Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեան Գիւմրիի Մէջ Այցելած Է Ռուսական 102-րդ Ռազմակայան

April 6, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Գիւմրի կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի ընկերակցութեամբ այցելած է Գիւմրիի ռուսական 102-րդ ռազմակայան, որուն հրամանատարութիւնը կառավարութեան ղեկավարին ներկայացուցած է զինուորներուն համար ստեղծուած կենցաղային եւ աշխատանքային պայմաններն ու յարմարութիւնները:

Այս լուրը հաղորդած է Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը: Վարչապետը այցելած է նաեւ ռազմակայանի թանգարան, ծանօթացած ցուցադրուած իրերուն եւ գրառում կատարած Պատուոյ հիւրերու մատեանին մէջ, ինչպէս նաեւ այցելած է ռազմակայանի տարածքին մէջ գործող եկեղեցի:

Այնուհետեւ Նիկոլ Փաշինեան ուղղուած է Գիւմրիի քաղաքային կառատուն, ուր քաղաքային իշխանութիւններուն եւ կառավարութեան պատասխանատուներուն հետ քննարկած է կառատան հետագայ գործունէութեան, յատկապէս անոր հիմնովին նորոգութեան եւ զայն փոխադրութեան հանգոյց դարձնելու կարելիութեան վերաբերող հարցեր:

Նիկոլ Փաշինեան այցելած է նաեւ Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայան, ուր հաւատարմագրային կառավարիչ հանդիսացող «Արմենիա» օդանաւային ընկերութեան ղեկավարները վարչապետին ներկայացուցած են ընթացիկ ներդրումային ծրագիրները: Նշուած է, որ արդէն իսկ «Շիրակ» օդակայանին մէջ իրականացած է ենթակառոյցներու բարելաւման եւ թեքնիք բաժինի վերաթարմացման ծրագիրը: Կը նախատեսուի այս տարի, նոր ներդրումներու իբրեւ արդիւնք կառուցել ժամանումներու նոր սրահ, վերանորոգել կառամատոյցը եւ լուծել այլ խնդիրներ:

Նշուած է, որ տարեկան ուղեւորահոսքը արդէն իսկ հատած է 200 հազարի սահմանը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատած է «Շիրակ» օդակայանի զարգացման ծրագիրը եւ համոզում յայտնած, որ Գիւմրիի մէջ ընդհանուր առմամբ իրականացուող ենթակառոյցներու բարելաւման վերաբերող քայլերը պիտի նպաստեն քաղաքի գրաւչութեան բարձրացման, տնտեսական աշխուժացման ու զբօսաշրջային ծաւալներու յաւելման:

Վարչապետը այցելած է նաեւ Գիւմրիի քաղաքային կառատան յարակից տնակային աւան, հանդիպում ունեցած է հոն բնակողներուն հետ, լսած անոնց դիմագրաւած բնակարանային խնդիրները: Կառավարութեան ղեկավարը նաեւ մտած է քանի մը տնակներ եւ ծանօթացած բնակիչներու կենցաղային պայմաններուն:

Երեւան վերադարձի ճամբուն վրայ վարչապետը այցելած է նաեւ Մարալիկ ու հանդիպած տեղւոյն բնակիչներուն, զրուցած անոնց հետ եւ տեղեկացած անոնց ունեցած հարցերուն մասին:

 

Նախորդը

Լաւրով Եւ Մամետեարով Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծումը

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Այցելած Է Յորդանան Գետի Ափին Գտնուող Յիսուս Քրիստոսի Մկրտութեան Վայրը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.