Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սօս Սարգսեանի Անուան Համազգային Պետական Թատրոնի Խումբը

April 6, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 5 ապրիլ 2019-ի առաւօտուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց շուրջ 15 անձերէ բաղկացած Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնի անդամները, որոնք Լիբանան կը գտնուին Համազգայինի հրաւէրով` շարք մը ներկայացումներ տալու այստեղ:

Վեհափառ հայրապետը գնահատեց թատերական մարզին մէջ խումբին տարած կարեւոր աշխատանքը եւ կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու Սօս Սարգսեանի մեծ վաստակին ու ջերմ հայրենասիրութեան: Ան ըսաւ, թէ ինք մօտէն ճանչցած է Սօս Սարգսեանը եւ անոր մէջ տեսած ո՛չ միայն մեծ արուեստագէտը, այլ նաեւ մեծ հայրենասէրը:

Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ մեր մշակութային արժէքներու պահպանման ու առաւել հարստացման հրամայականին: «Դժբախտաբար, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ նահանջ մը կայ մշակութային մարզին մէջ: Անհրաժեշտ է կասեցնել այդ նահանջը` առաջնահերթ կարեւորութիւն տալով հայ մշակոյթի վերածաղկումին: Այս ծիրին մէջ պետութեան, եկեղեցւոյ ու մեր կազմակերպութիւններուն զօրակցութիւնը կը նկատենք անհրաժեշտ», շեշտեց վեհափառ հայրապետը: Ան նաեւ ողջունելով Հայաստան-Սփիւռք տակաւ աճող գործակցութիւնը, կոչ ուղղեց նոր ծաւալ տալու այդ գործակցութեան` ընդգծելով, որ «Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը միայն պիզնեսային ներդրում պէտք չէ ըլլայ, այլ նաեւ ընդգրկէ մշակութային, հայագիտական եւ այլ մարզերը»:

 

 

Նախորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 149. «Հայաստանի Թատերական Կեանքը` Այսօր» Նիւթով Դասախօսութիւն

Յաջորդը

Անդրադարձ. «Քողարկուած» Աջակցութիւնն Ու Պարտքը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.