Newsletter

Վարչապետ Փաշինեան Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ունեցան Հեռաձայնային Զրոյց

Վարչապետ Փաշինեան Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ունեցան Հեռաձայնային Զրոյց

Հայաստանի պաշտօնական լրահոսը հաղորդեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց  ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Լրատուութիւնը հիմնուած էր վարչապետին դիմատետրեան գրառումին վրայ, ուր բառացիօրէն կ՛ըսուէր. «Նրան ներկայացրի Հայաստանում ընթացող գործընթացները` արձանագրելով, որ տեղի են ունենում ժողովրդի, այսինքն` սահմանադրական իշխանութեան ամրապնդման` մասնաւորապէս անկախ եւ անաչառ դատարան ունենալուն ուղղուած գործընթացներ, որոնց էութեան եւ բովանդակութեան մասին...

Հայաստանի Ներքաղաքական Լարուածութիւնը Բարձր Նշաձող Կ՛արձանագրէ

Հայաստանի Ներքաղաքական Լարուածութիւնը Բարձր Նշաձող Կ՛արձանագրէ

Վարչապետը Կոչ Ուղղեց Արգելակելու Դատական Համակարգը Համատարած Դատապարտում`  Հրանդ Մարգարեանի Դէմ Կատարուած  Յարձակումին Շաբաթավերջը բաւական թէժ էր հայաստանեան ներքաղաքական իրադարձութիւններուն առումով: Նախապէս ալ արդէն Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դատավարութեան հոլովոյթը հասարակական մեծ լարուածութիւն ստեղծած էր, բայց շաբաթ օր Երեւանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութիւններու դատարանի վճիռը` Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու գծով, աւելի եւս շիկացուց մթնոլորտը: Այդ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զաւարեան  Ուսանողական Միութեան Անդամները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Անդամները

Շաբաթ, 18 մայիս 2019-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները, որոնք եկած էին կաթողիկոսին հայրական խօսքերը ունկնդրելու եւ իր օրհնութիւնը ստանալու: Հանդիպման սկիզբը խօսք առնելով, միութեան վարչութեան ատենապետ Մհեր Գաւլաքեան  շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառին, որ ընդառաջելով իրենց փափաքին` առիթ ընծայեց այցելելու Անթիլիասի մայրավանք, լսելու իր հայրական յորդորները եւ վերանորոգուելու իրենց ազգային առաքելութեան մէջ: Ապա ան...

ՀՅԴ Մամլոյ Եւ Տեղեկատուական Այլ Միջոցներու Ու Հանրային Կապերու Պատասխանատուներու Խորհրդաժողովի Հաղորդագրութիւնը

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, Լիբանանի ամբողջ կառոյցին եւ համակիր զանգուածին անունով խստօրէն կը դատապարտէ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի տասնինը տարիներու նախկին ներկայացուցիչ, արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ իր անուրանալի ներդրումը բերած Հրանդ Մարգարեանի դէմ 18 մայիսին Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած յարձակումը: Դաշնակցական նուիրեալ գործիչ ընկեր Հրանդ Մարգարեանի դէմ ուղղուած հակադաշնակցական լուտանքները սոսկ անհատին դէմ ուղղուած չեն, այլ` համահայկական մեր ամբողջ կազմակերպութեան,...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

  Հրապարակուեց Երեւանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջանների ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշումը Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի հարցով: Հակառակ դատարանի նկատմամբ բացայայտ եւ դատապարտելի ճնշումների, վերջին օրերին ահագնացող հանրային լարուածութեանն ու անհանդուրժողականութեան մթնոլորտի ուղղորդուող շիկացմանը, ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, հիմք ընդունելով Արցախի Հանրապետութեան գործող նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արցախի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեանի միջնորդութիւնը, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Ընդամէնը մէկ օր առաջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հանդէս եկաւ քաղաքական յայտարարութեամբ` արձանագրելով, որ վերջին շրջանում ահագնացած ատելութեան խօսքը, փողոցային արդարադատութեան մերժելի դրսեւորումները, հանրութեանը բաժանարարներով թշնամացնելն ու երկրում անհանդուրժողականութեան մթնոլորտի շիկացումը խաթարում են Հայաստանում ժողովրդավարական եւ պետական հաստատութիւնների կայացմանը եւ լրջագոյն սպառնալիք են երկրի առջեւ ծառացած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրների լուծմանը: Այն համոզումն ունէինք, որ երկրի քաղաքական իշխանութիւնը եւ յատկապէս...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Հրաչ Մուրատեանի  Սպանութեան Հարցով Քննութիւնը Վերսկսած Է»

Սաղաթէլեան. «Ասիկա Ուղղորդուող Վիրաւորանք Է Դաշնակցութեան Ամբողջ Ընտանիքին»

Ռոպերթ Քոչարեանի ազատ արձակման դէմ բողոքող ցուցարարներուն կողմէ Ազատութեան հրապարակին վրայ ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի վրայ կատարուած յարձակումի լոյսին տակ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը Դիմատետրի իր էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարած է. «ՀՅԴ Բիւրոյի տարիներու ներկայացուցիչ, արցախեան ազատամարտին անուրանալի ներդրում ունեցած Հրանդ Մարգարեանն ու իր մանկահասակ թոռները այսօր Ազատութեան հրապարակին վրայ յարձակման ենթարկուեցան խուռներամ ու...

Փաշինեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Դատարաններուն  Մուտքերն Ու Ելքերը Փակելու

Փաշինեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Դատարաններուն Մուտքերն Ու Ելքերը Փակելու

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած գրառումով կոչ ուղղեց այսօր, 20 մայիսին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ փակելու հանրապետութեան, առանց բացառութեան բոլոր դատարաններուն ելքերն ու մուտքերը, որպէսզի ոչ ոք կարենայ մտնել: Ան յայտնեց, որ կէսօրուան ժամը 12:00-ին ուղղակի խօսք պիտի արտասանէ եւ պիտի յայտարարէ հայկական յեղափոխութեան երկրորդ, ամէնէն կարեւոր փուլի մեկնարկը: Աւելի կանուխ ան գրած էր,...

Արմէն Սարգսեան. «Արցախեան Պատերազմին  Եւ Անոր Փառապսակը Հանդիսացող Շուշիի Ազատագրման  Ժամանակ Յաղթեց Հայաստանի, Արցախի  Եւ Սփիւռքի Մեր Միասնական Ուժը»

Նախագահ Սարգսեան. «Կը Յորդորեմ, Որ Սթափութիւնը Եւ Հանդուրժողականութիւնը Գերակայ Ըլլան»

Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստանէն դուրս գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հետեւեալ յայտարարութիւնը հրապարակեց` վարչապետ Փաշինեանի կոչի վերաբերեալ: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, «Ոչ ոք պէտք է երկմտանք ունենայ` Հայաստանի մէջ թէ անկէ դուրս, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարական գործընթացները անշրջելի են: Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ, իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին: Հետեւաբար, Հայաստանի իշխանութեան ճիւղերը` օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական, պէտք է արտացոլացնեն Հայաստանի ժողովուրդին հաւաքական կամքը եւ...

Ռոպերթ Քոչարեան Ազատ Արձակուեցաւ

Ռոպերթ Քոչարեան Ազատ Արձակուեցաւ

18 մայիսին Երեւանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ հրապարակուեցաւ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու որոշումը, եւ Քոչարեան ազատ արձակուեցաւ կալանքէն` նկատի ունենալով Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի երաշխաւորութիւնը: Դատարանին բակին մէջ հաւաքուած էին այս որոշումին դէմ եղողներ, որոնք նոյն օրը քայլարշաւ-ցոյց կատարեցին Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն մէջ, փակեցին Միասնիկեան...

Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդը  Կոչ Ուղղեց Դատաւորներուն`  Ծայրայեղ Զսպուածութիւն Դրսեւորելու

Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Դատաւորներուն` Ծայրայեղ Զսպուածութիւն Դրսեւորելու

Դատարաններուն մուտքերը փակելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութենէն ետք Բարձրագոյն դատական խորհուրդը ժամը 21.30-ին հրաւիրած է արտակարգ նիստի, որուն ընթացքին քննարկած է դատարաններուն շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Խորհուրդը դիտել տուած է, որ Հայաստանի վարչապետին մօտ արդէն իսկ նախապէս ճշդուած է խորհրդակցութիւն 20 մայիսի ժամը 12:00-ին` նուիրուած դատաիրաւական բարեփոխումներու հիմնախնդիրներուն: Երէկուան իր գումարած նիստէն ետք Բարձրագոյն դատական խորհուրդը հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը....

Նիկոլ Փաշինեանի Յայտարարութեան  Վերաբերող Արձագանգներ

Նիկոլ Փաշինեանի Յայտարարութեան Վերաբերող Արձագանգներ

Երէկ երեկոյեան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կատարած գրառումը եւ ժողովուրդին ուղղուած կոչը` դատարաններուն դռները փակելու, հակազդեցութեան մեծ ալիք յառաջացուց: Ստորեւ կը ներկայացնենք անոնց ամփոփումը: - Հայաստանի Հանրապետութեան փաստաբաններու պալատի խորհուրդը այս առնչութեամբ իր անհանգստութիւնը յայտնած է եւ դիտել տուած, որ նման քայլով կը խախտին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան, միջազգային համաձայնագիրներուն եւ օրէնքներուն պահանջները, ուր միշտ կը շեշտուի դատական իշխանութիւններուն վերաբերող որեւէ...

Ակնարկ.  Իրաւադրոյթներու Յստակացում

Ակնարկ. Իրաւադրոյթներու Յստակացում

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութիւնը` բանակցութիւններու ձեւաչափի իրաւական հիմքերը հիմնաւորելու առումով, ուղենշային փաստաթուղթ է, որ ո՛չ միայն հայկական դիւանագիտութիւնը, այլ նաեւ հայ քաղաքական միտքը պիտի օգտագործէ ամէն անգամ, որ նշուած սկզբունքներուն շուրջ բանավէճ կամ ընդհանրապէս քննարկում կայանայ: Յատկապէս միջնորդական ձեւաչափի փոփոխութեան Պաքուի նկրտումները կ’իրաւազերծուին այս յայտարարութեամբ: Այնտեղ ամրագրուած իրաւադրոյթներէն այս հարցին վերաբերող բաժինը  կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Ազրպէյճան Յամառօրէն Կը Փորձէ 1993-ի Արցախի  Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի  Բանաձեւերը Ներկայացնել  Իբրեւ Տագնապի Լուծման Իրաւական Հիմք»

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճան Յամառօրէն Կը Փորձէ 1993-ի Արցախի Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Բանաձեւերը Ներկայացնել Իբրեւ Տագնապի Լուծման Իրաւական Հիմք»

Ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ բանակցութիւններու ձեւաչափի եւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման իրաւական հիմքերուն շուրջ շարունակուող շահարկումներուն առնչութեամբ մեկնաբանութիւն ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը` անհրաժեշտ նկատելով կարգ մը դիտարկումներ կատարել, որպէսզի իրականութիւնները լուսարձակի տակ բերուին: Ստորեւ` մեկնաբանութեան ամբողջութիւնը: «Ազրպէյճանական իշխանութիւնները յամառօրէն փորձում են 1993 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդի կողմից ընդունուած բանաձեւերը...

Բոլորիդ Պապերն Ալ Կրնան Հայ Ըլլալ.  Փայլանի Ելոյթը Մեծ  Դժգոհութիւն Յառաջացուցած Է

Բոլորիդ Պապերն Ալ Կրնան Հայ Ըլլալ. Փայլանի Ելոյթը Մեծ Դժգոհութիւն Յառաջացուցած Է

Թուրքիոյ խորհրդարանի եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան` ելոյթ ունենալով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, անդրադարձած է ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան: Իր խօսքին մէջ ան լուսարձակի տակ առած է Կապադովկիոյ մէջ գտնուող ժայռափոր եկեղեցիները` նշելով, որ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կու գան այդտեղ, որպէսզի տեսնեն այդ եկեղեցիները, սակայն թուրքերէն շատերը այնտեղի սրբապատկերները կը ջնջեն, հայհոյանքներ կը գրեն պատերուն վրայ,...

Կառավարութեան Կողմէ Իբրեւ Ձեռքբերում  Ներկայացուած Փաստերուն  Արդիւնքները Ցարդ Տեսանելի Չեն

Կառավարութեան Կողմէ Իբրեւ Ձեռքբերում Ներկայացուած Փաստերուն Արդիւնքները Ցարդ Տեսանելի Չեն

Գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան դիտել տուած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայացուցած 100 փաստերուն մէկ մասը կը մատուցանուի որպէս ձեռքբերում, սակայն անոնք գործողութիւններ են, որոնց արդիւնքները ցարդ տեսանելի չեն: Խաչատրեան օրինակ բերած է կառավարութեան կառուցուածքի փոփոխութեան որոշումը ու ըսած, թէ ասոր արդիւնաւէտութիւնն ու վերջնական արդիւնքը տակաւին պարզ չէ. «Այնքան ատեն որ արդիւնաւէտութեան բարձրացում չենք տեսներ,...

Հենրիխ Մխիթարեանի  Երկրպագուներուն Բողոքը Պաքուի Մէջ

Հենրիխ Մխիթարեանի Երկրպագուներուն Բողոքը Պաքուի Մէջ

Հաւանական է, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան մերժէ Պաքու մեկնիլ իր ակումբին` Արսենալի հետ, 29 մայիսին մասնակցելու Չելսիի դէմ տեղի ունենալիք «Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին: Նշանաւոր ֆութպոլիստին երկրպագուները «Թուիթըր»-ի իրենց էջին վրայ գրած են, որ եթէ քաղաքական պատճառներով Արսենալ առանց Հենրիխ Մխիթարեանի մեկնի Պաքու, իրենք բողոքի քայլի պիտի դիմեն եւ մրցումի 7-րդ ու 77-րդ վայրկեաններուն Արսենալի 6000...

Կառավարութիւնը Պետական Ամավարկի  Իր Յաջորդ Նիստը  Պիտի Գումարէ Կիրակի Երեկոյեան

Կառավարութիւնը Պետական Ամավարկի Իր Յաջորդ Նիստը Պիտի Գումարէ Կիրակի Երեկոյեան

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին գումարեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկման իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ կիրակի երեկոյեան` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը քաղաքապետարաններէն պահանջած է ելեւմուտքի նախարարութեան տեղեկութիւն ներկայացնել քաղաքապետարանի տարածքին մէջ եղող հաստատութիւններուն մասին, որպէսզի տուրքերը հաւաքելու աշխատանքը կանոնաւոր կերպով կատարուի: Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը...

Նախագահ Աուն Դրուատեց Պրազիլի Հետ  Առկայ Ամրապնդուած Յարաբերութիւնները

Նախագահ Աուն Դրուատեց Պրազիլի Հետ Առկայ Ամրապնդուած Յարաբերութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պրազիլի փոխնախագահ Անթոնիօ Համիլթըն Մարթինեզ Մուրաուը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ միջազգային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանեան եւ պրազիլեան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Անոնք բարձր գնահատեցին մարդկային առումով երկու երկիրներուն միջեւ խոր յարաբերութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով լիբանանեան ծագումով 8 միլիոն պրազիլացի քաղաքացիներու գոյութեան փաստը: Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Պրազիլին` հարաւային...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Դաստիարակչական Յանձնախումբ  2018-ի Պրէօվէի Քննութիւններուն Գերազանց  Արդիւնքներ Ապահոված Աշակերտները Գնահատուեցան

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբ 2018-ի Պրէօվէի Քննութիւններուն Գերազանց Արդիւնքներ Ապահոված Աշակերտները Գնահատուեցան

Ուրբաթ, 17 մայիս 2019-ի երեկոյեան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու պրէօվէի պետական քննութեանց բարձրագոյն նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հայկական վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ: Յայտագիրին մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Նարօտ Քեչեպաշեան, որ դիտել տուաւ,...

Page 228 of 256 1 … 227 228 229 … 256