Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի Լիակատար Նիստ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Մայիս 9, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, չորեքշաբթի, 8 մայիս 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի նիստը:

Կրօնական ժողովին յաջորդող յիշեալ ժողովը իր օրակարգին վրայ ունէր կաթողիկոսարանի վարչական, տնտեսական ու յարաբերական բնագաւառներուն առնչուած ծրագիրներ: Յատուկ ուշադրութեամբ քննուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու վերակազմակերպումի հետ աղերս ունեցող ծրագիրներ: Քննարկումներու ծիրին մէջ կարեւոր անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռք-Հայաստան-Արցախ գործակցութեան եւ այդ շրջագիծին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դերակատարութեան: Կաթողիկոսարանի անմիջական հովանաւորութեան տակ գործող «Թռչնոց բոյն»-ի, Ազգային ծերանոցի, Ազունիէի բուժարանի խնամակալութիւններուն կողմէ տրուած զեկուցումները եւս քննարկումի նիւթ դարձան Ժողովին կողմէ: Ան նաեւ լսեց կաթողիկոսարանին մէջ գործող հայագիտական կեդրոնի, մանկավարժական դպրոցի, արեւմտահայերէնի ու կրթական ծրագիրներու շուրջ զեկուցումներ, որոնք դարձեալ քննարկուեցան ժողովին կողմէ: Քաղաքական ժողովի` թեմերը ներկայացնող անդամներ հակիրճ զեկուցումներ տուին թեմերուն առնչուած կարգ մը իրագործումներու ու հարցերու շուրջ: Յիշեալ բոլոր նիւթերը ըստ էութեան քննուեցան: Ժողովը գնահատեց կատարուած աշխատանքը, ողջունեց պատրաստուած նոր ծրագիրները եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ աշխատանքներուն:

Վեհափառ հայրապետը ժողովին թէ՛ բացման եւ թէ՛ եզրափակիչ խօսքերուն մէջ կարեւորութեամբ ընդգծեց հետեւեալ կէտերը. ա) կաթողիկոսարանը, իր Կեդրոնական վարչութեամբ եւ յարակից մարմիններով, կը ծրագրէ ու կը գործէ կաթողիկոսութեան հոգեւոր խնամքը վայելող մեր ժողովուրդին համար: բ) Կաթողիկոսարանը սոսկ վարչական կեդրոն մը չէ, այլ մեր ժողովուրդին գացող քրիստոնէական առաքելութիւն է ու ժողովրդանուէր ծառայութիւն: Ա՛յս է ու պէտք է մնայ կաթողիկոսարանին աշխատանքներուն մղիչ ուժն ու նպատակը: գ) Կաթողիկոսարան ու թեմ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն եւ այս մօտեցումով պէտք է գործեն թեմերը` գործնապէս մասնակից դառնալով կաթողիկոսարանի ծրագիրներու իրագործման եւ ընդհանրապէս առաքելութեան:

 

 

Նախորդը

Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիրի Նուիրատուներու Գնահատանքի Հաւաք

Յաջորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 152. Դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան Ներկայացուց «2019-ի Յոբելեանները Հայաստանի Մէջ» Նիւթը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?