Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Դրուատեց Պրազիլի Հետ Առկայ Ամրապնդուած Յարաբերութիւնները

Մայիս 18, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պրազիլի փոխնախագահ Անթոնիօ Համիլթըն Մարթինեզ Մուրաուը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ միջազգային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանեան եւ պրազիլեան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Անոնք բարձր գնահատեցին մարդկային առումով երկու երկիրներուն միջեւ խոր յարաբերութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով լիբանանեան ծագումով 8 միլիոն պրազիլացի քաղաքացիներու գոյութեան փաստը:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Պրազիլին` հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ծովուժին մաս կազմելու առումով, ինչպէս նաեւ մարզումի իմաստով լիբանանեան զինեալ ուժերուն անոր տրամադրած օժանդակութիւններուն համար:

Նախագահ Աուն Մուրաուին ներկայացուց այն պատճառները, որոնք մղեցին զինք Մերձեցման եւ երկխօսութեան մարդու ակադեմիան հիմնելու գաղափարը յղանալու:

Մուրաու հաստատեց, որ Պրազիլ կը քաջալերէ Մերձեցման եւ երկխօսութեան մարդու ակադեմիա հիմնելու Լիբանանի նախաձեռնութիւնը:

Աուն Ընդունեց Քաուարին

Նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց նաեւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի անձնական ներկայացուցիչ, պետական նախարար Համատ պըն Ապտել Ազիզ Քաուարին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն Լիբանան վկայէ քաթարցի զբօսաշրջիկներու վերադարձը Պէյրութ` հոն անցընելու համար իրենց ամրան արձակուրդը:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարի իշխանին, որ հոգատարութեամբ կը վարուի Քաթարի մէջ ապրող եւ գործող լիբանանցիներուն նկատմամբ:

Ան Քաուարիին յանձնեց ՄԱԿ-ի մէջ իր արտասանած ճառը` Մերձեցման եւ երկխօսութեան մարդու ակադեմիայի հիմնումին մասին` աւելցնելով, որ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի յաջորդ նիստին ընթացքին Լիբանան պիտի պահանջէ այդ ակադեմիային հիմնադրութիւնը:

Քաուարի բարձր գնահատեց Քաթարի մէջ գործող լիբանանցիներուն աշխատանքը` աւելցնելով, որ Քաթար հետաքրքրուած է Մերձեցման եւ երկխօսութեան մարդու ակադեմիա մը հիմնելու Լիբանանի նախաձեռնութեամբ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ:

Քննարկուեցան Պու Սաապի եւ ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանի միջեւ արծարծուած` զինուորականներու իրաւունքներուն եւ պետական ամավարկի թիւ 3 յօդուածին վերաբերող հարցեր:

Պու Սաապ յայտնեց, որ կարգ մը կէտերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է` աւելցնելով, որ անոնք պիտի քննարկուին նաեւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ:

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ցաւակցական հեռագիր մը յղեց նախագահ Աունին:

Մաքրոն ցաւակցութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրի վախճանումին առիթով:

Ան նշեց, որ Սֆէյրի վախճանումով Ֆրանսա մտերիմ ընկեր մը կորսնցուցած է:

Մաքրոն շեշտեց, որ լիբանանցիներուն համար կարեւոր է միշտ դասեր քաղել Սֆէյրի աւանդէն` աւելցնելով, որ Ֆրանսա միշտ պիտի զօրակցի Լիբանանին:

Մաքրոն ողջունեց Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան համար Սֆէյրի մղած անխոնջ պայքարը:

Նախորդը

Պասիլ Քաթարցի Պատուիրակին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Պետական Ամավարկի Իր Յաջորդ Նիստը Պիտի Գումարէ Կիրակի Երեկոյեան

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?