Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը: Այս լուրը կը փոխանցէ «Ռիփորթ»-ը:
Նշուած է, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համագործակցութիւնն ու շրջանային առաւել հրատապ հարցեր:
Յայտնենք, որ Մամետեարով Մոսկուա կը գտնուի մասնակցելու ԱՊՀ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:
«Հայկական Զօրքերու Ազրպէյճանի Տարածքէն Դուրս Բերումը Կրնայ Հարցի Խաղաղ Լուծման Համար Այլ Միջավայր Ստեղծել» Կ՛ըսէ Մամետեարով
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Պրիւքսելէն Մոսկուա ուղղուող օդանաւին մէջ զրոյց ունեցած է ճամբորդող հայերու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը:
Առաջին զրոյցը տեղի ունեցած է անգլերէն լեզուով: Մամետեարովին հարցուցած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին: «Արդիւնքները տարբեր են: Եթէ մենք այս պատմութեան ներսէն նայինք, ապա պիտի տեսնենք, որ տեսակէտները տարբեր են: Ամէն մէկը պատմութեան իր տարբերակը կը ներկայացնէ` ո՛վ մեղաւոր է, ո՛վ ճիշդ է եւ այլն: Ընդհանրապէս, իմ կարծիքովս, 2016-ի ապրիլը ցոյց տուաւ, որ, դժբախտաբար, խաղաղութիւնը չ՛ուրուագծուիր: Եւ ատիկա է, որ մենք կ՛ըսենք` բանակը պէտք է վերադառնայ զօրանոցներ: Ասիկա միակ եղանակն է, որուն ճամբով կրնանք հասնիլ հարցի խաղաղ լուծման: Երբ մենք կը խօսինք խաղաղութեամբ տագնապի լուծման, ապա կը հասկնանք, որ ատոր հասնելու մեծագոյն խոչընդոտը զինուորականութիւնն է: Այս պարագային, ի հարկէ, հայկական զօրքերը Ազրպէյճանի տարածքէն դուրս բերելը, անշուշտ, կրնայ այլ միջավայր ստեղծել», ըսած է Մամետեարով:
Զրոյցը շարունակուած է ռուսերէնով: Հայ կինը Մամետեարովին հարցուցած է, ինչո՞ւ Ազրպէյճան խաղաղութեան մասին կը յայտարարէ, սակայն երկիրի առած բոլոր քայլերը ցոյց կու տան հակառակը: Մամետեարով պատասխանած է, թէ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքն է:
Ի պատասխան ակնարկին, թէ Ազրպէյճան յաճախ կը խօսի այն մասին, թէ Երեւանը իրենց կը պատկանի, Մամետեարով հայ կնոջմէն խնդրած է աւելի հանգիստ ըլլալ եւ չջղայնանալ: