Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բեգլարեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Իրաւաբաններու Միութեան Համաժողովին Անդրադարձած Է Արցախի Բնակիչներու Իրաւունքներու Խախտումներուն

July 2, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան 29 յունիսին Լոս Անճելըսի մէջ մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու Հայ իրաւաբաններու միութեան 30-րդ տարեկան համաժողովին` ելոյթ ունենալով «Արցախի բնակիչներու իրաւունքներու խախտումներու եւ սահմանափակութիւններու արտաքին պատճառները» նիւթով:

Ան նախ ներկայացուցած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հիմնական գործառոյթներն ու աշխատանքային ուղղութիւնները: Բեգլարեան ընդգծած է, որ, բացի ներքին խնդիրներէ, Արցախի բնակիչները յաճախակի կերպով կը բախին մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ սահմանափակումներու, ազրպէյճանական հետապնդումներու, եւ այս բոլորը այն պատճառով, որ Արցախ միջազգայնօրէն չէ ճանչցուած:

Պաշտպանը մասնաւորաբար անդրադարձած է ազատ տեղաշարժի, հաղորդակցութեան, տնտեսական զարգացման եւ շարք մը այլ իրաւունքներու խախտման օրինակներուն, ներառեալ` օդակայանի, ջրային պաշարներու միացեալ կառավարման, քաղաքացիական փաստաթուղթերու ճանաչելիութեան, ներդրողներու նկատմամբ իրականացուող հետապնդումներու վերաբերող: Ան ընդգծած է, որ նմանատիպ խնդիրները պատճառ կը դառնան արցախցիներու իրաւունքներու համակարգային խախտումներու, որոնց վերացման ուղղութեամբ միջազգային հանրութիւնը պարտաւորութիւն ունի կատարելիք:

Ա. Բեգլարեան կարեւոր նկատած է մարդու իրաւունքներու համընդհանրութեան սկզբունքի պատշաճ կիրարկումը, յատկապէս չճանչցուած պետութիւններու բնակիչներուն նկատմամբ, քանի որ անոնք մեծապէս խոցելի են առկայ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման:

Նշենք, որ Քալիֆորնիա աշխատանքային այցելութիւնը կազմակերպուած է Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի հետ միասին` Միացեալ Նահանգներու Հայ իրաւաբաններու միութեան նախաձեռնութեամբ:

Նախորդը

Փայլան Անգարայէն Յստակացում Կը Պահանջէ Պատրիարքական Ընտրութեան Միջամտութեան Վերաբերեալ

Յաջորդը

Արթուր Վանեցեան Տուած Է Խիստ Նկատողութիւններ Ու Յանձնարարականներ

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.