Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Լսարան Թիւ 152. Դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան Ներկայացուց «2019-ի Յոբելեանները Հայաստանի Մէջ» Նիւթը

May 9, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 8 մայիս 2019-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան ներկայացուց «2019-ի յոբելեանները Հայաստանի մէջ (Թումանեանի, Կոմիտասի, Շանթի եւ Օտեանի 150-ամեակ, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Գէորգ Էմինի 100-ամեակ)»  նիւթը: Ձեռնարկը կազմակերպած էր «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը` համագործակցութեամբ Համազգայինի Գիր ու գրականութեան մասնաճիւղին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմէն Տօնիկ Տօնապետեան: Ան խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան Լիբանան եկած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով` ուսումնասիրելու համար Նիկոլ Աղբալեանի արխիւը, որուն հիմամբ պիտի ամբողջանան եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային կողմէ Երեւանի մէջ պիտի հրատարակուին Աղբալեանի երկերը:

Ան ըսաւ, թէ Վարդան Դեւրիկեան ծնած է 1964-ին, Վանաձոր: Ան լրագրող է, գրականագէտ, Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի սպայ (1994), բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն:

Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը (1986): 1989-1993-ին «Գթութիւն» բարեգործական կազմակերպութեան «Լուսաւորիչ» թերթի խմբագիրի տեղակալ, ապա` խմբագիր, 1990-էն` միաժամանակ Մատենադարանի գիտաշխատող եղած է, 1993-էն` նաեւ «էջմիածին» ամսագիրի խմբագիրի տեղակալ, 2001-էն` գլխաւոր խմբագիր: 1988-1994-ին պարբերաբար եղած է «Հայ զինուոր» եւ «Երկիր» թերթերու յատուկ թղթակից Արցախի մէջ: Պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Մարտական խաչ 2-րդ աստիճանի շքանշանով:

Դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան հեղինակ է 24 գիրքի եւ 40-է աւելի գիտական յօդուածներու:

Դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան խօսքին սկիզբը շնորհաւորեց Շուշիի ազատագրման տօնը, որ նոր իմաստ տուաւ հայութեան կեանքին, ապա իր հեղինակած «Չսկսուած եւ չաւարտուած պատերազմը» գիրքը յանձնեց «Ազդակ»-ի խմբագրութեան` յանձին գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին:

Անցնելով նիւթին ան ըսաւ, թէ 19 փետրուարին լրացաւ Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը. մեր ժողովուրդը կրցաւ լաւագոյն ձեւով կազմակերպել Թումանեանի նուիրուած ձեռնարկը, որուն ներկայ էր վարչապետն ալ: Իսկ յաջորդ օրը` 20 փետրուարը Սիլվա Կապուտիկեանի 100-ամեակն էր. այդ առիթով այցելութիւն կազմակերպուեցաւ պանթէոն:

Ան նշեց, որ 29-30 մայիս Լեւոն Շանթի նուիրուած գիտաժողով տեղի պիտի ունենայ. 26 սեպտեմբերին պիտի նշուի Կոմիտասի 150-ամեակը, իսկ 30 սեպտեմբերին` Գէորգ Էմինի 100-ամեակը:

Դոկտ. Դեւրիկեան անդրադարձաւ, թէ իւրաքանչիւր յոբելեանի հետ կապուած ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ մշակութային գիտական առումով: Ան ըսաւ, թէ մեծագոյն ընդգրկումը ունեցաւ Թումանեանը: Թումանեանի եւ Կոմիտասի տօները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մակարդակով կը նշուին: Անոնք ներառուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի տօներուն մէջ: Բաւական տքնաջան աշխատանք կատարուած են Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի, Գրականութեան հիմնարկի եւ մշակոյթի նախարարութեան հաստատութիւններուն միջոցով, որպէսզի նշումները համամարդկային հնչեղութիւն ունենան:

Ան ըսաւ. «Մենք մեծ աշխատանքով ցոյց տուինք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին, որ Թումանեան եւ Կոմիտաս համամարդկային արժէքներ են: Եւ այսպէս կանաչ լոյս բացուեցաւ, որ անոնց համար միջազգային երկու ձեռնարկներ կազմակերպուին»:

Դեւրիկեան նշեց, որ Թիֆլիսի մէջ մեծ ձեռնարկ տեղի ունեցած է Թումանեանի նուիրուած, եւ վրացիներուն մօտ զգալի եղած է Թումանեանի նկատմամբ մեծ սէրը: Ան ըսաւ, որ յոբելեանին առիթով Թումանեանի տուն թանգարանին հետ միասին  նախաձեռնեցինք Թումանեանի ակադեմական նոր վերահրատարակութեան` նոր վերախմբագրումով եւ յաւելումներով: Արդէն երեք հատորը լոյս տեսած է, եւ մեծ արձագանգներ եղած են տպագրուած հատորներուն մասին:

Ինչ կը վերաբերի Կոմիտասին, Դեւրիկեան ըսաւ, որ Կոմիտասի հանդիսութիւններով արուեստի հիմնարկը կը զբաղի, որովհետեւ անիկա երաժշտագիտութեան եւ արուեստագիտութեան հետ կապուած է: Կոմիտասի գործերը պարփակող արժէքաւոր ժողովածու մը հրատարակուելու վրայ է: Ապա աւելցուց. «Արուեստի հիմնարկի տնօրէնը բաւական մեծ աշխատանք կատարած է, որ կարծեմ սփիւռքին ալ կը հետաքրքրէ. ան հաւաքած է համապատասխան վերլուծութիւններով Կոմիտասի կերպարը արուեստին մէջ, այսինքն` Կոմիտասը պատկերող նկարները եւ քանդակները 1920-ական թուականներէն մինչեւ մեր օրերը: Այս ալպոմին մէջ Կոմիտասը տարբեր տեսանկիւններէն սպառիչ ձեւով ներկայացուած պիտի ըլլայ»:

Ինչ կը վերաբերի Լեւոն Շանթին, դոկտ. Դեւրիկեան ըսաւ, թէ անցեալ տարի գրականութեան հիմնարկը ստանձնեց Շանթի 9 հատորներու ակադեմական վերահրատարակութիւնը: Շանթի հմայքը մինչեւ այսօր դեռ պահուած է. մայիսին տեղի ունենալիք գիտաժողովին տարբեր զեկուցումներով Շանթի ստեղծագործութիւնները պէտք է ամբողջութեան մէջ ներկայացուին:

Ան ըսաւ, որ Օտեանը մեր քով քիչ մը մոռացութեան մատնուած էր, որովհետեւ երգիծանքը միշտ ժամանակին հետ կ՛առնչուի: Օտեանը աւելի շատ կապուած է «Ընկեր Փանջունի»-ի հետ:

Ինչ կը վերաբերի Սիլվա Կապուտիկեանին` ան ըսաւ, թէ Կապուտիկեանը ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ Ռուսիոյ մէջ մեծ ժողովրդականութիւն ունի: Բնական է, որ այնտեղ ալ տեղի ունենայ իր յոբելեանը:

Խօսքի աւարտին ան ըսաւ, որ գալիք տարի պիտի նշուին հայր Ղեւոնդ Ալիշանի եւ Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 200-ամեակները: Այս առիթով ուժերը պիտի կեդրոնացուին այս երկու նուիրական տօները կազմակերպելու:

Նախորդը

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի Լիակատար Նիստ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Հաւանաբար Ուրբաթ Օր Աւարտէ Պետական Ամավարկի Քննարկումն Ու Վաւերացումը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.