Newsletter

Հրապարակուած Է «Հայաստան – Արցախ  Ռազմավարական Դաշինք» Ֆորումի Հռչակագիրը

Հրապարակուած Է «Հայաստան – Արցախ Ռազմավարական Դաշինք» Ֆորումի Հռչակագիրը

11 մայիսին  հայերէնով, ռուսերէնով, ֆրանսերէնով,  սպաներէնով եւ անգլերէնով հրապարակուած է մայիս 7-ին Ստեփանակերտի մէջ գումարուած «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումի հռչակագիրը` Ֆորումի կայքին մէջ` artsakhforum.am: Ստորեւ կու տանք հռչակագիրին բնագիրը. Հռչակագիր - Հիմք ընդունելով Հայաստանի անկախութեան մասին 1990 թուականի օգոստոսի 23-ի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին 1991 թուականի սեպտեմբերի 2-ի հռչակագրերը եւ արձանագրելով Արցախի ինքնիշխանութեան հռչակման ու դրան յաջորդած գործընթացի օրինականութիւնն...

Նիկոլ Փաշինեան. «Լեռնային Ղարաբաղի  Հիմնախնդիրի Լուծման Բեմագրութիւնը Պէտք Է Ընդունելի Ըլլայ Հայաստանի, Արցախի  Եւ Ազրպէյճանի Ժողովուրդներուն Համար»

Նիկոլ Փաշինեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Լուծման Բեմագրութիւնը Պէտք Է Ընդունելի Ըլլայ Հայաստանի, Արցախի Եւ Ազրպէյճանի Ժողովուրդներուն Համար»

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձ մը յղած  է ղարաբաղեան տագնապի հրադադարի հաստատման 25-ամեակին առիթով: Ան ըսած է, թէ hրադադարի մասին գրաւոր համաձայնութիւնը ուժի մէջ մտած է 12 մայիս 1994-ի կէս գիշերին, եւ այդ տարիներուն ընթացքին հայկական կողմերը մշտապէս հաւատարիմ եղած են եւ պիտի շարունակեն հաւատարիմ մնալ այդ կարեւորագոյն համաձայնագիրի իրականացման: Քառորդ դար անցած է այդ պահէն, որուն ընթացքին հրադադարը...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «2016-ին Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ձեռք Բերուած Պայմանաւորուածութիւնները Պէտք Է Կեանքի Կոչուին»

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «2016-ին Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ձեռք Բերուած Պայմանաւորուածութիւնները Պէտք Է Կեանքի Կոչուին»

Հայաստանի արտաքին գորոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Լեռնային Ղարաբաղի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուած հրադադարի մասին համաձայնագիրի 25-ամեակին առիթով: Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 5 մայիս 1994-ին Արցախի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի խորհրդարաններու ղեկավարներուն միջեւ ստորագրուած Պիշքեքեան արձանագրութիւնը ճանապարհ հարթած է ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ անոր յաջորդած 1994 եւ 1995 թուականներու հրադադարի եռակողմ համաձայնագիրներու կնքման համար: Յայտարարութեամբ հրադադարի հաստատման 25-ամեակին առիթով...

Լիբանանեան Ազգային Հաշտութեան  Եւ Համերաշխութեան Պատրիարքը Վախճանեցաւ

Լիբանանեան Ազգային Հաշտութեան Եւ Համերաշխութեան Պատրիարքը Վախճանեցաւ

Մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք  Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը երէկ առաւօտեան ժամը 3:00-ին վախճանեցաւ: Ամբողջ դար մը ապրած Սֆէյր պատրիարքին վախճանումին լուրը երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին մնաց տիրական` Պքերքէն դարձնելով ցաւակցութեան կեդրոն մը, իսկ լրատուամիջոցներն ու ընկերային ցանցերը վերածելով ցաւակցութիւն յայտնելու եւ 99-ամեայ վախճանեալ պատրիարքին մասին վկայութիւններ արձանագրելու միջոցներու: Վարչապետին որոշումով երկօրեայ պաշտօնական սուգի օրեր յայտարարուեցան չորեքշաբթի, 15 եւ հինգշաբթի, 16 մայիսը:...

Յ. Բագրատունի. «ՀՅԴ-ն Նախագահ Աունի Դաշնակից  Միակ Ուժն Է: Իսկ Նախագահ Աուն Իր Կեցուածքները  Չէ Փոխած, Ինչպէս Նաեւ Դաշնակցութիւնը»

Յ. Բագրատունի. «ՀՅԴ-ն Նախագահ Աունի Դաշնակից Միակ Ուժն Է: Իսկ Նախագահ Աուն Իր Կեցուածքները Չէ Փոխած, Ինչպէս Նաեւ Դաշնակցութիւնը»

Պասիլ. «Այնճարը Այսօր Կը Մարմնաւորէ Այն Դարպասը, Որ Կ՛առաջնորդէ Դէպի Սուրիոյ Վերակառուցում» ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ինչպէս նաեւ Այնճարի հոգեւորական, մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային հեղինակութիւնները, շաբաթ կէսօրէ ետք «Սարգիս Զէյթլեան» Ժողովրդային տան մէջ ընդունեցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որուն ընկերակցեցան...

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու  Համաեւրոպական Խորհրդաժողովով` Աթէնքի Մէջ

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու Համաեւրոպական Խորհրդաժողովով` Աթէնքի Մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպութեամբ եւ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան հիւրընկալութեամբ, 10-էն 12 մայիս, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու համաեւրոպական խորհրդաժողովը: 10 մայիսին Եւրոպայի տարբեր երկիրներէն աւելի քան 30 դաշնակցական երիտասարդներ հասան Աթէնք: Ժողովին մասնակցեցան ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու անդամներ` Հայաստանէն, Արցախէն, Անգլիայէն, Պելճիքայէն, Հոլանտայէն, Շուէտէն, Ֆրանսայէն եւ Յունաստանէն: Խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ Յունաստանի Աթէնք քաղաքի ՀՅԴ «Զաւարեան»...

Շուշիի Ազատագրութեան  27-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Շուշիի Ազատագրութեան 27-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Երէկ` կիրակի, 12 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ռաուտայի դաշտին վրայ ոգեկոչուեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 27-ամեակը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին: Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղէն Ժիրայր Քէլէշեան, որ դիտել տուաւ, թէ Շուշիի ազատագրումը մեզի կը փոխանցէ այն խորհուրդը, որ միացեալ պայքարով կարելի է հասնիլ յաղթանակի: Ան անդրադարձաւ Շուշիի ազատագրութեան կարեւորութեան, որովհետեւ անոր ճամբով է, որ Ազրպէյճան կը ռմբակոծէր Ստեփանակերտը` աւելցնելով,...

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Ա. Համագումարը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Ա. Համագումարը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

Շաբաթ, 11 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Աթէնքի մէջ երկօրեայ իր աշխատանքները աւարտեց ՀՄԸՄ-ի պատմութեան առաջին երիտասարդական համագումարը, որուն մասնակցեցան միութեան 17 շրջաններէն 39 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, շրջաններէ վարչական ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ Յունաստանի Շրջանային վարչութեան հիւրընկալութեամբ իրագործուած այս համագումարը առաջին օրը` ուրբաթ, 10 մայիսին, զեկուցումներու լոյսին տակ քննեց երեք նիւթեր. -...

«Եթէ Ամերիկան Մեզի Դէմ Քայլի Դիմէ,  Ապա Գլուխէն Պիտի Հարուածենք»  Կ՛ըսէ Զօր. Սալամի

«Եթէ Ամերիկան Մեզի Դէմ Քայլի Դիմէ, Ապա Գլուխէն Պիտի Հարուածենք» Կ՛ըսէ Զօր. Սալամի

Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Սալամի շեշտեց. «Եթէ Միացեալ Նահանգներ քայլի դիմեն, զանոնք գլուխէն պիտի հարուածենք»: Ան իրանեան խորհրդարանին մէջ դռնփակ լսումի մը ընթացքին յայտնեց. «Ծոցին մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը միշտ ալ վտանգաւոր սպառնալիք եղած է, իսկ այժմ վերածուած է առիթի»: «Ամերիկայի կողմէ Իրանի դէմ պատերազմի շղթայազերծումը անկարելի է», ըսաւ ան: Իրանի խորհրդարանը երէկ դռնփակ նիստ մը գումարեց` քննարկելու...

Իտալիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ճուլիօ Չենթեմերօ Այցելեց «Ազդակ»

Իտալիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ճուլիօ Չենթեմերօ Այցելեց «Ազդակ»

Իտալիոյ խորհրդարանի անդամ  Ճուլիօ Չենթեմերօ, ընկերակցութեամբ իր տիկնոջ՝ Սարին Օհանեան-Չենթեմերոյի, շաբաթ, 11 մայիսի կէսօրին այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեանին հետ։ Ճյուլիօ Չենթեմերօ համահեղինակ է Իտալիոյ խորհրդարանի քուէարկած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերահաստատման եւ առ ի որդեգրում կառավարութիւն յղուած բանաձեւին։ Խորհրդակցութիւնները կը վերաբերէին բանաձեւի քուէարկութեան, Իտալիա-Հայաստան միջպետական յարաբերութիւններուն, Երեւան-Պրիւքսէլ համագործակցութեան համաձայնագիրի...

Ակնարկ.  Գործընկերներու  Հրապարակային Խօսակցութիւնը

Ակնարկ. Գործընկերներու Հրապարակային Խօսակցութիւնը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին պահանջը  իր ռուս գործընկերէն` դադրեցնելու սուրիական Իտլիպ շրջանին վրայ յարձակումները, ուշագրաւ իրողութիւններու մասին ընդգծումներ կը կատարէ. մանաւանդ, որ ռուսական կողմը պատասխանած է, թէ յարձակումները դադրած են պահանջին պաշտօնական յղումէն մէկ օր առաջ արդէն: Այս ամփոփ տեղեկութիւնը դուռ կը բանայ կարեւոր մեկնաբանութիւններու: Ամէն բանէ առաջ ռուսական գործողութիւններու կամ սահմանափակ ժամկէտով համաձայնութեան կամ ինքնուրոյն ըլլալու հաւանականութեան վրայ կը...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Սփիւռքի Փոխնախարարին Հետ

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Սփիւռքի Փոխնախարարին Հետ

10 մայիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի հետ` անոր խնդրանքով: Հանդիպումին մասնակցած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ Արծուիկ Մինասեան, Լիլիթ Գալստեան եւ ՀՅԴ Մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու գրասենեակի պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան: ՀՅԴ ներկայացուցիչները իրենց ափսոսանքն ու սկզբունքային անհամաձայնութիւնը յայտնած են կառավարութեան նոր կառուցուածքին առնչութեամբ` դարձեալ շեշտելով...

«Ահազանգ»-ը Համահարթեցումը Մերժող  Դրամապանակներ «Նուիրեց» Կառավարութեան

«Ահազանգ»-ը Համահարթեցումը Մերժող Դրամապանակներ «Նուիրեց» Կառավարութեան

«Համահարթեցում չի լինելու» վանկարկումներով եւ համահարթեցման քաղաքականութիւնը մերժող պաստառներ պարզած` ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան (ՀԵՄ) «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները 10 մայիսին կառավարութեան շէնքին առջեւ բողոքի ցոյց կատարած են: Նախաձեռնութեան անդամներէն Արգիշտի Գէորգեան, որ նաեւ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահն է, ներկայացնելով իրենց հիմնական պահանջը, նշած է, որ կառավարութիւնը Ազգային ժողովէն պէտք է յետս կոչէ Հարկային նոր օրէնսգիրքի փաթեթը, որ հասարակութիւնը առաւել բեւեռացումի...

Իրանահայ Համայնքի Պատասխանատուները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Իրանահայ Համայնքի Պատասխանատուները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը իրանահայ համայնքի պատասխանատուներէն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Իրանի թեմական խորհուրդներու մօտ Կեդրոնական վարչութեան կապ Թովմաս Թովմասեանի, Սպահանի հայոց թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մինասեանի եւ Սպահանի հայոց թեմի կրօնական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մովսիսեանի: Հանդիպումին իրանահայ ազգայինները զեկուցեցին համայնքի աշխատանքներուն, երկրի պայմաններուն...

ՀՅԴ «Ռուբէն» Կոմիտէ.  Արցախեան Շարժման 31-ամեակին  Նուիրուած Ձեռնարկ

ՀՅԴ «Ռուբէն» Կոմիտէ. Արցախեան Շարժման 31-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Երէկ` ուրբաթ, 10 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան շարժման 31-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին: Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու հարցերու յանձնախումբի պատասխանատու գնդապետ Արտաշէս Մխիթարեան: Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ «Մշակ բանուոր» քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անժելա Տաղլեան: Ան ըսաւ, թէ Շուշիի ազատագրութեան 27-ամեակին...

Արցախի Նախագահն Ու  Հայաստանի Վարչապետը  Յարգեցին Արցախեան Ազատամարտի  Նահատակներու Յիշատակը

Արցախի Նախագահն Ու Հայաստանի Վարչապետը Յարգեցին Արցախեան Ազատամարտի Նահատակներու Յիշատակը

Յաղթանակի տօնին, պաշտպանութեան բանակին եւ Շուշիի ազատագրութեան 27-րդ տարեդարձի տօնական նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, մայիս 9-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արցախի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի, Հայաստանի եւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղած Մեծ Հայրենական պատերազմին զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին...

Արմէն Սարգսեան. «Արցախեան Պատերազմին  Եւ Անոր Փառապսակը Հանդիսացող Շուշիի Ազատագրման  Ժամանակ Յաղթեց Հայաստանի, Արցախի  Եւ Սփիւռքի Մեր Միասնական Ուժը»

Արմէն Սարգսեան. «Արցախեան Պատերազմին Եւ Անոր Փառապսակը Հանդիսացող Շուշիի Ազատագրման Ժամանակ Յաղթեց Հայաստանի, Արցախի Եւ Սփիւռքի Մեր Միասնական Ուժը»

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը յղած է մայիսեան Եռատօնին առիթով: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Ջերմօրէն շնորհաւորում եմ յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին, Շուշիի ազատագրման օրուայ առթիւ: Շնորհաւորում եմ Հայրենական եւ Արցախեան պատերազմների բոլոր վեթերաններին, երկրապահին ու ազատամարտիկին, զինուորին ու սպային, մեր ողջ ժողովրդին, Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր քաղաքացիներին, ովքեր անհրաժեշտ պահի միասին դառնում են հայրենիքի պաշտպան: Շնորհաւորում եմ սփիւռքի մեր...

Նիկոլ Փաշինեան. «Շուշիի Ազատագրումը  Մեր Պատմութեան Ամենահերոսական  Եւ Փայլուն Էջերից Է»

Նիկոլ Փաշինեան. «Շուշիի Ազատագրումը Մեր Պատմութեան Ամենահերոսական Եւ Փայլուն Էջերից Է»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առիթով: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Սրտանց շնորհաւորում եմ բոլորիս Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առթիւ: «Սա մի տօն է, որն ամէնուրեք ոգեկոչւում է խանդավառութեամբ, սիրով եւ յարգանքով, տօն, որը խորհրդանշում է Հայրենական մեծ պատերազմի աւարտը եւ  մարդկութեան պատմութեան նոր դարաշրջանի մեկնարկը: Ի՞նչ է Հայրենական մեծ պատերազմը, եթէ ոչ սխրագործութիւնների, քաջագործութիւնների,...

Բակօ Սահակեան. «Շուշիի Ազատագրումը  Եւ Արցախի Բանակի Ստեղծումը Հայ Ժողովուրդի  Միասնական Ուժի, Ազատատենչ Ոգու  Եւ Անկոտրում Կամքի Յաղթանակն Էր»

Բակօ Սահակեան. «Շուշիի Ազատագրումը Եւ Արցախի Բանակի Ստեղծումը Հայ Ժողովուրդի Միասնական Ուժի, Ազատատենչ Ոգու Եւ Անկոտրում Կամքի Յաղթանակն Էր»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան մայիս 9-ին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Յաղթանակի տօնին, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին եւ Շուշիի ազատագրութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով: Ուղերձին մէջ նշուած է. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Հայրենական մեծ պատերազմի եւ արցախեան ազատամարտի թանկագի՛ն վեթերաններ, Պաշտպանութեան բանակի յարգարժա՛ն զօրավարներ, սպաներ, զինուորներ, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնների եւ անձամբ իմ անունից ի սրտէ շնորհաւորում եմ ձեզ Յաղթանակի տօնի, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան...

Ծաղիկներ` Շուշիի Ազատագրութեան  Համար Նահատակուած  Հայորդիներուն Շիրիմներուն

Ծաղիկներ` Շուշիի Ազատագրութեան Համար Նահատակուած Հայորդիներուն Շիրիմներուն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի այլ պատասխանատուներ 9 մայիսին այցելած են Եռաբլուր զինուորական պանթէոն, ուր ծաղիկներ զետեղած են Շուշիի ազատագրութեան համար նահատակուած Հայաստանի ու Արցախի հայորդիներու շիրիմներուն վրայ: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան  ըսած է. «Շուշիի ազատագրումով մենք ապացուցեցինք, որ եթէ ըլլանք միասնական, համախմբուած, ապա անկարելին կարելի կը դարձնենք: Փա՛ռք մեր տղաներուն, որոնք...

Page 231 of 256 1 … 230 231 232 … 256