Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր Տաճարի Օծում Եւ Բացում

April 8, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արցախփրես» կը հաղորդէ, թէ 7 ապրիլին տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի մայր տաճարի օծման եւ բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որ կատարեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

«Արցախի  գողտրիկ երկրամասին մէջ վեր խոյացած հայոց հաւատքի նոր վկայարանի հիմնարկէքը մենք կատարեցինք 2006 թուականին` հաւատքով, որ Աստուած միշտ մեզի հետ է, եւ ձեռքբերումներ ու յաղթանակներ կը պարգեւէ մեր բոլոր բարի ձգտումներուն… այս եկեղեցին Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ շնորհով նոր ղօղանջը պիտի դառնայ մեր հաւատքի ու յաղթական ոգիի, նաեւ  ազդարարողը Արցախի մեր ժողովուրդի ազատ ու անկախ կեանքի անօտարելի իրաւունքին, ինչպէս նաեւ մեր քրիստոնէական հաւատքի ու ազգային ինքնութեան անխորտակելի շաղկապուածութեան», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Անոր համաձայն, իրենք Արցախ կը գտնուին վերստին վկայելու, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, պարտադրուած պատերազմներուն, աւերին ու կոտորածին, անկարելի է ընկճել հայու հաւատքն ու ոգին, քանզի Աստուած հայուն հետ է:

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանին Արցախի թեմի հզօրացման եւ Արցախի սրտին մէջ այս եկեղեցւոյ կառուցման նուիրական գործը աւարտին հասցնելու համար:  Ան Պարգեւ սրբազանին նուիրեց եպիսկոպոսական պանակէ (կուրծքի զարդ` ձուաձեւ տուփ, որուն մէջ դրուած կ՛ըլլան սուրբերու մասունքներ), Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի կողմէ նորակառոյց տաճարին` սուրբ ծննդեան տեսարանով սրբապատկեր. իսկ մայր տաճարի  կառուցման առաջին բարերար լուսահոգի Հրանդ Վարդանեանի երկու որդիներուն` Կարէնին եւ Միքայէլին` «Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշան:

Արարողութեան ներկայ եղած են Արցախի  նախագահ Բակօ  Սահակեան իր կնոջ` Անահիտ Սահակեանի հետ, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, մայր  տաճարի  հովանաւորներ,  հիւրեր Հայաստանէն եւ սփիւռքէն,   հաւատացեալներ:

Նշենք, որ բազմանկիւն եռայարկ եկեղեցւոյ բարձրութիւնը աւելի քան 40 մեթր է, խաչի բարձրութիւնը` 3 մեթր: Ճարտարապետը Գագիկ Երանոսեանն է:

 

 

Նախորդը

Տոհայի Մէջ. «Բռնի Ուժով Խլուածը Միասնականութեամբ Եւ Դիմադրութեամբ Կարելի Է Վերադարձնել» Շեշտեց Պըրրի

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ձեւաչափը Միշտ Ալ Ներառած Է Լեռնային Ղարաբաղի Ներկայացուցիչներու Մասնակցութիւնը Բանակցային Հոլովոյթին»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.