Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. 5 Օր Առաջ Հնչած Ահազանգը

Յուլիս 2, 2019
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնալիբանանի մէջ նախանցեալ օր արձանագրուած միջադէպը ցնցեց երկիրը` ապահովական իրավիճակի մասին յոռետեսներու փաղանգի շարքերը խտացնելով: Համեմատական անդորրին նկատմամբ շատ զգուշաւոր լաւատեսութիւն մը հազիւ զարգացած` Լիբանանը կը հարուածուի նման դէպքերով, որոնց աւարտը զոհեր են: Անդառնալի կորուստներ, որոնք շատ ծանր հետեւանք կ՛ունենան եւ կ՛անթեղեն կրակներ մարդոց հոգեբանութեան եւ հարցերը ընկալելու գիտակցութեան մէջ:

Լիբանան այն երկիրը չէ, որ քաղաքական բանավէճերու մշակոյթ կայացած է: Մշակոյթ, որ կրնայ սահմանազատել տարակարծութիւնը բախումէն, քաղաքական հակոտնեայ դիրքը` զինեալ ընդհարումներէն:

Հետեւաբար որեւէ հատուածային դիրքորոշում, տուեալ համայնքին վրայ տիրութիւն ընող ուժերու մրցակցութեան մէջ յօգուտ մէկուն կամ միւսին դիրքորոշում` անմիջապէս կ՛առաջնորդէ կայծակնային լարուածութեան:

Իսկ լարուածութիւնը, անիկա ըլլայ միջհամայնքային թէ ներհամայնքային,  վտանգաւոր է Լիբանանի մէջ: Լարուածութիւնը կ՛աւարտի բախումով, զինեալ ընդհարումով, հետեւաբար նաեւ` զոհերով:

Սակայն լիբանանեան հասարակութեան կա՛մ այս, կա՛մ այն ուժին շուրջ համախմբուած երիտասարդութիւնը յարատեւօրէն չի գիտակցիր, որ միջղեկավարական կամ միջաւատապետական վէճի յառաջացուցած մթնոլորտին մէջ ներքաշուիլն ու ծայրայեղ միջոցի դիմելը կրնան արժել կեանքեր, երիտասարդ կեանքեր: Եւ եթէ անմիջապէս բուռն դատապարտանքի ալիք չբարձրանայ նման միջոցներու դիմելու երեւոյթին դէմ եւ եթէ իրաւապահ մարմիններու կողմէ զսպիչ գործողութիւններ չկազմակերպուին, նման միջադէպեր կրնան արագօրէն բռնկիլ եւ տարածուիլ: Տարածուիլ եւ վերահսկողութենէ դուրս գալ:

Լիբանանեան այս տխուր իւրայատկութիւններուն իրազեկ է ամէնէն առաջ քաղաքական ղեկավարութիւնը:  Հետեւաբար որեւէ ղեկավար լաւ կը գիտակցի, որ ամէն անգամ, որ մրցակցութեան մէջ եղող ուժերէն մէկուն կամ միւսին ի նպաստ դիրքորոշում կը պաշտօնականանայ, անպայման պիտի ակնկալէ ծանրագոյն հետեւանք:

Դիւանագիտաքաղաքական գերազանց նրբութիւն կ՛ենթադրէ բոլոր կողմերուն միջեւ հանդարտեցնողի դեր վերցնելը, մանաւանդ եթէ զբաղեցուած կամ առաջադրուած պաշտօնը համալիբանանեան եւ համապետական բնութագիր ունի:

Այս հանգամանքները նկատի ունէր Հայկական երեսփոխանական պլոքը, որ 25 յունիսին հրապարակած իր յայտարարութեան մէջ զարմանք կը յայտնէր վերջերս երկրին մէջ արձանագրուող քաղաքական բանավէճերուն համար, որոնք ապարդիւն են եւ միայն երկրին մէջ տիրող իրավիճակը կրնան սրել ու քաղաքական ուժերուն միջեւ գժտութիւն յառաջացնել:

Պլոքը կը քննադատէր երկխօսութեան չգոյութիւնը` երեւոյթը նկատելով ապառողջ իրավիճակ մը, որ քաղաքական ուժերուն միջեւ համերաշխութեան հաստատման ու իմաստութեան մօտեցում չի դրսեւորեր: Մեկնելով այս իրականութենէն` Հայկական երեսփոխանական պլոքը կոչ կ՛ուղղէր քաղաքական ուժերուն քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային առումով երկրին բարօրութեան համար աշխատանքին թափ տալու` յատկապէս նկատի ունենալով շրջանային խոցելի վիճակը:

Փաստօրէն ահազանգ էր, որ կը հնչեցնէր Հայկական երեսփոխանական պլոքը, ինչպէս հնչեցուցած էր քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակին եւ մնայուն ընթացքին` հարցերուն բացառապէս քաղաքական լուծում տալու առումով:

Այստեղ էականը բռնութենէն հեռու մնալու հրամայականն է: Քաղաքական ապարդիւն բանավէճերու ստեղծման փորձութենէն հրաժարումը, ուժի ցուցադրութեան համար հասարակութիւնը վտանգելու մեծ կարելիութենէն խուսափումի անհրաժեշտութիւնը:

Այլապէս ալ բռնկուն տարածաշրջանի մէջ պետական-քաղաքական ղեկավարութենէն կ՛ակնկալուի լարուածութիւնները չէզոքացնող, անդորրի հաստատման նպաստող, բայց մանաւանդ երկրին անվտանգութեան սպառնացող անկումային իրավիճակէն դուրս գալու մեկնարկ ձեւաւորող ծրագիրներու գործադրութեան անյապաղ ձեռնարկումը:

Այս բոլոր անհրաժեշտութիւնները կ՛ընդգծէր Հայկական երեսփոխանական պլոքը: Լեռնալիբանանի տխուր միջադէպէն ուղիղ 5 օր առաջ:

«Ա.»

 

Նախորդը

Մուրատ Փափազեան. «Արցախի Խնդիրը Ֆրանսահայութեան Եւ Մաքրոնի Միջեւ Խզումի Հիմնական Պատճառը Կրնայ Դառնալ»

Յաջորդը

Անթիլիասի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?