Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յաղթանակ Արձանագրելու Պարագային Այսրյորդանանի Բնակեցման Վայրերը Պիտի Առնեմ Իսրայէլեան Գերիշխանութեան Տակ» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

April 8, 2019
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Այսրյորդանանի մէջ գտնուող բնակեցման վայրերը պիտի առնէ իսրայէլեան գերիշխանութեան տակ, եթէ 9 ապրիլին նախատեսուած երեսփոխանական արտակարգ ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրէ:

Նեթանիահու իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ իսրայէլեան գերիշխանութիւնը չէ տարածած բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի իսրայէլեան բնակեցման մեծ վայրերուն վրայ, ինչպէս պատահեցաւ Արեւելեան Երուսաղէմի եւ սուրիական բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն պարագային, ըսաւ. «Կը հարցնէք, եթէ յաջորդ փուլի պիտի անցնինք. պատասխանը այո է, յաջորդ փուլին պիտի անցնինք: Մտադիր եմ ընդլայնել իսրայէլեան գերիշխանութիւնը»:

Պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սայեպ Օրէյքաթ յայտնեց, որ Նեթանիահուի այդ յայտարարութիւնը «անակնկալ չէ»:

Օրէյքաթ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Իսրայէլ պիտի շարունակէ միջազգային օրէնքի իր բացայայտ ոտնահարումները, այնքան ատեն որ միջազգային ընտանիքը կը շարունակէ վարձատրել Իսրայէլը պատիժէն փախուստ տալու, մանաւանդ Թրամփի վարչակազմին աջակցութեամբ»:

Քալըն. «Նեթանիահու Ընտրական Քաղաքականութիւնը Կ՛Օգտագործէ Բռնագրաւումը Օրինականացնելու Համար»

Թուրքիոյ նախագահական բանբեր Իպրահիմ Քալըն ընկերային ցանցի վրայ Նեթանիահուի յայտարարութեան վերաբերեալ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Այլ օրինակ մը, թէ Նեթանիահու ինչպէ՛ս իր ընտրական քաղաքականութիւնը կ՛օգտագործէ բռնագրաւումը օրինականացնելու եւ երկու պետութիւններու լուծումը ականահարելու համար»:

«Եթէ անգամ մը եւս յաղթանակ արձանագրէ, ապա ատիկա ժողովրդավարութեա՞ն, թէ՞ բռնագրաւումին յաղթանակը պիտի ըլլայ: Արեւմտեան ժողովրդավարութիւնները ատոր նկատմամբ հակազդեցութիւն պիտի ցուցաբերե՞ն, թէ՞ պիտի շարունակեն լուռ մնալ: Ամօ՛թ անոնց բոլորին», գրեց Քալըն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին քննադատեց Նեթանիահուի յայտարարութիւնը` նշելով. «Այսրյորդանանը Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած պաղեստինեան հող է եւ միջազգային օրէնքի խախտում մը: Խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին ընտրողներու քուէները ապահովելու նպատակով Նեթանիահուի կատարած անպատասխանատու յայտարարութիւնները չեն կրնար փոխել այս իրականութիւնը, եւ զայն պիտի չփոխեն»:

 

Նախորդը

Մինչ Լարուածութիւնը Կը Բարձրանայ, Օտար Ուժերը Կը Հեռանան Լիպիայէն

Յաջորդը

Ռուանտայի Մէջ Ցեղասպանութեան 25-ամեակի Նշման Համար 100 Օրուան Սուգ Յայտարարուեցաւ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.