Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Առաքելութիւն Կատարողներու Առաջին Խումբը Տեսակցած Է Վարչապետին Հետ

July 2, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 1 յուլիսին հիւրընկալած է Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կատարած Հայաստանի մասնագէտներու առաջին խումբի անդամները:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է մարդասիրական առաքելութիւն կատարող խումբի անդամները եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց`  առաքելութիւնը բարեյաջող կատարելնուն համար: «Այս տարուան փետրուարին Հայաստանի կառավարութիւնը Սուրիա մարդասիրական առաքելութիւն ուղարկելու վերաբերեալ շատ կարեւոր որոշում տուաւ, որ, վստահաբար, բազում քննարկումներու առիթ դարձաւ` ներքաղաքական, արտաքին քաղաքական, աշխարհաքաղաքական: Բայց, այնուամենայնիւ, կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այդ առաքելութեան ամէնէն կարեւոր եւ թերեւս միակ բովանդակային կողմը մարդասիրական առաքելութիւնն է», նշած է ան:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ այս առաքելութիւնը նոյնիսկ պատմական կը նկատուի, որովհետեւ անիկա մեր ազգային յարգանքի, տուրքի մատուցումն է Սուրիոյ ժողովուրդին, որ Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած մեր հայրենակիցներուն ապաստան տուած է:

«Կը կարծեմ, որ այս պատկերը շատ յստակ կ՛արտայայտէ այն մեծ բարոյական եւ պատմական առաքելութիւնը, որ դուք եւ ձեր դէմքով եւ նաեւ մեր այս պահուն այնտեղ գտնուող առաքելութեան ներկայացուցիչներու տեսքով Հայաստանի Հանրապետութիւնը  կ՛իրականացնէ», նշած է ան:

Վարչապետը ներկայացուցած է առաքելութեան ընթացքին արձանագրուած արդիւնքը` թիւերով. ականազերծուած է շուրջ  27 հազար 510 քիլոմեթր տարածք, վիրաբուժական օգնութիւն ցուցաբերուած է 241 հիւանդի, բուժուած է 626 քաղաքացի, կատարուած է 1067 տարրալուծարանային քննութիւն:

Վարչապետը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է մարդասիրական առաքելութիւն կատարած խումբի անդամներուն եւ յաջողութիւն մաղթած ներկայիս Սուրիոյ մէջ նոյն առաքելութեան լծուած հայրենակիցներուն, բժիշկ մասնագէտներուն, սակրաւորներուն, միւս մասնագէտներուն:

 

Նախորդը

Արթուր Վանեցեան Տուած Է Խիստ Նկատողութիւններ Ու Յանձնարարականներ

Յաջորդը

Մուրատ Փափազեան. «Արցախի Խնդիրը Ֆրանսահայութեան Եւ Մաքրոնի Միջեւ Խզումի Հիմնական Պատճառը Կրնայ Դառնալ»

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.