ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչները Եւ «Մէկ Հայաստան» Կուսակցութեան Անդամները Քննարկած Են Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ «Մէկ Հայաստան» կուսակցութեան հետ տեղի ունեցած է հանդիպում-քննարկում, որուն ծիրին մէջ քննարկուած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ, յատկապէս անդրադարձ կատարուած է ներքաղաքական եւ արտաքին քաղաքական ներկայ իրավիճակին ու ընթացիկ զարգացումներուն, արցախեան տագնապին: Կողմերը ծանօթացած են քաղաքական հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու վերաբերեալ երկուստեք առկայ դիրքորոշումներուն:



















