Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի

May 20, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, Լիբանանի ամբողջ կառոյցին եւ համակիր զանգուածին անունով խստօրէն կը դատապարտէ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի տասնինը տարիներու նախկին ներկայացուցիչ, արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ իր անուրանալի ներդրումը բերած Հրանդ Մարգարեանի դէմ 18 մայիսին Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած յարձակումը:

Դաշնակցական նուիրեալ գործիչ ընկեր Հրանդ Մարգարեանի դէմ ուղղուած հակադաշնակցական լուտանքները սոսկ անհատին դէմ ուղղուած չեն, այլ` համահայկական մեր ամբողջ կազմակերպութեան, եւ իբրեւ այդպիսին ատելութեան վատ դրսեւորում են` ուղղուած իւրաքանչիւր անհատ դաշնակցականի դէմ: Վերջին շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ յամեցող անհանդուրժողականութեան եւ այլամերժութեան դատապարտելի մթնոլորտին հերթական արտայայտութիւնն է Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ դաշնակցական քաղաքական գործիչին դէմ կատարուած յարձակումը:

Արդ, արդարօրէն կը պահանջենք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ պրն. Նիկոլ Փաշինեանէն եւ իրաւապահ մարմիններէն, որ ի խնդիր ազգային միասնակամութեան եւ համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան պահպանման, անյապաղ դատապարտեն արարքը, պատասխանատուութեան կանչեն յանցագործները եւ օրինական խստագոյն վերաբերումը ցուցաբերեն անոնց նկատմամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ պրն. Նիկոլ Փաշինեան, իր զբաղեցուցած պաշտօնին բերումով, հարկ է, որ երաշխաւորէ հայրենիքի եւ իր ժողովուրդին կայունութիւնը, անդորրութիւնը, անվտանգութիւնը եւ իւրաքանչիւր քաղաքացիի արժանապատուութիւնը: Վերջապէս, կ՛ակնկալենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ տակաւին քանի մը օր առաջ հրապարակային ելոյթով յարգանք կ՛արտայայտէր ՀՅ Դաշնակցութեան նկատմամբ, դատապարտէ պատահարը եւ գործնական թարգմանութիւն տայ իր վաւերական յայտարարութեան:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

19 մայիս 2019

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Տեսակէտ. Քաղաքական Պատասխանատուութի՞ւն, Թէ՞ Մեղսակցութիւն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.