Շաբաթ, 6 ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի ընկերական հաւաքը` ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներու, Արցախի բոլոր շրջաններու պատասխանատու ընկերներու եւ ՀՅԴ-ին կից գործող կառոյցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Ընկերական հաւաքին մասնակցող աւելի քան 120 դաշնակցականներ քննարկած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր` յատկապէս Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ներքին քաղաքական անցուդարձն ու 2019-ի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ 2020-ի հանրապետական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան մասնակցութեան վերաբերող հարցեր: