Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ունեցան Հեռաձայնային Զրոյց

Մայիս 20, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պաշտօնական լրահոսը հաղորդեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց  ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Լրատուութիւնը հիմնուած էր վարչապետին դիմատետրեան գրառումին վրայ, ուր բառացիօրէն կ՛ըսուէր.

«Նրան ներկայացրի Հայաստանում ընթացող գործընթացները` արձանագրելով, որ տեղի են ունենում ժողովրդի, այսինքն` սահմանադրական իշխանութեան ամրապնդման` մասնաւորապէս անկախ եւ անաչառ դատարան ունենալուն ուղղուած գործընթացներ, որոնց էութեան եւ բովանդակութեան մասին կը խօսեմ քիչ անց` նախատեսուած ելոյթում»:

Իր հերթին կաթողիկոսարանի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէր հետեւեալը.

«Երկուշաբթի, 20 մայիս 2019-ին, հեռաձայնային զրոյց մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին միջեւ: Անոնք իրենց մտահոգութիւններն ու տեսակէտները փոխանակեցին` Հայաստանը յուզող ներքին հարցերուն գծով:

Նորին սրբութիւնն ու վարչապետը կարեւորութեամբ շեշտեցին սահմանադրական կարգերը յարգելու եւ Հայաստանը ներքին ցնցումներէ հեռու պահելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը»:

Ներհասարակական լարուածութեամբ ստեղծուած ճգնաժամային պահուն կայացած այս խորհրդակցութեան մասին «Ազդակ», քաղելու համար յաւելեալ տեղեկութիւններ, կապ հաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատու գրասենեակին հետ, որ փոխանցեց հետեւեալը.

«Հեռաձայնային զրոյցներ պարբերաբար տեղի կ՛ունենան վեհափառին, եւ ինչպէս վարչապետին, այնպէս նաեւ հայրենիքի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Հրատապութիւն ներկայացնող այս օրակարգին գծով վարչապետն ու վեհափառը ունեցած են միտքի փոխանակումներ, խորհրդակցած` ստեղծուած իրավիճակին եւ շեշտած մանաւանդ առանց ցնցումներու առկայ խնդիրներուն զուտ իրաւական հարթութեան վրայ  հանգուցալուծումներ տալու անհրաժեշտութիւնը:

«Վեհափառ հայրապետը իր հերթին ընդգծած է ներհասարակական լարուածութեան  եւ  ցնցումներու բացառումը, ներազգային համերաշխութեան վերահաստատումը` մերժելով քաղաքական գործիչներու նկատմամբ թէ քաղաքացիներու միջեւ որեւէ բռնութիւն: Երկուստեք կարեւորութեամբ ընդգծուած է բոլոր գործընթացներն ու հարցերու լուծումները իրաւական եւ սահմանադրական հարթութեան վրայ իրականացնելու կարեւորութիւնը»:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 20 Մայիս 2019)

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?