Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ներքաղաքական Լարուածութիւնը Բարձր Նշաձող Կ՛արձանագրէ

Մայիս 20, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետը Կոչ Ուղղեց Արգելակելու Դատական Համակարգը
Համատարած Դատապարտում`  Հրանդ Մարգարեանի Դէմ Կատարուած  Յարձակումին

Շաբաթավերջը բաւական թէժ էր հայաստանեան ներքաղաքական իրադարձութիւններուն առումով: Նախապէս ալ արդէն Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դատավարութեան հոլովոյթը հասարակական մեծ լարուածութիւն ստեղծած էր, բայց շաբաթ օր Երեւանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութիւններու դատարանի վճիռը` Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու գծով, աւելի եւս շիկացուց մթնոլորտը: Այդ վճիռին դէմ եղողները հակազդեցին բողոքի ցոյցով եւ երթով:

Այս միջոցին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ իր թոռներուն հետ զբօսնելու ընթացքին, ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի 19 տարիներու ներկայացուցիչ, դաշնակցական գործիչ Հրանդ Մարգարեան ենթարկուեցաւ ցոյցին մասնակից ամբոխին յարձակման եւ լուտանքներուն: Այս դատապարտելի արարքը նկատուեցաւ յարձակում ո՛չ միայն Հրանդ Մարգարեանի անձին, այլ նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան համահայկական մեծ ընտանիքին դէմ: Դաշնակցութիւնը իր բարձրագոյն գործադիր մարմինին` ՀՅԴ Բիւրոյին եւ իր աշխարհատարած կազմակերպութիւններու ղեկավար մարմիններուն հրապարակած յայտարարութիւններուն ընդմէջէն դատապարտեց  կատարուած յարձակումը, կոչ ուղղեց Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ մանաւանդ վարչապետ Փաշինեանին` համապատասխան գնահատական տալու միջադէպին, պատժելու անոր մասնակիցները եւ վերջ տալու երկրին մէջ թշնամանք ու ատելութեան մթնոլորտ տարածելու գործելակերպին: Դատապարտումի յայտարարութիւններ հրապարակեցին ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէն, ՀՅԴ Շուէտի, Յունաստանի, Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, Լիբանանի (քովի սիւնակներով հրապարակուած), Քանատայի, Քուէյթի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի եւ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական կոմիտէները, ՀՅԴ Արմաւիրեան առանձնակի կոմիտէն (Իրաք), Նոր Ջուղայի Հայ դատի յանձնախումբը, ՀՅԴ Ռուսիոյ պատասխանատու մարմինը:

Երէկ ներքաղաքական լարուածութիւնը այլ նշաձող մը հաստատեց, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ այսօր պիտի սկսի յեղափոխութեան երկրորդ փուլը: Ան ժողովուրդին կոչ ուղղեց` համախմբուելու երկրին մէջ գտնուող դատարաններուն առջեւ եւ փակելու անոնց մուտքերն ու ելքերը: Քայլ մը, որ յղի է ներքաղաքական ծանր հետեւանքներով եւ բեւեռացումը խորացնելու վտանգով:

Նախորդը

Սէուտական Արաբիա Կոչ Կ՛ուղղէ` Գումարելու Երկու Արտակարգ Խորհրդաժողով

Յաջորդը

Մանչեսթըր Սիթիի Խմբապետը Կը Հեռանայ Խումբէն

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?