Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիրի Նուիրատուներու Գնահատանքի Հաւաք

Մայիս 9, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, երեքշաբթի, 7 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ի չորս եւ չորսէ աւելի աշակերտ հովանաւորած նուիրատուներու յուշանուէրներու բաշխման հաւաք:

«Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ի պատասխանատու Սարին Շէմէմեան իր բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ սոյն ծրագիրի մեկնակէտն է զօրակցիլ նիւթական դժուարութիւն ունեցող աշակերտներուն: «Գնահատանքի նախաձեռնութիւնները բարերարներուն դերը արժեւորելէ անդին միջոց են ստեղծելու քաջալերական մթնոլորտ այլ անհատներու մօտ, որպէսզի ուրիշներ եւս միեւնոյն թափով օգտակար դառնան նշեալ ծրագիրին», հաստատեց Ս. Շէմէմեան` աւելցնելով, որ յունիս ամսուան աւարտին բոլոր բարերարները պիտի ստանան իրենց հովանաւորութիւնը վայելող աշակերտներուն շնորհակալական գծագրութիւնները եւ նամակները:

Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ յայտնեց, որ հայ դպրոցը մեր հաւաքական մտահոգութեան, տագնապին, յաջողութեան եւ տեսլականին առարկան է` աւելցնելով, որ բոլորս ալ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն առնչուած ենք հայ դպրոցին հետ: «Հայ դպրոցը հայ ընտանիքին, հայ եկեղեցւոյ եւ մեր հայկական բոլոր կառոյցներուն կողքին ունի իր անփոխարինելի տեղը եւ դերը, եւ դուք ու ձեր նման բազմաթիւ հայորդիներ Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս այս բոլորին խոր գիտակցութիւնն ու պատասխանատուութիւնը զգացիք եւ պատրաստակամօրէն լիաբուռն կերպով ընդառաջեցիք մեր կոչին ու զօրակցեցաք հայ դպրոցին», հաստատեց Նարեկ արքեպիսկոպոս` աւելցնելով, որ ասկէ մեկնելով, իբրեւ Ազգային իշխանութիւն մեր բոլոր մարմիններով անգամ մը եւս մեր յանձնառութիւնը վերանորոգեցինք միասնաբար հայ դպրոցը մեր պատկերացուցած եւ մեր ակնկալած բարձրութեան վրայ տեսնելու հրամայականը եւ այսօր անգամ մը եւս եկած ենք վերանորոգելու մեր հաւաքական նախանձախնդրութիւնը եւ գործակցութիւնը հայ դպրոցին նկատմամբ:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլորին` շեշտելով, որ ինչ որ կը կատարենք` մեր բոլորին մասնակցութեամբ կը կատարուի, եւ այդ է գրաւականը մեր յաջողութեան: Ան նկատել տուաւ, որ երբ կը մասնակցինք հայապահպանման սրբազան առաքելութեան, խորապէս կը զգանք, թէ երբ բան մը կու տանք մեր անձէն, մեր կարելիութիւններէն, մեր էութենէն` այդ տրուածը կը դրուի մեր հաւաքական գանձանակին մէջ, այս պարագային հայ կրթութեան, հայ մարդու պատրաստութեան, հայ դպրոցի գանձանակին մէջ, եւ այդ ձեւով մեր տուածը կը բազմապատկուի եւ կը ծառայէ իր նպատակին:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը կրկին անգամ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլորին հայ դպրոցը իր պայծառութեան մէջ, հայ աշակերտը իր յաջողութեան մէջ եւ մեր բոլորին հաւաքական ճիգերը մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ տեսնելու իրենց պատրաստակամութեան համար:

Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց ծրագիրի մասնակիցներուն: Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Եւրոպական Խորհուրդի 70-ամեակին Առիթով Շնորհաւորական Նամակ Մը Յղեց Եւրոպական Միութեան Դեսպանին

Յաջորդը

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի Լիակատար Նիստ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?