ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Եւրոպական խորհուրդի 70-ամեակին առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընի:
Մարմինը յայտնեց, թէ Եւրոպական Միութեան սիւներէն մէկը եղող Եւրոպական խորհուրդը 70 տարիներ առաջ կազմուած է` կառուցելու համար խաղաղ ապագայ մը եւ կեանքի կոչելու Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտը` աւելցնելով, որ խորհուրդը հետագային շուտով վերածուեցաւ խտրականութեան, անարդարութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու դէմ պայքարի ղեկավարներէն մէկը:
«Վերոնշեալները շատ կարեւոր հարցեր են մարդկութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին համար, որ ցեղասպանութեան զոհ եղած է եւ այժմ կը պայքարի հայկական պատմական հող եղող եւ անարդարօրէն Իոսիֆ Ստալինի կողմէ Հայաստանէն խլուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր ինքնորոշման իրաւունքին համար:
«Իբրեւ մարմին մը, որ կը հաւատայ միեւնոյն արժէքներուն` խաղաղութեան, արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց` Եւրոպական խորհուրդի 70-ամեակին առիթով կը շնորհաւորենք ձեզ եւ խորհուրդը», նշեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը: