Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Ժամանակն Է, Որ Հայաստան Մաս Կազմէ Մետաքսի Նոր Ճամբուն»

April 5, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 4 ապրիլին հանդիպում ունեցած է Չինաստանի Ժողովրդական ներկայացուցիչներու  համաչինական ժողովի մնայուն կոմիտէի նախագահի տեղակալ Շեն Եուէյուէի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ ողջունելով հիւրերը` նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանը եւ Չինաստանը հնագոյն պետութիւններն են, որոնց միջեւ համագործակցութիւնը դարերու  պատմութիւն ունի եւ կու գայ դեռ Մետաքսի ճամբու գոյութեան ժամանակներէն: Նախագահը կարեւոր նկատած է արդէն 21-րդ դարուն  այդ համագործակցութեան զարգացումը Չինաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ իրականացուող «Մէկ գօտի, մէկ ճամբայ» նախագիծի շրջագիծին մէջ: «Ժամանակն է, որ Հայաստանը Մետաքսի նոր ճամբուն մաս կազմէ», ըսած է նախագահ Արմէն Սարգսեանը:

Չինաստանի Ժողովրդական ներկայացուցիչներու համաչինական ժողովի մնայուն կոմիտէի նախագահի տեղակալը կարեւոր նկատած է Հայաստանի հետ ունեցած բարեկամական յարաբերութիւնները` խօսելով առկայ համագործակցութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութեան մասին:

Զրուցակիցները ընդգծած են, որ Հայաստանի ու Չինաստանի միջեւ  յարաբերութիւններու զարգացման, երկկողմանի կապերու ամրապնդման մեծ ներուժ կայ, որ պէտք է կեանքի կոչել: Անոնք յատկապէս կարեւոր նկատած են համագործակցութեան ընդլայնումը ենթակառուցուածքներու  զարգացման, հանքարդիւնաբերութեան, շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ զբօսաշրջութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու եւ արհեստական բանականութեան մարզերուն մէջ:

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Խորհրդարանը Վաւերացուց Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

Յաջորդը

Նէյմար Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.