
Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն կը տեղեկացնեն, որ Սպանիոյ Սորիա շրջանի քաղաքապետարանը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Քաղաքային նիստի բոլոր 4 կուսակցութիւնները միաձայնութեամբ ընդունեցին «Արարատ» հայկական միութեան ներկայացուցած միջնորդագիրը», նշուած է դեսպանատան Դիմատետրի էջին վրայ: