Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ղարաբաղի Հարցով Ամէնէն Կարեւորը Այն Է, Որ Պէտք Է Յստակ Ձեւակերպել, Թէ Ի՛նչ Կ՛ուզենք» Կ՛ըսէ Վարչապետ Փաշինեան

May 9, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաւիրած է իր գործունէութեան մէկ տարին ամփոփող մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է երկիրը յուզող զանազան հարցերու, միամեայ գործունէութեան, ապագայի ծրագիրներուն եւ շրջանային հարցերու:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` վարչապետ Փաշինեան ըսած է. «Երբ ժամանակին կ՛ըսէի, որ ժողովուրդը պէտք է որոշէ, թէ ո՛վ պէտք է ընտրուի վարչապետ, կը ծիծաղէին, հիմա կը ծիծաղին, երբ կ՛ըսեմ` ժողովուրդը պէտք է լուծէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցը»:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս ժողովուրդը պիտի որոշէ Արցախի տագնապի լուծման հարցը, Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով: Եթէ ես ունենամ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք այնպիսի լուծում, որ նկատեմ` ատիկա արժանի է ներկայացնել ժողովուրդին, կու գամ, կը ներկայացնեմ: Ես կարելի է` ներկայացնեմ ասուլիսով, տեսաուղերձով: Կ’ըսեմ` այսպիսի տարբերակ կայ, սիրելի՛ ժողովուրդ, հաւանական է, որ հանրաքուէ ըլլայ` դուք կ՛արտօնէ՞ք այս ծիրին մէջ  բանակցիլ»:

Վարչապետը ըսած է, որ Ղարաբաղի հարցին հետ կապուած ամէնէն կարեւոր խնդիրը այն է, որ պէտք է յստակ ձեւակերպել, թէ ի՛նչ կ՛ուզենք:

«Եկէք յստակ ձեւակերպենք եւ կառավարութեան ըսենք, գնա՛, վարչապետ, ասիկա քու խնդիրդ է: Կ՛երթանք բանակցութիւններու, կ՛ըսեն` ծախեցին հողերը: Ծախողը դուք էք, այդ ո՞վ բարոյական իրաւունք ունի, որ զիս որեւէ բան ծախելու մէջ մեղադրէ: Մարդիկ, որ երկիրը թալանած են, ծախած են, ծախելու ընթացքին մէջ եղած են, կ՛ըսեն` գնաց բանակցութիւններու, հաստատ կը ծախէ: Անոնք չունին բարոյական իրաւունք, բանակ թալանածը ընդհանրապէս իրաւունք չունի Ղարաբաղի հարցով խօսելու: Կ՛ըսենք` ժողովուրդը պիտի որոշէ, խուճապի կը մատնուին. ինչպէ՞ս ժողովուրդը պիտի որոշէ, հապա մե՞նք: Ձեր տեղը դեռ այդտեղ է, վաղը միւս օր կ’երեւայ, թէ ո՛ւր պիտի ըլլայ, նախաքննութիւնն ու դատարանը պիտի որոշէ ձեր տեղը», նշած է ան:

Անդրադառնալով Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի յայտարարութեան, թէ Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնը կը միաւորուի եւ շուտով մարտահրաւէր պիտի նետէ Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն, Փաշինեան արձագանգեց. «Ռոպերթ Քոչարեանը որո՛ւ կ՛ուզէ միանալ, թող միանայ: Հայաստանի մէջ մարդիկ կան, որոնք չեն հասկցած, թէ երկրին մէջ ի՛նչ տեղի ունեցած է եւ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ. Ռոպերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան, ուրիշ մարդիկ… նախորդ կառավարութեան որեւէ ներկայացուցիչ Հայաստանի մէջ այլեւս երբեք իշխանութիւն պիտի չըլլայ: Պիտի չըլլայ նաեւ ընդդիմութիւն` 90 եւ աւելի առ հարիւր հաւանականութեամբ:  Հանրապետական կուսակցութիւնը կասեցուած է, նոյնիսկ փակուած է ժողովուրդին կողմէ»:

Պատասխանելով լրագրողի հարցումին, թէ երէկ Արցախի մէջ ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած «Արցախ-Հայաստան ռազմավարական դաշինք» ֆորումի եւ Քոչարեանի յայտարարութեան միջեւ կապ կը տեսնէ՞, վարչապետ Փաշինեան արձագանգեց. «Դաշնակցութիւնը աւանդական կուսակցութիւն է: Ես յարգանքով կը վերաբերիմ Դաշնակցութեան նկատմամբ»:

Անդրադառնալով Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները, ըստ էութեան, 7 մայիսին սկսան նոր չափանիշով` աշխատանք, որ կը կոչուի հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութիւն:

«Մենք իւրաքանչիւր յարաբերութիւններու մէջ կ՛ակնկալենք, որ մեր յարաբերութիւնները պէտք է համապատասխանեն Հայաստանի Հանրապետութեան նոր կարգավիճակին, իսկ մենք այսօր նոր կարգավիճակ ունինք», ըսած է վարչապետը:

 

 

Նախորդը

«Բոլորս Ալ Համաձայնած Ենք Ուժի Կիրարկման Կամ Կիրարկման Սպառնալիքի Բացառման, Տարածքային Ամբողջականութեան, Ժողովուրդներու Ինքնորոշման Սկզբունքին Շուրջ» Կ՛ըսէ Քենթ

Յաջորդը

Արցախեան Հերոսամարտի Մասնակից, Դաշնակցական Գործիչ Կամօ Մարտիրոսեան Յետմահու Պարգեւատրուած Է Մարտական Խաչ 2-րդ Աստիճանի Շքանշանով

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.