Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պզտիկ-Մզտիկ. Ուսուցիչներու Հետ Հանդիպումի Ա. Փուլ

Ապրիլ 6, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին հրաւէրով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու նախակրթարանի Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ, ուրբաթ, 5 ապրիլ 2019-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ: Հանդիպումին ներկայ էին Վահան Թէքէեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Հռիփսիմեանց, Մխիթարեան, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարաններու, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի դասատուները:

Կազմակերպուած հանդիպումին նպատակն էր ծանօթացնել մանկապատանեկան յաւելուածին` «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի անցնող 15 տարուան աշխատանքները եւ լսել ուսուցիչներուն տեսակէտներն ու առաջարկները: Հանդիպման առաջին օրակարգով «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի աշխատանքները ներկայացուց յաւելուածի խմբագիր Սրբուկ Ճէնանեան, որմէ ետք խօսք առաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ուսուցիչներուն, որոնք միշտ կը քաջալերեն մանկապատանեկան յաւելուածը իրենց աշակերտներուն ճամբով` խթանելով զանոնք մասնակցելու կազմակերպուած մրցումներուն եւ կանուխ տարիքէն ընթերցողները թերթին կապելու աշխատանքը: Ապա ներկայացուեցաւ 28 ապրիլին տեղի ունենալիք «Փոքրիկ լրագրողները» վարժանիստին այս տարուան նիւթը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին: Հանդիպման վերջին օրակարգը յատկացուեցաւ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի բովանդակութեան եւ կազմակերպած ձեռնարկներու քննարկման, ինչպէս նաեւ կարծիքներու ու առաջարկներու փոխանցման:

Պէտք է նշել, որ հանդիպումը կայացաւ շատ մտերմիկ ու հարազատ մթնոլորտի մը մէջ, որուն ընթացքին հայ ժողովուրդի հայապահպանման աշխատանքին սատարող հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները առարկայականօրէն մօտեցան հարցերուն ու իրենց ներկայացուցած առաջարկներուն ճամբով անգամ մը եւս փորձեցին հայ նորահաս սերունդը աւելի եւս ամուր կապել իր արմատներուն` հայ մամուլին ճամբով:

Երկրորդ հանդիպումը, որուն պիտի մասնակցին հայ աւետարանական վարժարաններուն ուսուցիչները, տեղի պիտի ունենայ 12 ապրիլ 2019-ին:

 

Նախորդը

Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան 150-ամեակ . Վերնատունը` Ըստ Վարդգէս Ահարոնեանի

Յաջորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 149. «Հայաստանի Թատերական Կեանքը` Այսօր» Նիւթով Դասախօսութիւն

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?