Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Անդամները

May 20, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 18 մայիս 2019-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները, որոնք եկած էին կաթողիկոսին հայրական խօսքերը ունկնդրելու եւ իր օրհնութիւնը ստանալու:

Հանդիպման սկիզբը խօսք առնելով, միութեան վարչութեան ատենապետ Մհեր Գաւլաքեան  շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառին, որ ընդառաջելով իրենց փափաքին` առիթ ընծայեց այցելելու Անթիլիասի մայրավանք, լսելու իր հայրական յորդորները եւ վերանորոգուելու իրենց ազգային առաքելութեան մէջ: Ապա ան հակիրճ կերպով ներկայացուց ուսանողական միութեան աշխատանքներն ու ծրագիրները:

Իր խօսքի սկզբնաւորութեան Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց միութեան անդամներուն ներկայութիւնը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ եւ գնահատեց անոր տարած աշխատանքները: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, վեհափառ հայրապետը երիտասարդներուն ընդհանուր կերպով ներկայացուց մեր ժողովուրդը յուզող գլխաւոր հարցերը եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները` յատկապէս շեշտելով երիտասարդութեան դերակատարութիւնը:

Խօսելով երիտասարդութեան մասին` ան ըսաւ, թէ երիտասարդութիւնը սոսկ քննադատողի կամ հետեւողի դերին մէջ պէտք չէ ըլլայ, այլ ան իր մասնակցութիւնը պէտք է բերէ մասնակցողի դերակատարութեամբ` մեր եկեղեցական թէ ազգային կեանքին մէջ: Երիտասարդութեան մասնակցութիւնը պէտք է ըլլայ առանց սեռի կամ տարիքի խտրականութեան, որովհետեւ ան մայր ջիղը կը կազմէ որեւէ ազգի, կազմակերպութեան, համայնքի կամ ընկերութեան, շեշտեց վեհափառ հայրապետը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ նահանջն ու մաշումը սկսած են սփիւռքի մէջ դառնալ զգալի ներկայութիւն: Մեր կառոյցները կարիքը ունին վերանորոգման: Այս ուղղութեամբ երիտասարդութեան դերը կը նկատեմ կենսական, որովհետեւ ան է, որ նոր արիւն պիտի ներարկէ մեր կեանքին, շեշտեց կաթողիկոսը:

Հանդիպման վերջաւորութեան, վեհափառ հայրապետը պատասխանեց երիտասարդներուն ուղղած հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչուած էին սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան, Սիսի կաթողիկոսարանի դատին, կառոյցներուն մէջ երիտասարդութեան դերակատարութեան եւ գաղութներու վերակազմակերպման: Ապա, ԶՈՄ-ի վարչութեան ատենապետը միութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Կարկաչ» Մանկական Եւ Պատանեկան Երգչախումբի Տարեկան Ելոյթը

Յաջորդը

Պասիլ. «Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դնենք Պետական Լաւ Ամավարկ Մը Մշակելու Նպատակով»

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.