Newsletter

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական  Քոլեճի 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Ամավերջի Հանդէս Ու Վկայականաց Բաշխում

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս Ու Վկայականաց Բաշխում

Երէկ` ուրբաթ, 5 յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 2018-2019 կրթական տարեշրջանի ամակերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը: Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, որմէ ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեան: Ան ըսաւ, թէ այսօր...

Տեղի Ունեցած Է  ՀՅԴ – «Երկիր Ծիրանի» Հանդիպումը

Տեղի Ունեցած Է ՀՅԴ – «Երկիր Ծիրանի» Հանդիպումը

Կը շարունակուին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնած քաղաքական խորհրդակցութիւնները: Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէին «Երկիր ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ Զարուհի Փոստանջեան, Գործադիր մարմինի անդամներ Արամ Ենոքեան, Մարինա Կրիմլեան եւ Քաղաքական խորհուրդի ղեկավար Գուրգէն Ներսիսեան: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը ներկայացնէին Լիլիթ Գալստեան, Արմենուհի Կիւրեղեան, Շաղիկ Մարուխեան եւ Արթուր Խաչատրեան:...

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է  Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 4 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: Քննարկուած են արտաքին քաղաքականութեան եւ այդ ոլորտին մէջ հայկական երկու պետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Հանդիպումին կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Արծուիկ Մինասեան. «Սահմանադրութիւնը  Պէտք Է Ամէնօրեայ Ապրելակերպ Դառնայ»

Արծուիկ Մինասեան. «Սահմանադրութիւնը Պէտք Է Ամէնօրեայ Ապրելակերպ Դառնայ»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանը կը խնդրէ կասկածի տակ չդնել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան օրինականութիւնը եւ համամիտ չէ այն միտքին հետ, թէ Հանրապետութեան նախագահը Սահմանադրութեամբ չունի բաւարար լիազօրութիւններ: «Ունի: Իր թէ՛ սահմանադրական կարգավիճակը` իբրեւ անաչառ, համազգային նպատակներու հետեւորդ, եւ թէ՛ իբրեւ Սահմանադրական դատարանի միջոցով գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու գործողութիւններն ու անգործութիւնը վիճարկելու սահմանադրական լիազօրութեամբ օժտուած անձ, ան այսօր կրնայ...

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը  Ծրագիրներ Քննարկած Է Լոս Անճելըսի  Իշխանութիւններուն Եւ Հայկական  Կազմակերպութիւններու Հետ

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Ծրագիրներ Քննարկած Է Լոս Անճելըսի Իշխանութիւններուն Եւ Հայկական Կազմակերպութիւններու Հետ

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը, Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի եւ Միացեալ Նահանգներու Հայ իրաւաբաններու միութեան ղեկավար կազմին հետ միասին, 1-էն 3 յուլիսին շարք մը հանդիպումներ  ունեցած է Լոս Անճելըսի քաղաքային իշխանութիւններու եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Քրեքորեանի ու քաղաքապետի տեղակալ Նինա Խաչիկեանի հետ հանդիպումին Ա. Բեգլարեանը ներկայացուցած է Արցախի մէջ...

Սահակ Եպս. Մաշալեան Ընտրուեցաւ  Պոլսոյ Պատրիարքի Տեղապահ

Սահակ Եպս. Մաշալեան Ընտրուեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքի Տեղապահ

Երէկ տեղի ունեցած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը: 27 յունիսին յետաձգուած եւ 4 յուլիսին նշանակուած ընտրութեան առաջադրուած էին երկու թեկնածուներ` պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը եւ հոգեւոր խորհուրդի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեանը: Մաշալեան ընտրուած է 13 թեր, 11 դէմ եւ 1 ձեռնպահ քուէներով: 8 մարտին Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի վախճանումէն ետք սկսաւ պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթը:...

Ալիեւ Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրի Լուծման  Հարցին Մէջ Թրամփի Օգնութիւնը  Ստանալու Յոյս Յայտնած Է

Ալիեւ Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրի Լուծման Հարցին Մէջ Թրամփի Օգնութիւնը Ստանալու Յոյս Յայտնած Է

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին յղած է Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնին առիթով շնորհաւորական նամակ մը, որուն մէջ նշած է, թէ տակաւին չլուծուած ղարաբաղեան հիմնախնդիրը «մեծ, ցաւոտ հարց» է Ազրպէյճանի ժողովուրդին համար: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը: Ուղերձի նամակին մէջ Ալիեւ ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղն ու ատոր յարող 7 շրջանները «ազրպէյճանական վաղեմի հողեր» են:...

Լեռնալիբանանի Զինեալ Միջադէպին  Մեղսակիցները Ապահովական Կառոյցներուն  Յանձնելու Ճիգերը Կը Շարունակուին

Լեռնալիբանանի Զինեալ Միջադէպին Մեղսակիցները Ապահովական Կառոյցներուն Յանձնելու Ճիգերը Կը Շարունակուին

Լեռնալիբանանի զինեալ միջադէպը լուծելու ջանքերը եւ այդ միջադէպին մեղսակիցներն ու յանցագործները ապահովական կառոյցներուն յանձնելու ճիգերը կը շարունակուին: Այս առումով վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել: Միւս կողմէ, երէկ կէսօրէ առաջ Լիբանանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան Խալտէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր...

Հայ Մամուլի Համահայկական Համաժողովը  Կ՛եզրափակէ Իր Եռօրեայ Աշխատանքները

Հայ Մամուլի Համահայկական Համաժողովը Կ՛եզրափակէ Իր Եռօրեայ Աշխատանքները

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընթացք առած Հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համագումարը երէկ` հինգշաբթի, 4 յուլիս 2019-ի կէսօրին եզրափակեց իր աշխատանքները: Թ. նիստին ընդհանուր նիւթն էր «Հայ մամուլը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը», իսկ ատենապետը` Սեդա Խտըշեան, որ անդրադարձաւ մամուլին դերակատարութեան` ընդհանրապէս հայկական ինքնութեան պահպանման եւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ մամուլը պետութեան...

Հաուըրտ Գարակէօզեանի (1904-1918)  Կիսանդրիի Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւն

Հաուըրտ Գարակէօզեանի (1904-1918) Կիսանդրիի Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւն

Երէկ` հինգշաբթի, 4 յուլիս 2019-ին, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան մուտքին լիբանանահայ համայնքի երեք հոգեւոր պետերու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ փոքրիկն Հաուըրտ Գարակէօզեանի (1904-1918) մահուան 101-ամեակին առիթով անոր կիսանդրիի բացման արարողութիւնը, որուն յաջորդեց պաշտօնական հանդիսութիւն` հաստատութեան բակին մէջ: Նախքան կիսանդրիի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` վաղամեռիկ Հաուըրտ Գարակէօզեանի հոգւոյն համար: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ սկիզբ առաւ ձեռնարկը, ապա բարի գալուստի խօսք...

Յայտարարութիւն

Հանդիպում` Ժառանգութիւն Կուսակցութեան Գրասենեակին Մէջ

Ժառանգութիւն կուսակցութեան գրասենեակին մէջ 3 յուլիսին տեղի ունեցած է ՀՅԴ-ի նախաձեռնած քաղաքական հանդիպումը: Դաշնակցութեան կողմէ մասնակցած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ Արծուիկ Մինասեան, Լիլիթ Գալստեան եւ Արմենուհի Կիւրեղեան, Ժառանգութիւն կուսակցութենէն` նախագահ Անդրանիկ Գրիգորեան, փոխնախագահ Նարինէ Դիլբարեան, Գործադիր մարմնի անդամներ Հայկ Գասպարեան եւ Գագիկ Մարգարեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են միացեալ գործունէութիւն տանելու հաւանական ուղղութիւնները, իբրեւ համագործակցութեան եզրեր ընտրուած են դատաիրաւական...

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Հայաստանի  Զինուած Ուժերու Ընդհանուր  Հրամանատար Արտակ Դաւթեանը

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Հայաստանի Զինուած Ուժերու Ընդհանուր Հրամանատար Արտակ Դաւթեանը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեանը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, հանդիպման ընթացքին, որուն կը մասնակցէր Արցախի պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեան, քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ ոլորտին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:  

Նաղդալեան. «Ենթադրութիւնը, Թէ Միակողմանի  Զիջումներու Բեմագրութիւնը Իրական Է,  Չի Համապատասխաներ Իրականութեան»

Նաղդալեան. «Ենթադրութիւնը, Թէ Միակողմանի Զիջումներու Բեմագրութիւնը Իրական Է, Չի Համապատասխաներ Իրականութեան»

Եւրոպական խորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայ պատուիրակներէն Վլատիմիր Վարդանեան Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած էր. «Մենք կը հրաժարինք Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) իբրեւ հայ-ազրպէյճանական բախման հարթակ ներկայացնելէ, մենք հանդէս կու գանք համաեւրոպական օրակարգով, իսկ ազրպէյճանական որեւէ սադրանքի պարագային վերջիններս պիտի ստանան ոչ թէ համաչափ, այլ անհամաչափ պատասխան»: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեանի հետ...

Թեհրանի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստան – Իրան  Միջկառավարական Յանձնախումբի 16-րդ Նիստը

Թեհրանի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստան – Իրան Միջկառավարական Յանձնախումբի 16-րդ Նիստը

Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի 16-րդ նիստը, որուն  նախագահած են Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Իրանի ուժանիւթի նախարար Ռեզա Արտականիան: Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, թէ փոխվարչապետը իր ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է իրանական կողմին միջկառավարական նիստը կազմակերպելու եւ հայկական պատուիրակութիւնը ջերմ ընդունելութեան արժանացնելու համար: Փոխվարչապետը արդիւնաւէտ  գնահատած է...

Լեռնալիբանանի Միջադէպի Լուծման  Գծով Ջանքերը Կը Շարունակուին

Լեռնալիբանանի Միջադէպի Լուծման Գծով Ջանքերը Կը Շարունակուին

Լեռնալիբանանի մէջ կիրակի օրուան ապահովական միջադէպը լուծելու ջանքերը կը շարունակուին: Այդ ջանքերուն շրջագիծին մէջ երէկ առաւօտեան Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան` ընկերակցութեամբ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի, այցելեց պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի: Հանդիպումէն ետք Արսլան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին հեղինակութիւնը վիրաւորելը համազօր է հայրենիքին հեղինակութիւնը վիրաւորելուն: Արսլան նշեց, որ ինք Պու Սաապին ներկայացուցած է Լեռնալիբանանի զինեալ...

Նախարար Կիտանեան Կոչ Ուղղեց Հանդարտութեան  Եւ Գիտակից Մօտեցումի` Ի Խնդիր  Զբօսաշրջական Եղանակի Յաղթանակին

Նախարար Կիտանեան Կոչ Ուղղեց Հանդարտութեան Եւ Գիտակից Մօտեցումի` Ի Խնդիր Զբօսաշրջական Եղանակի Յաղթանակին

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հրապարակեց նամակ մը, որ յղուած էր ընդհանրապէս  լիբանանցիներուն եւ մասնաւորաբար քաղաքական անձնաւորութիւններուն: Նամակին մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանցիները կարողութիւն ունին անցեալ կիրակի օրուան միջադէպը շրջանցելու եւ շարունակելու զբօսաշրջական եղանակը, որուն յաջողութեան առումով խոստումներ տրուած են: «Այս առումով իւրաքանչիւրս պատասխանատու ենք, որովհետեւ գիտենք, որ ապահովական որեւէ խախտում կրնայ իր վտանգաւոր հետեւանքները ունենալ երկրին տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն...

Լիբանանի Առաջին Տիկինը  Ընդունեց Աննա Յակոբեանը

Լիբանանի Առաջին Տիկինը Ընդունեց Աննա Յակոբեանը

Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը` Աննա Յակոբեանը, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները` ընդգծելով զանոնք ամրապնդելու կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդները իրարու կապող խոր արմատները: Հանդիպումին ընթացքին Նատիա Աուն բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ազգային կեանքին մէջ` հաստատելով,...

Հայ Մամուլին Նուիրուած Համահայկական  Համագումարը Շարունակեց Իր Աշխատանքները

Հայ Մամուլին Նուիրուած Համահայկական Համագումարը Շարունակեց Իր Աշխատանքները

Հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համագումարը իր աշխատանքները շարունակեց երէկ` չորեքշաբթի, 3 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00: Համագումարի Ե. նիստին հիմնական նիւթն էր «Տեղեկատուական անվտանգութիւնը եւ լրատուութեան հաւաստիութիւնը», իսկ ատենապետն էր Արա Պուլուզեան, որ դիտել տուաւ, թէ տեղեկատուութիւնը զէնք է նաեւ, ուստի կարելի է օգտագործել զայն քաղաքական, ազգային եւ տարբեր նպատակներով եւս` միշտ յարգելով կարմիր գիծերը, որոնց շրջանցումը...

Աղբերու Հարցին Լուծման  Առաջադրանքով`  Գործակցութիւն` Կենսոլորտի Նախարարութեան  Եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Միջեւ

Աղբերու Հարցին Լուծման Առաջադրանքով` Գործակցութիւն` Կենսոլորտի Նախարարութեան Եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Միջեւ

Պուրճ Համուտի մէջ աղբերու հարցի լուծման առաջադրանքով երեքշաբթի, 2 յուլիս 2019-ի յետմիջօրէին կենսոլորտի նախարարութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կենսոլորտի նախարարի խորհրդական, ճարտարագէտ Շաքեր Նուն: Նախարարութեան համապատասխան պաշտօնեաներուն կողքին պատուիրակութեան միացած էին նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմուած «Կենսոլորտային բանակ»-ի կամաւորներ: Պատուիրակութեան անդամները, տեղական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու «Կենսոլորտային բանակ»-ի կամաւորները, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, պաշտօնեաներ...

Հայրապետական Պատգամ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումար

Հայրապետական Պատգամ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումար

Քրիստոնէական ջերմ սիրով, ազգային վառ ապրումներով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք ձեզ` մեր ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներու ու իտէալներու կենսագործման առաքելութեան նուիրուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքէն ներս: Հայրապետական այս դարաւոր Ս. Աթոռը կոչուած է «Տուն», որովհետեւ ան տունն է եղած, եւ է՛, ողջ հայութեան: Ան կոչուած է նաեւ «Մեծ», ո՛չ իր արտաքին ծաւալին, այլ` իր հաւատքի առաքելութեան...

Page 212 of 256 1 … 211 212 213 … 256