Newsletter

Պաքու. «Հայաստանը Ցոյց Տուաւ,  Որ Տրամադիր Չէ Իր Ժողովուրդը  Խաղաղութեան Նախապատրաստելու»

Պաքու. «Հայաստանը Ցոյց Տուաւ, Որ Տրամադիր Չէ Իր Ժողովուրդը Խաղաղութեան Նախապատրաստելու»

Երեքշաբթի օր յայտնի դարձաւ, որ, Արսենալի որոշումով, Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի կիսապաշտպան, անգլիական խումբի անդամ Հենրիխ Մխիթարեան պիտի չմեկնի Պաքու: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, սակայն, մեղադրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ըստ «Հաքքին» կայքին, նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա յայտարարած է, թէ Հայաստան Մխիթարեանը կ՛օգտագործէ իր սադրիչ նպատակներուն համար: «Ցաւօք, այդ քայլերը անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ Հայաստան տրամադիր չէ իր...

«Լիբանան Կարիքը Ունի Նման  Նախաձեռնութիւններու, Որոնք Կը Միտին  Պահպանել Կենսոլորտը  Եւ Ծառայել Ընկերութեան»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Նախարար Կիտանեան. «Պետական Ամավարկը Համեստ Դասակարգի Եկամուտին Ոչ Մէկ Ձեւով Պիտի Դպչի»

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին զարմանք յայտնեց երկրին մէջ կատարուած գործադուլներուն մասին, որոնք անտեղի էին եւ հիմնուած` անճիշդ տեղեկութիւններու վրայ: Ան նշեց, որ պետական ամավարկին մասին կան տարբեր տեսակէտներ, սակայն այդ իմաստով կառավարութիւնը գրեթէ վերջնական տարբերակի մը կրցած է յանգիլ եւ նկատի ունենալ այդ մասին արտայայտուած քաղաքական բոլոր ուժերուն կեցուածքները: Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ իրենք պետական ամավարկի...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը

«Համախմբուելու եւ այս անհեռանկար ընթացքը կասեցնելու ժամանակն է» Վերջին օրերին երկրում ընթացող զարգացումները եւ, յատկապէս, դատաիրաւական համակարգի վերաբերեալ վարչապետ Ն. Փաշինեանի մօտեցումները կրկին մեր հանրային-պետական կեանքի ալեկոծման պատճառ են դարձել: Այս կապակցութեամբ հարկ ենք համարում կատարել հետեւեալ արձանագրումները. - Տարբեր հարցերի վերաբերեալ իշխանութիւնների չկշռադատուած, խնդրայարոյց եւ տարակուսանքի տեղիք տուող որոշումները, այլակարծութեան ակրեսիւ մերժումը թշնամանքի եւ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտ են ստեղծում, ինչը...

Հանրային Խորհուրդ. «Նման Գործելաոճ Չի Բխիր  Իրաւական Պետութիւն Կառուցելու Եւ Խնդիրները  Բացառապէս Օրէնքով Լուծելու Սկզբունքներէն»

Հանրային Խորհուրդ. «Նման Գործելաոճ Չի Բխիր Իրաւական Պետութիւն Կառուցելու Եւ Խնդիրները Բացառապէս Օրէնքով Լուծելու Սկզբունքներէն»

Հանրային խորհուրդը մայիս 20-ին գումարած է արտակարգ նիստ` քննարկելու Հայաստանի դատական համակարգին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հանրային խորհուրդի մամլոյ ծառայութիւնը: Խորհուրդի անդամները նախ անդրադարձած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` հանրապետութեան բոլոր դատարաններու ելքերն ու մուտքերը փակելու կոչին: Արտայայտուած են տարբեր կարծիքներ ու դիրքորոշումներ, սակայն շատեր լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են այդ երեւոյթին վերաբերեալ` նշելով, որ նման գործելաոճ չի բխիր...

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգութիւն Յայտնած Է Փաշինեանին`  Դատարաններու Մուտքերը  Փակելու Կոչին Առնչութեամբ

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգութիւն Յայտնած Է Փաշինեանին` Դատարաններու Մուտքերը Փակելու Կոչին Առնչութեամբ

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը անդրադարձած է Հայաստանի ներքաղաքական դաշտին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն, մասնաւորաբար վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` դատարաններու մուտքերը արգելափակելու վերաբերեալ կոչին: ԵԽԽՎ-ի Հայաստանի մշտադիտարկման խումբի համազեկուցողներ Եուլիա Լուվոչքինան եւ Անտրէյ Շիրցել, մեկնաբանելով Փաշինեանի` 19 մայիսին իր աջակիցներուն ուղղած կոչը, նշած են, թէ իշխանութիւնները պէտք է զերծ մնան այնպիսի գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան ընկալուիլ իբրեւ ճնշում դատական համակարգին վրայ:...

«Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան  Խորհրդարանական Գործընկերութեան  Յանձնախումբ»-ը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ

«Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան Խորհրդարանական Գործընկերութեան Յանձնախումբ»-ը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ

Եւրոպական խորհրդարանի «Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական գործընկերութեան յանձնախումբ»-ի պատուիրակութեան ղեկավար Սաճատ Քարիմ յայտարարութիւն հրապարակած էր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն առնչութեամբ` մտահոգութիւն յայտնելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ իր աջակիցներուն ուղղուած կոչին գծով` մայիս 20-ին հայաստանեան բոլոր դատարաններուն ելումուտը փակելու: «Մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք նաեւ պարտադիր եւ ընդհանուր «վեթինկ»-ի գաղափարին առնչութեամբ, որ պէտք է վերաբերի անխտիր բոլոր դատաւորներուն: Մենք կը հասկնանք,...

Ըստ Եւրոպական Ժողովրդական  Կուսակցութեան Նախագահին.  Հայաստանի Իշխանութիւնները Պէտք Է  Երաշխաւորեն Դատական Համակարգի Անկախութիւնը

Ըստ Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան Նախագահին. Հայաստանի Իշխանութիւնները Պէտք Է Երաշխաւորեն Դատական Համակարգի Անկախութիւնը

Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) նախագահ Ժոզեֆ Տոլ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարած է Հայաստանի մէջ դատական համակարգի բարեփոխումներուն վերաբերեալ. «Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է երաշխաւորեն, որ որեւէ բարեփոխման պարագային առաջնահերթ ըլլայ դատական համակարգի անկախութիւնը` իբրեւ ժողովրդավարական հասարակութեան առանցք: Պէտք է յարգել օրէնքի գերակայութիւնը եւ իշխանութիւններու տարանջատումը», գրած է ան:

Ոստիկանութիւնը Հրանդ Մարգարեանի Վրայ  Յարձակման Գործով Նիւթեր Կը Նախապատրաստէ

Ոստիկանութիւնը Հրանդ Մարգարեանի Վրայ Յարձակման Գործով Նիւթեր Կը Նախապատրաստէ

Ազատութեան հրապարակին վրայ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը ազատ արձակելու դատարանի որոշման դէմ բողոքող ցուցարարներուն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին միջեւ տեղի ունեցած միջադէպին առնչութեամբ ոստիկանութիւնը նիւթեր կը նախապատրաստէ: Այս մասին յայտնած են ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապի եւ լրատուութեան վարչութենէն` «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Մինչ այդ, «Երկիր Մետիա»  պատկերասփիւռի կայանի հասարակական-քաղաքական հաղորդումներու պատասխանատու, ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան...

Շարլ Ազնաւուրի Մանկութեան  Տան Պատին Յուշատախտակ Մը Տեղադրուած Է

Շարլ Ազնաւուրի Մանկութեան Տան Պատին Յուշատախտակ Մը Տեղադրուած Է

21 մայիսին` ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան տարեդարձին նախօրէին, Ազնաւուր ընտանիքի Փարիզի առաջին բնակարանի պատին յուշատախտակ մը տեղադրուած է: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ  եղած են  Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոն, քաղաքային իշխանութիւններու եւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, նշանաւոր անձնաւորութիւններ եւ, բնականաբար, Ազնաւուր ընտանիքի անդամները: Յուշատախտակը տեղադրուած է Փարիզի 6-րդ շրջանի Մսիօ լը Փրենս 36 հասցէին, ուր...

Փիոթր Սվիթալսքի. «Եւրոպական Միութիւնը  Կ՛ընդունի Նիկոլ Փաշինեանի Վճռական  Յանձնառութիւնը Եւ Պատրաստ Է Աջակցելու»

Փիոթր Սվիթալսքի. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ընդունի Նիկոլ Փաշինեանի Վճռական Յանձնառութիւնը Եւ Պատրաստ Է Աջակցելու»

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը այն կարծիքին է, թէ Հայաստանի մէջ արդարադատութեան ոլորտին մէջ խոր եւ համապարփակ բարեփոխումները երկրի ապագային համար կենսական նշանակութիւն ունին: «Գլխաւոր պատճառը հետեւեալն է. Հայաստանի բնակիչներուն մեծամասնութիւնը դատարաններուն չի վստահիր: Հանրային վստահութիւնը վերականգնելու համար լուրջ  բարեփոխումներու կարիք կայ: Եւրոպական Միութիւնը այն կարծիքին...

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան  Վերաբերեալ Գործը Այսօր Պիտի Քննուի  Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին Մէջ

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Վերաբերեալ Գործը Այսօր Պիտի Քննուի Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին Մէջ

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի առողջութեան վատթարացման ժամանակ` 2010-ին, խումբ մը փաստաբաններ եւ իրաւապաշտպաններ պատրիարքի նոր ընտրութիւններ կատարելու նպատակով դիմած էին Պոլսոյ նահանգապետարան, սակայն, պատասխան չստանալով, դիմած էին դատարան:  Դատարանի կողմէ գործը չընդունուելէն ետք, 2014-ին դիմած էին Բարձրագոյն վարչական դատարան, սակայն այնտեղէն ալ պատասխան չստանալով, 2016-ին դիմեցին Սահմանադրական դատարան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» շաբաթաթերթը: Ըստ «Ակօս»-ի, այսօր Սահմանադրական...

Ժիպէյլի Քաղաքապետութեան Նախաձեռնութեամբ`  Մարիա Ճէյքըպսընի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Ժիպէյլի Քաղաքապետութեան Նախաձեռնութեամբ` Մարիա Ճէյքըպսընի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Ժիպէյլի քաղաքապետութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ եւ Հայաստանի դեսպանատուներուն, ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին եւ Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած շուրջ 20 երկիրներու դեսպաններու, երէկ` 21 մայիս 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած փոքրիկներուն հոգատար «Մամա»-ն հանդիսացող Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը` անոր դամբարանին դիմաց: Սամուէլ Պոյաճեան Բացման խօսքով...

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Ընդունեց  «Զինուորական Ծառայութեան Եւ Զինուորի  Կարգավիճակի Մասին» Օրէնքի Նախագիծը

Խմբագրական. Ազգային Ժողովն Է Դատական Բարեփոխումներու Միակ Միջավայրը

Վարչապետ Փաշինեանի կոչը` դատարաններու ելքն ու մուտքը արգելակելու, ազդարարեց յեղափոխութեան երկրորդ փուլի իրականացման մեկնարկը: Յանկարծակի այս որոշումը ուշագրաւ է այն առումով, որ կը փոխարինէ երկրորդ փուլի նախապէս յայտարարուած բնոյթը: Խօսքը տնտեսական յեղափոխութեան մասին է, որ յայտարարուած էր վարչապետին եւ գործող մեծամասնութեան կողմէ` օրէնսդիր եւ գործադիր հաստատութիւններու արմատական իշխանափոխութենէն ետք: Երկրորդ փուլի անուանակարգային փոփոխութիւնը եւ մանաւանդ անոր յայտարարուած քաղաքական պահը անմիջապէս...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

Դաշնակցութիւնը Հանրահաւաք Պիտի Կատարէ Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը մայիս 23-ին, ժամը 19:00-ին (Հայաստանի ժամանակացոյցով) Ազատութեան հրապարակին վրայ կը կատարէ հանրահաւաք: Դիմատետրի իր էջին վրայ այս մասին գրած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ նաեւ ՀՅԴ  Գերագոյն մարմինի գոհունակութիւնը յայտնած է ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի բոլոր ընկերներուն եւ համակիրներուն իրենց զգօն, գիտակից եւ պատրաստակամ կեցուածքին համար:

Լիլիթ Գալստեան. «Քաոսային Վիճակը Կը Խախտէ  Հայաստանի Պետականութեան Հիմերը»

Լիլիթ Գալստեան. «Քաոսային Վիճակը Կը Խախտէ Հայաստանի Պետականութեան Հիմերը»

«Երեւան թուտէյ»-ը վերջին քանի մը օրերու իրադարձութիւններուն մասին հարցազրոյց  կատարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Լիլիթ Գալստեանի հետ, որ ըսած է, թէ ամբողջ հասարակութիւնը զարմացած է, թէ ի՛նչ պատահած է. «Մենք բախում ունեցանք քաղաքական եւ իրաւական անհեթեթութեան հետ: Երկրի թիւ մէկ քաղաքական պատասխանատուն իշխանութեան ճիւղերէն մէկուն նկատմամբ հանդէս եկաւ ճնշումներու կոչով: Որքան փորձեցի այսօրուան նման միջադէպ աշխարհի մէջ գտնել`...

Փաշինեան. «Հասած Է Դատական Համակարգին Մէջ  Վիրահատական Միջամտութիւններ Կատարելու Ժամանակը»

Փաշինեան. «Հասած Է Դատական Համակարգին Մէջ Վիրահատական Միջամտութիւններ Կատարելու Ժամանակը»

Հետեւելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 19 մայիսի երեկոյեան ուղղած կոչին` Հայաստանի քաղաքացիներ 20 մայիսի առաւօտուն փակած են դատարաններու շէնքերու մուտքերը, զորս կրկին բանալու կոչ ուղղած է ան քանի մը ժամ ետք, կառավարութեան նիստին իր արտասանած խօսքէն ետք: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ ժողովուրդին վստահութիւնը չվայելող դատական իշխանութեան գործունէութիւնը միշտ ալեկոծումներ կը յառաջացնէ հանրութեան մէջ, ուստի ան սպառած նկատած է դատական...

Սահակեան. «Կը Բացառեմ, Որ Հայաստանի  Իշխանութիւններուն Հետ  Լարուածութիւն Ունենանք»

Սահակեան. «Կը Բացառեմ, Որ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Հետ Լարուածութիւն Ունենանք»

20 մայիսին «Իմ քայլը» խորհրդարանական խմբակցութեան հրաւէրով, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում ունեցած է խմբակցութեան պատգամաւորներուն հետ, որոնց հետ քննարկած է բազմաթիւ հարցեր: Հանդիպումէն ետք նախագահ Սահակեան պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն, որոնցմէ մէկը կը վերաբերէր Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ լարուածութեան: «Այդ լարուածութեան վերաբերեալ մեկնաբանութիւններուն մէջ արհեստական մաս կը տեսնեմ: Կը բացառեմ, որ մենք ունենանք այդպիսի...

«Ֆրիտըմ Հաուզ». «Միշտ Ալ Գոյութիւն Ունեցած Է  Այն Վտանգը, Որ Փաշինեան Կը Կառչի Զինք Իշխանութեան  Բերած Ամբոխավարութեան: Հասած Ենք Ատոր»

«Ֆրիտըմ Հաուզ». «Միշտ Ալ Գոյութիւն Ունեցած Է Այն Վտանգը, Որ Փաշինեան Կը Կառչի Զինք Իշխանութեան Բերած Ամբոխավարութեան: Հասած Ենք Ատոր»

Հեղինակաւոր «Ֆրիտըմ Հաուզ» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ծրագիրներու տնօրէն Նէյթ Շենքըն թուիթըրեան իր էջին վրայ անդրադարձած է Հայաստանի հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցող վերջին ներքաղաքական զարգացումներուն, մասնաւորաբար` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` դատարաններու մուտքերը արգելափակելու վերաբերեալ քաղաքացիներուն ուղղած կոչին: Շենքըն ընդգծած է. «Յետյեղափոխական Հայաստանի մէջ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է այն վտանգը, որ երկիրը արագօրէն կամ կայուն կերպով փոխելու կարողութեան պակաս ունեցող Փաշինեան կը կառչի...

Ռոպերթ Քոչարեանի Եւ Միւս` 3 Նախկին  Պաշտօնեաներու Դատը Կասեցուած Է  Եւ Ուղարկուած Սահմանադրական Դատարան

Ռոպերթ Քոչարեանի Եւ Միւս` 3 Նախկին Պաշտօնեաներու Դատը Կասեցուած Է Եւ Ուղարկուած Սահմանադրական Դատարան

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին մարտ 1-ի գործով մեղադրեալ, Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններէն Հայկ Ալումեան յայտնած է, որ Ռ. Քոչարեանի, Հայաստանի նախկին փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեանի, 2008-ին Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարարներ Սէյրան Օհանեանի եւ Եուրի Խաչատուրովի վերաբերեալ քրէական գործի վարոյթը, դատարանի որոշումով, կասեցուած է եւ ուղարկուած Սահմանադրական դատարան: Ան յայտնած է, որ այլ մանրամասնութիւններ չի կրնար տալ: Յիշեցնենք, որ գործը...

Դատախազութիւնը Պիտի Բողոքարկէ  Քոչարեանի Խափանման  Միջոցը Փոխելու Որոշումը

Դատախազութիւնը Պիտի Բողոքարկէ Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Որոշումը

Գլխաւոր դատախազութենէն «Ազատութեան» յայտնած են, որ դատախազութիւնը մարտի 1-ի գործով մեղադրեալ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոց կալանքը փոփոխելու որոշման դէմ բողոք կը պատրաստէ` ներկայացնելու վերաքննիչ ատեանին: Միեւնոյն ժամանակ, դատախազութիւնը կը պատրաստուի ինքնաբացարկ յայտնելու միջնորդութիւն ներկայացնել Քոչարեանի խափանման միջոց կալանքը փոփոխելու որոշում կայացուցած ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանին:

Page 227 of 256 1 … 226 227 228 … 256