Քապըր Շմունի մէջ կիրակի երեկոյեան արձանագրուած զինեալ բախումներուն հետեւանքները շարունակուեցան երէկ մերթ
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, մերթ քաղաքական անձնաւորութիւններուն կատարած յայտարարութիւններուն եւ գետնի վրայ բացուած հետաքննութիւններուն ընդմէջէն:
Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Որոշեց Ապահովական Կայունութիւնը Անյապաղ Ալէյին Վերադարձնել Եւ Յանցագործները Ձերբակալել
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրի, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթէյշ, արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհան, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Պետական անվտանգութեան սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար, բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուր, ընդհանուր դատախազի տեղակալը, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ գնդապետ-զօրավար Խալետ Համմուտ եւ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչը:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Լեռնալիբանանի զինեալ միջադէպին մանրամասնութիւնները:
Նիստէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ գնդապետ-զօրավար Ուաժտի Շամսէտտին յայտնեց, որ նախագահ Աուն ընդգծած է Լիբանանը բաղկացնող հիմնական երեք յատկանիշները, որոնք հետեւեալներն են. կրօնի ազատութիւն, տարբեր կարծիք ունենալու իրաւունք եւ խօսքի ազատութեան իրաւունք:
Նախագահ Աուն դատական եւ ապահովական կառոյցներէն պահանջեց շարունակել պէտք եղած հետաքննութիւններն ու աշխատանքը` կարգի ու կանոնի սահմաններուն մէջ, եւ կատարել ձերբակալութիւններ:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ երկրին քաղաքական իրավիճակին, որ ուղղակի ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկրին տնտեսական եւ բարեկարգչական մթնոլորտին վրայ:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին հանդարտեցնելու կացութիւնը եւ տիրող լարուածութիւնը` առանց երկրին զինուորական եւ ապահովական կառոյցները միջամուխ դարձնելու քաղաքական տարակարծութիւններուն:
Նախագահ Աուն ընդգծեց նախանցեալ օրուան զինեալ միջադէպին մանրամասնութիւնները բացայայտելու կարեւորութիւնը` համապատասխան քայլերու դիմելու նպատակով:
Ապա Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնը ներկայացուց միջադէպին մանրամասնութիւնները եւ անոր հետեւանքները: Իր կարգին, բանակի հրամանատարը Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին տրամադրեց բանակի հրամանատարութեան տեղեկութիւնները, ինչպէս նաեւ այն քայլերը, որոնք որդեգրուեցան` իրավիճակին լուծում գտնելու համար:
Քննարկումներէ ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը.
«Լեռնալիբանանի Ալէյ գաւառի կարգ մը գիւղաքաղաքներուն մէջ պատահած զինեալ բախումներուն եւ անոնց պատճառած զոհերուն, ինչպէս նաեւ նախարարներն ու երեսփոխանները իրենց փոխադրութեան ընթացքին թիրախ դարձնելուն, անոնց խօսքի ազատութիւնը արգիլելու, մայր եւ ներքին ճամբաներ փակելու լոյսին տակ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը կը հաստատէ Լեռնալիբանանի մէջ ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` մերժելով որեւէ ձեւի արիւնահեղութիւն:
«Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը յստակ որոշումներ տուած է ապահովական կայունութիւնը անյապաղ Ալէյին վերադարձնելու եւ յանցագործները ձերբակալելու, ու զանոնք յանձնելու դատական իշխանութիւններուն:
«Խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց, որ համապատասխան դատական իշխանութեան կողմէ հետաքննութեան արդիւնքները շուտով հրապարակուին` վերջ տալու համար սադրանքներուն, պահպանելու լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ փարատելու համար քաղաքացիներուն եւ զբօսաշրջիկներուն մտահոգութիւնները:
«Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ երկրին քաղաքական համախոհութիւնը պահպանել ամբողջ Լիբանանի տարածքին եւ ամրապնդել զայն:
«Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին որոշումները կը մնան գաղտնի, օրէնքին համաձայն»:
Արսլան Հրաւիրեց Մամլոյ Ասուլիսի Մը
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան Խալտէի իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ցաւ յայտնեց նախարար Սալեհ Ղարիպի դէմ գործուած մահափորձին համար` խոր կսկիծ յայտնելով նաեւ զինեալ բախումներուն պատճառով Ռամի Սալմանի եւ Սամեր Ապու Ֆարաժի սպանութեան առիթով:
Ան հասատատեց, որ իրենց համար այս սադրանքը նախապատրաստողը եղած է սադրանքի եւ դաւադրութեան երեսփոխանը, որ կը նստի նաեւ կառավարութեան սեղանին վրայ` առանց յարգելու ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան նուազագոյն օրէնքները:
«Լեռնալիբանանի մէջ պատահածը դաւադրութիւն է, որուն նախապատրաստութիւնը եւ հրահրումը կատարուեցաւ երկու օր առաջ», ըսաւ ան` հարց տալով, որ արդեօք Լեռնալիբանանը լիբանանեան պետութեան սահմաններուն մէ՞ջ կը գտնուի, թէ պէտք է յատուկ այցետոմսեր ստանալ` հոն մուտք գործելու կամ այդ շրջանը այցելելու համար:
Արսլան մերժեց ամէն տեսակի խուլիկանութիւն եւ երկչոտ արարք:
Ան գնահատեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին որոշումները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին:
«Պատահածը ամօթալի դէպք է, որ մերժելի է, իսկ լիբանանեան պետութիւնը կոչուած է իր իշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը բանեցնելու այդ շրջանին մէջ», ըսաւ ան:
Արսլան պահանջեց, որ Սալեհ Ղարիպի դէմ գործուած մահափորձին թղթածրարը յանձնուի փոխանցուի Արդարութեան խորհուրդին` աւելցնելով, որ ինք նախագահ Աունի հետ ունենալիք հանդիպումին ընթացքին նոյն պահանջը պիտի ներկայացնէ:
Ան իր խօսքը աւարտեց հաստատելով, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանի մէջ ապրիլ իրենց արժանապատուութեամբ եւ զայն պահպանելու համար պատրաստ են շատ սուղ վճարելու:
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արսլանը
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստէն ետք, նախագահ Աուն կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլանը` ընկերակցութեամբ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Արսլան նշեց, որ նախագահ Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին ան խնդրած է նախարար Սալեհ Ղարիպի դէմ գործուած մահափորձին թղթածրարը յանձնել Արդարութեան խորհուրդին:
Ան աւելցուց, որ նախագահ Աունին տրամադրած է զինեալ բախումներուն վերաբերող իր տուեալներն ու տեղեկութիւնները:
Միւս կողմէ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին քրէական փաստահաւաքները հասան Քապըր Շմուն, ուր լիբանանեան բանակը անցարգելներ զետեղած էր:
Ոստիկանութեան փաստահաւաք բաժանմունքին միացաւ նաեւ ընդհանուր դատախազի գործակատար դատախազ Իմատ Քապալան, որ անձամբ հետեւեցաւ Քապըր Շմունի մէջ տեղի ունեցող հետաքննութիւններուն, ինչպէս նաեւ ստուգեց զինեալ միջադէպին վայրը:
Նշենք, որ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան համակիրները երէկ առաւօտեան Պաալշմայ-Սաուֆար շրջանին ճամբաները փակեցին հրկիզուող անիւներով:
Անոնք այդ քայլերուն վերջ տուին, եւ ճամբան կարելի եղաւ վերաբանալ Արսլանի թելադրանքներով:
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան համակիրները դարձեալ հրկիզուած անիւներով փակեցին Պաալշմայի ճամբան եւ կարճ ժամանակ ետք վերաբացին զայն:
Հակազդեցութիւններու Ալիք
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հետեւեցաւ Լեռնալիբանանի զինեալ միջադէպին մանրամասնութիւններուն` հաստատելով, որ ժամանակն է հիմնուելու իմաստութեան վրայ եւ անմիջապէս լուծելու այդ հարցը:
Պըրրի նշեց, թէ պէտք է դատական իշխանութեան արտօնել, որ իր դերակատարութիւնը ունենայ այս իմաստով:
Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ կոչ ուղղեց բոլորին շրջանցելու վէրքերն ու տարակարծութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ Լեռնալիբանանի մէջ սադրանքի մթնոլորտին վերջ մը տալ:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հաստատեց, որ ամբողջ Լիբանանը լիբանանցիներուն համար նոյն հողն է: Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին զսպելու իր անձին եւ Լիբանանի նկատմամբ գործուած այն սխալները, որոնք կը գործուին իրեն մօտիկ անձնաւորութիւններուն կողմէ:
Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ բարձր գնահատեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին տրուած որոշումները` հաստատելով, որ Լեռնալիբանանի ապահովութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան քաղաքական որեւէ այլ հաշիւ: