Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրատ Փափազեան. «Արցախի Խնդիրը Ֆրանսահայութեան Եւ Մաքրոնի Միջեւ Խզումի Հիմնական Պատճառը Կրնայ Դառնալ»

Յուլիս 2, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ֆրանս-Արմենի»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, պատասխանելով Արցախի քաղաքներուն եւ ֆրանսական քաղաքներուն միջեւ կնքուած բարեկամութեան համաձայնագիրները ֆրանսական դատարանին կողմէ չեղեալ նկատելու որոշումին վերաբերող հարցումի մը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (ՖՀԿՀԽ) համանախագահ Մուրատ Փափազեան ըսած է. «Վստահաբար կը յիշէք, որ 5 փետրուարին, նախագահ Մաքրոնի ներկայութեան Փարիզի մէջ կայացած ՖՀԿՀԽ-ի տարեկան ընթրիքին ընթացքին, իմ խօսքիս մէջ անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեցի բոլոր քաղաքապետներուն, որոնք Արցախի հետ ստորագրած են բարեկամութեան համաձայնագիր եւ կոչ ուղղեցի նախագահին` ի նպաստ դիրքորոշուելու ապակեդրոն համագործակցութեան այս քայլերուն: Սակայն օրին արդէն հանրապետութեան նախագահը շատ յստակ արդէն դէմ արտայայտուած էր բարեկամութեան այս նախաձեռնութիւններուն. կէտ մը, որուն կարծրօրէն կ՛ընդդիմանանք: Այս իմաստով, ուրեմն ան մեզի չդաւաճանեց, որովհետեւ ոչինչ խոստացած էր, ընդհակառակն: Այսուհանդերձ երբեք մեր միտքէն իսկ չէինք անցըներ, որ պետութիւնը դատական համակարգին միջոցին կը դիմէ տուեալ քաղաքապետներուն` կասեցնելու անոնց առած ազնուական քայլը: Հետեւաբար, հանրապետութեան նախագահին հետ այժմ ունինք քաղաքական աննախընթաց հարց»:

Մ. Փափազեանի համաձայն, երկու շաբաթէ ի վեր կացութիւնը տխուր է, մէկ կողմէ կը լսուին ձայները դառնացած եւ ընդվզած քաղաքապետներուն, որոնք իրենց կամքը արտայայտած են ի նպաստ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան, որոնք կը բաժնեն ժողովրդավարական միեւնոյն արժէքները, եւ միւս կողմէ` պետութեան, որ տեղի կու տայ Ազրպէյճանի կամայականութեան դիմաց:

«Յամենայն դէպս, շատ առարկայական կերպով պիտի վերլուծեմ կացութիւնը եւ ըսեմ հետեւեալը. Էմանուէլ Մաքրոն երկու թղթածրարի գծով յանձնառութիւն վերցուցած է.

1.- Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը` 24 ապրիլը Ֆրանսայի մէջ ազգային օր հռչակել, ինչ որ գործադրեց շատ արագ, որ անշուշտ մեծապէս կը գնահատենք:

2.- Որդեգրել պատժական օրէնք մը` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման գծով: Այս իմաստով ցարդ կը սպասենք Էլիզէի յստակ կեցուածքին:

Սակայն Հայ դատը ամբողջութիւն մըն է, որ չի հատուիր: Այսինքն, չենք կրնար ի նպաստ գործել Հայոց ցեղասպանութեան թղթածրարին, բայց միւս կողմէ սպասարկել Ազրպէյճանին, որուն նպատակն է բնաջնջել Արցախի հայութիւնը: Ուրեմն այստեղ հարցականներ կը ստեղծուին անկեղծութեան իմաստով:

Վերջապէս, յայտնեմ, որ այս ընթացքով, Արցախի խնդիրը ֆրանսահայութեան եւ Մաքրոնի միջեւ խզումի հիմնական պատճառը կրնայ դառնալ, սակայն տակաւին կայ առիթ համախոհութեան յանգելու, եւ յառաջիկայ ամիսները վճռական պիտի ըլլան այս գծով: Պէտք է յստակ դիրքորոշուիլ այլեւս, որովհետեւ «միաժամանակ»-ը ընդունելի չէ այլեւ: «Միաժամանակ»` ի նպաստ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ «միաժամանակ» այսպէս կոչուած Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան:

Ի վերջոյ, մենք մինչ այդ անդադար պիտի յիշեցնենք հանրապետութեան նախագահին, որ ինչքա՛ն հիմնարար արժէքներ են մեզի համար Արցախի հայութեան անկախութիւնն ու ֆրանսական դիւանագիտութեան անկախութիւնը` ազրպէյճանական բռնապետութեան դիմաց», հաստատած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Առաքելութիւն Կատարողներու Առաջին Խումբը Տեսակցած Է Վարչապետին Հետ

Յաջորդը

Ակնարկ. 5 Օր Առաջ Հնչած Ահազանգը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?