Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քապըր Շմունի Միջադէպին Յառաջացուցած Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Փորձեր

Յուլիս 3, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քապըր Շմունի մէջ կիրակի երեկոյեան արձանագրուած զինեալ միջադէպին յառաջացուցած լարուածութիւնը տակաւին կը մնայ տիրական վիճակի մէջ:

Մինչ բանակը նախանցեալ երեկոյեան արդէն իսկ սկսաւ խուզարկութիւններ կատարել վերոնշեալ շրջանին մէջ եւ ձերբակալել յանցագործներ ու կասկածելիներ, վարչապետ Սաատ Հարիրի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ – զօրավար Ապպաս Իպրահիմը գործուղեց` լուծելու համար լարուածութիւնը:

Ապպաս Իպրահիմ իսկոյն ուղղուեցաւ Խալտէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հետ` ներկայութեամբ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի:

Հանդիպումէն ետք Իպրահիմ յայտնեց, որ ապահովութիւնը վերահաստատելու առաջին քայլը յանցագործները ապահովութեան ուժերուն կամ դատական իշխանութիւններուն յանձնելն է` աւելցնելով, որ զոհերու դիակներու յանձնումի որոշումը Արսլանի եւ զոհերու հարազատներուն կը վերաբերի:

Իպրահիմ հաստատեց, որ իրենք սկսած են յանցագործները ստանձնել:

Իր կարգին, Արսլան հաստատեց, որ Ապպաս Իպրահիմ իրենց վստահութիւնը կը վայելէ, որովհետեւ ան իր ստանձնած բոլոր թղթածրարները արդարութեամբ եւ իրաւացիութեամբ կը լուծէ` վերահաստատելով ապահովական կայունութիւնն ու արդարութիւն բերելով բոլորին:

Արսլան աւելցուց նաեւ, որ Լեռնալիբանանի մէջ լիբանանեան բանակին քայլերը իրենց կարգին լուրջ էին եւ ցոյց կու տային, որ Քապըր Շմունի միջադէպի լուծման իմաստով լրջութիւն կայ:

Նշենք, որ բանակին կատարած ձերբակալութիւններէն բացի, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն անձնատուր եղած են երեք այլ յանցագործներ:

Իսկ Քապըր Շմունի զինեալ բախումներուն ընթացքին սպաննուած երիտասարդներ Ռամի Սալմանի եւ Սամեր Ապի Ֆարաժի ընտանիքները իրենց զաւակներուն դիակները դուրս բերին Քապըր Շմունի հիւանդանոցէն` զանոնք տեղափոխելով Շամլանի հիւանդանոցներէն մէկը, ուրկէ շատ հաւանաբար կատարուի անոնց յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որ տակաւին կը մնայ առկախ:

Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը օրէնքին ենթակայ է` աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը այդ միջադէպին առաջին իսկ վայրկեանէն հետաքննութիւն պահանջած է:

Ժոմպլաթ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն` բարձր գնահատելով բանակի գաղտնի սպասարկութեան եւ ապահովական կառոյցներուն դերակատարութիւնը` ապահովական կայունութիւնը պարտադրելու իմաստով:

Հարիրի-Ժոմպլաթ Հանդիպում

Երեկոյեան տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետի Վերտանի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը` վարչապետ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ` ներկայութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի:

Հանդիպումին մասին մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ համախոհութիւն տիրած է Քապըր Շմունի միջադէպը լուծելու առումով:

 

Նախորդը

Փարլիի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին . Նախագահ Աուն Շեշտեց Լիբանանի Կառչածութիւնը Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Եւ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին

Յաջորդը

Թուրքերը Կը Փորձեն Իւրացնել Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?