Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանութեան Երեք Պետերը Համաձայն Գտնուեցան Կեդրոնական Դրամատան Անկախութեան

May 8, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեդրոնական դրամատան պաշտօնէութեան սենտիքային կողմէ անցեալ ուրբաթ` 3 մայիսին յայտարարուած գործադուլին եւ երկրին ելեւմտական ու դրամատնային մարզերուն սառեցումին լոյսին տակ, նախանցեալ օր ուշ գիշերին տեղի ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերու հանդիպում:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ երեկոյեան ժամը 9:30-ին հիւրընկալեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրին:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ այս փուլին ընթացքին յաւելեալ միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան կացութեան վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցող տնտեսական ծրագիր մը մշակելուն կարեւորութիւնը:

Անոնք հաստատեցին նաեւ 2019-ի պետական ամավարկը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին` ե՛ւ կառավարութեան, ե՛ւ խորհրդարանին կողմէ վաւերացնելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանան տնտեսական լուրջ տագնապի մէջ է, սակայն երկիրը սնանկացումի սեմին չի գտնուիր:

Ան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը իր վաւերացնելիք պետական ամավարկով կ՛ուղղուի դէպի լիբանանեան պետութեան հարցերու բնականոնացում:

Հարիրի հաստատեց, որ բարեկարգումներէն եւ փոփոխութիւններէն պէտք չէ վախնալ, այլ` պէտք է ընդունիլ զանոնք:

Ան խոստացաւ, որ Կեդրոնական դրամատան հարցերը շուտով պիտի լուծուին` ընդգծելով, որ իշխանութեան երեք պետերը յանձնառու կը մնան Կեդրոնական դրամատան անկախութեան:

Վարչապետ Հարիրի իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ ոչ մէկ ձեւով համեստ դասակարգին վրայ յաւելեալ տուրք պիտի պարտադրուի:

Երկուշաբթի օրուան իշխանութեան պետերուն հանդիպումին լոյսին տակ, երէկ առաւօտեան Կեդրոնական դրամատան պաշտօնէութեան սենտիքան գումարեց ընդհանուր նիստ մը, որուն ընթացքին որոշեց իր յայտարարած գործադուլը երեք օրով դադրեցնել` մինչեւ ուրբաթ, 10 մայիս 2019, նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը իրենց նկատմամբ դրական քայլերու դիմած է:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութեան Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Քեսապի Էսկիւրան Գիւղը Հրթիռակոծուեցաւ

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.