Հալէպի մեր պաշտօնակից «Գանձասար»-ի Քեսապի աղբիւրը յայտնեց, որ երկուշաբթի, 6 մայիսի յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Քեսապի Էսկիւրան գիւղին եւ այլ ուղղութիւններով հրթիռներ արձակած են:
Երեք հրթիռներ ինկած են Էսկիւրանի շրջակայքը: Վիրաւորուած են քեսապցի երկու հայեր, որոնք անմիջապէս փոխադրուած են Լաթաքիոյ հիւանդանոց:
Վիրաւորներուն առողջական վիճակը կայուն է: