խումբը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սօս Սարգսեանի Անուան Համազգային Պետական Թատրոնի Խումբը

Ուրբաթ, 5 ապրիլ 2019-ի առաւօտուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց շուրջ 15 անձերէ բաղկացած Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնի անդամները, որոնք Լիբանան կը գտնուին Համազգայինի հրաւէրով` շարք մը ներկայացումներ տալու այստեղ: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց թատերական մարզին մէջ խումբին տարած կարեւոր աշխատանքը եւ կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու Սօս Սարգսեանի մեծ վաստակին ու ջերմ հայրենասիրութեան: Ան ըսաւ, թէ ինք...

Պզտիկ-Մզտիկ.  Ուսուցիչներու Հետ Հանդիպումի Ա. Փուլ

Պզտիկ-Մզտիկ. Ուսուցիչներու Հետ Հանդիպումի Ա. Փուլ

«Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին հրաւէրով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու նախակրթարանի Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ, ուրբաթ, 5 ապրիլ 2019-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ: Հանդիպումին ներկայ էին Վահան Թէքէեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Հռիփսիմեանց, Մխիթարեան, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարաններու, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի դասատուները: Կազմակերպուած հանդիպումին...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Ժամանակն Է,  Որ Հայաստան Մաս Կազմէ Մետաքսի Նոր Ճամբուն»

Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Ժամանակն Է, Որ Հայաստան Մաս Կազմէ Մետաքսի Նոր Ճամբուն»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 4 ապրիլին հանդիպում ունեցած է Չինաստանի Ժողովրդական ներկայացուցիչներու  համաչինական ժողովի մնայուն կոմիտէի նախագահի տեղակալ Շեն Եուէյուէի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ ողջունելով հիւրերը` նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանը եւ Չինաստանը հնագոյն պետութիւններն են, որոնց միջեւ համագործակցութիւնը դարերու  պատմութիւն ունի եւ կու գայ դեռ Մետաքսի...

Page 240 of 256 1 … 239 240 241 … 256