ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը յունիս 2019 ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 16 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ մայիս 2019 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 376 պարագայ:
Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 6 զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացան ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 9 պարագաներ, որոնք արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Ընտանիքի բազմացման ֆոնտէն (3-րդ երեխայ եւ աւելի) օգտուած է 1 նորածին` 2 հազար ամ. տոլար:
Այս ձեւով անցնող 26 ամիսներուն` մայիս 2017-էն յունիս 2019, Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացած են 392 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


