Newsletter

Հայաստան Կոչ Ուղղած Է Թուրքիոյ` Կիպրոսի  Բացառիկ Տնտեսական Գօտիին Մէջ  Գործողութիւնները Դադրեցնելու

Հայաստան Կոչ Ուղղած Է Թուրքիոյ` Կիպրոսի Բացառիկ Տնտեսական Գօտիին Մէջ Գործողութիւնները Դադրեցնելու

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մտահոգութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ նոր հորատում իրականացնելու փորձին գծով եւ կոչ ուղղած է Թուրքիոյ` դադրեցնելու ամէն տեսակի գործողութիւն: Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Մեր խորին մտահոգութիւնը կը յայտնենք Թուրքիոյ` Կիպրոսի հիւսիս-արեւելքին մէջ նոր հորատման գործողութիւն իրականացնելու փորձին առիթով: Արեւելեան միջերկրածովեան շրջանին մէջ Թուրքիոյ ...

Սաատ Հարիրի Նշանակուեցաւ Վարչապետ

Լիբանանի Իշխանութեան Երեք Պետերը Կը Հակազդեն Հըզպալլայի Երեք Պատասխանատուներու Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան Ելեւմտական Պատժամիջոցներուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հակազդեցին օր մը առաջ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ Հըզպալլայի երեք պատասխանատուներու դէմ հաստատուած  ելեւմտական պատժամիջոցներուն: Նախագահական պալատէն հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ մերթ ընդ մերթ նման պատժամիջոցներու հաստատումը կը հակադրուի ամերիկեան նախկին կեցուածքներուն հետ, որոնց մէջ կ՛ընդգծուէր, թէ Լիբանանը եւ անոր դրամատնային մարզը...

Պըրրի Լաւատես Է Լեռնալիբանանի Միջադէպին  Քաղաքական Լուծման Կարելիութեամբ

Պըրրի Լաւատես Է Լեռնալիբանանի Միջադէպին Քաղաքական Լուծման Կարելիութեամբ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով երեսփոխաններ, որոնց շարքին նաեւ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Նիստէն ետք յայտնուեցաւ, որ նախքան խորհրդարանի լիագումար նիստը, կառավարութիւնը պէտք է գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի վաւերացնէ պետական ամավարկին վերաբերող հաշուական վերջին գործառնութիւնը, ինչպէս նաեւ ստանայ ելեւմտական եւ պետական...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 155.  Վահագն Զաքարեան Զեկուցեց «Մշակութային  Կեանքը Այսօրուան Հայաստանի Մէջ» Նիւթին Մասին

Մամլոյ Լսարան Թիւ 155. Վահագն Զաքարեան Զեկուցեց «Մշակութային Կեանքը Այսօրուան Հայաստանի Մէջ» Նիւթին Մասին

Գործակցաբար «Վանայ ձայն»-ին եւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան երէկ` չորեքշաբթի, 10 յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 155-րդ լսարանը` ներկայութեամբ միութենական թէ մամուլի պատասխանատուներու ու աշխատակիցներու, ինչպէս նաեւ մշակութասէր ազգայիններու: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Վանայ ձայն»-ի հաղորդավարներէն Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի անունով ողջունեց օրուան բանախօս` հայրենի լրագրող, հաղորդավար եւ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս...

Ակնարկ.  Կառավարական Նիստեր Առկախելու  Կամ Գումարելու Աւանդութիւնը

Ակնարկ. Կառավարական Նիստեր Առկախելու Կամ Գումարելու Աւանդութիւնը

Լեռնալիբանանի պատահարի տարողութիւնը ակնկալելիօրէն մագլցում արձանագրած է եւ վերածուած քաղաքական ճգնաժամի: Ճգնաժամ` լիբանանեան պետութեան համար կ՛ենթադրէ անդամալուծման գործընթաց կամ այս պարագային գործադիր իշխանութեան ժողովականութեան առկախում: Քաղաքական ճգնաժամներու պարագային ընդհանրապէս արտակարգ իրավիճակներու ստեղծման զուգահեռ-համաքայլ` պետական -իրաւապահ մարմինները կամ այս պարագային կառավարութիւնը կը գումարէ արտահերթ նիստ` կանխարգիլելու համար հետագայ որեւէ վտանգաւոր զարգացում: Լիբանանեան իրավիճակը յատուկ է. պայթունավտանգ նոր իրավիճակներէ խուսափելու համար կառավարութիւնը...

Տեղի Ունեցած Է ՀՅԴ – ԱԺՄ Հանդիպումը

Տեղի Ունեցած Է ՀՅԴ – ԱԺՄ Հանդիպումը

9 յուլիսին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի եւ Ազգային ժողովրդավարական միութիւն (ԱԺՄ) կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Հանդիպումին նախաձեռնած էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, որ կը շարունակէ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շարքը խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու հետ: ԱԺՄ կուսակցութեան կողմէ հանդիպումին մասնակցած են կուսակցութեան վարչութեան անդամներ Անահիտ Աղոյեան, Ատրինէ Աւագեան, Աշոտ Այվազեան, Վարդան Վարդանեան...

Զոհրապ Մնացականեանն Ու Սերկէյ Լաւրով  Քննարկած Են Ղարաբաղեան Տագնապի  Խաղաղ Լուծման Հոլովոյթը

Զոհրապ Մնացականեանն Ու Սերկէյ Լաւրով Քննարկած Են Ղարաբաղեան Տագնապի Խաղաղ Լուծման Հոլովոյթը

Սլովաքիոյ Վիսոքէ Թաթրի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ-ի ոչ պաշտօնական նախարարական հանդիպումի ծիրին մէջ 8 յուլիսին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական դաշնակցային օրակարգին, երկկողմանի եւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր: Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են շրջանային...

Ֆրանսայի Խորհրդարանի Ստորին Պալատը  Վաւերացուցած Է Հայաստան –  Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

Ֆրանսայի Խորհրդարանի Ստորին Պալատը Վաւերացուցած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան թուիթըրեան իր էջին վրայ շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովին: Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատը` Ազգային ժողովը վաւերացուցած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: «Հայաստան կ՛ողջունէ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացումը: Շնորհակալութիւն Ֆրանսայի Ազգային ժողովին», գրած է ան:  

Արցախի Ազգային Ժողովին Մէջ Ընտրական  Օրէնսգիրքի Նախագիծի Քննարկում`  Արտախորհրդարանական Ուժերու Մասնակցութեամբ

Արցախի Ազգային Ժողովին Մէջ Ընտրական Օրէնսգիրքի Նախագիծի Քննարկում` Արտախորհրդարանական Ուժերու Մասնակցութեամբ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ 9 յուլիսին արտախորհրդարանական 10 ուժերու մասնակցութեամբ քննարկուած է Արցախի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծը: Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումը բաց յայտարարելով` Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան շնորհակալութիւն յայտնած է ներկաներուն հրաւէրը ընդունելու համար եւ ընդգծած երկրին համար նման կարեւոր փաստաթուղթի շուրջ քննարկումներու կազմակերպումը` ժողովրդավարական ընտրութիւններու չափանիշներուն համապատասխան...

ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութիւնը  Փարիզի Մէջ Բողոքի Ցոյց Կը Կազմակերպէ  Ֆրանսեւազրպէյճանական Համագործակցութեան Դէմ

ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութիւնը Փարիզի Մէջ Բողոքի Ցոյց Կը Կազմակերպէ Ֆրանսեւազրպէյճանական Համագործակցութեան Դէմ

ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութիւնը որոշած է այսօր` չորեքշաբթի, 10 յուլիսի երեկոյեան, Փարիզի մէջ, արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ ցոյց մը կազմակերպել` բողոքելու համար ֆրանսեւազրպէյճանական համագործակցութեան դէմ: Այս առիթով ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը վերյիշեցուի ֆրանսական արդարադատութեան` Արցախի հետ բարեկամութեան ուխտերու ջնջումի որոշումը եւ կ՛ըսուի. «Ֆրանսա անգամ մը եւս կ՛ոտնակոխէ այն արժէքները, որոնք կոչուած են իրը ըլլալու: Սոյն...

Նախագահ Աուն Ա. Կիտանեանէն Իմացաւ  Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ 2019-ի Առաջին  Կիսուն Արձանագրուած Արդիւնքներուն Մասին

Նախագահ Աուն Ա. Կիտանեանէն Իմացաւ Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ 2019-ի Առաջին Կիսուն Արձանագրուած Արդիւնքներուն Մասին

  Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որմէ իմացաւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ 2019-ի առաջին կիսուն արձանագրուած արդիւնքներուն մասին: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ի գործ դրած ջանքերը` զբօսաշրջիկներու նկատմամբ հոգատարութեան վերաբերեալ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզին մէջ առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին արձանագրուած զարգացումը արդիւնք է...

«Մայրական Երախտագիտութիւն» Մետալ` Արցախով Շնչող «Ազդակ»-ի Խմբագրին

«Մայրական Երախտագիտութիւն» Մետալ` Արցախով Շնչող «Ազդակ»-ի Խմբագրին

«ԵՐԿԻՐ» Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած` Հայ մամուլի համահայկական համաժողովի մասնակիցները, որոնք Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի առաջնային տպագիր, էլեկտրօնային մամուլի առաջին դէմքերն էին, առիթ ունեցան լինելու նաեւ ՀՅԴ-ի` Պէյրութում լոյս տեսնող «Ազդակ» թերթի խմբագրութիւնում եւ խմբագիր Շահան Գանտահարեանին յանձնելու Արցախի «Մայրութիւն» ՀԿ-ի «Մայրական երախտագիտութիւն» յուշամետալը: Այն յանձնեց Արցախի «Ապառաժ» պարբերականի վերլուծաբան Միքայէլ Հաջեանը` նշելով, որ «Ազդակ»-ը` ի դէմս Գանտահարեանի, մշտապէս...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Արցախի Կազմակերպութեան Շրջանային Ժողովի Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ «Ապառաժ»-ի շրջանի Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ 6-7 յուլիսին եւ ընտրեց Կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմ մը: ՀՅԴ Արցախի կազմակերպութեան Շրջանային ժողովը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովը, քննելով եւ վերլուծելով Արցախում տիրող կացութիւնը եւ յառաջիկայ տեղական ինքնակառավարման մարմինների (ՏԻՄ), նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններում Դաշնակցութեան դիրքորոշումները, արձանագրելով, որ որոշ քաղաքական ուժերի եւ առանձին գործիչների կողմից վաղաժամկէտ սկսած նախագահական...

Վարչապետ Փաշինեան Պաշտօնական  Այցելութիւն Տուաւ Սինկափուր

Վարչապետ Փաշինեան Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ Սինկափուր

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սինկափուրի «Իսթանա» կառավարական նստավայրին մէջ հանդիպում  ունեցած է երկրի նախագահ Խալիմա Եաքոպին հետ: Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ  հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Եաքոպ ողջունելով Հայաստանի վարչապետի պաշտօնական այցելութիւնը Սինկափուր` նշած է, որ երկրին մէջ առկայ փոքրաթիւ հայ համայնքը կը վայելէ մեծ հեղինակութիւն: «Ձեր այցելութիւնը ունի մեծ նշանակութիւն մեր երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները...

Նախագահ Սարգսեան Երկօրեայ  Այցելութիւն Տուած Է Սիւնիքի Մարզ

Նախագահ Սարգսեան Երկօրեայ Այցելութիւն Տուած Է Սիւնիքի Մարզ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 5 եւ 6 յուլիսին երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն տուած է Սիւնիքի մարզ: Անոր առաջին կանգառը հայ-իրանական սահմանին գտնուող Մեղրիի Ազատ տնտեսական գօտին էր, անկէ ետք այցելած է մարտական դիրքեր, տարբեր գործարաններ եւ Մեղրիի շրջանային բժշկական կեդրոն: Նախագահ Սարգսեան շրջագայած է Ազատ տնտեսական գօտիի տարածքին մէջ եւ ծանօթացած իրականացուող աշխատանքներուն: Մարտական դիրքեր այցելելով` նախագահը ողջունած է սահմանապահները...

Ազրպէյճանի Դեսպանը Խօսած Է  Ուաշինկթընի Մէջ  Մնացականեան-Մամետեարով  Հանդիպումի Արդիւնքին Մասին

Ազրպէյճանի Դեսպանը Խօսած Է Ուաշինկթընի Մէջ Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպումի Արդիւնքին Մասին

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման փաստը ինքնին արդէն դրական է: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Էլին Սուլէյմանով: «Ուաշինկթընի մէջ հանդիպման փաստը արդէն կը խօսի այն մասին, որ Միացեալ Նահանգները, իբրեւ համանախագահ երկիր, ցուցադրած է իր հետաքրքրութիւնը: Հաւանաբար, ատիկա է կարեւորագոյնը եւ ինքնին` հանդիպումը: Համանախագահ բոլոր երկիրները անհրաժեշտ կը...

Փայլան Քննադատած Է Թուրք Ազգայնական  Երեսփոխանը` Հակահայ  Արտայայտութիւններուն Համար

Փայլան Քննադատած Է Թուրք Ազգայնական Երեսփոխանը` Հակահայ Արտայայտութիւններուն Համար

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Տիգրանակերտէն երեսփոխան Կարօ Փայլան անդրադարձած է «Գորշ գայլեր»-ու քաղաքական թեւը եղող Ազգայնական շարժում կուսակցութեան` Իգտիրէն նախկին երեսփոխան, հակահայ գործունէութեամբ յայտնի Սինան Էօղանի թուիթըրեան գրառումին: Վերջինս իր դժգոհութիւնը յայտնած է Իգտիրի, Կարսի եւ Վանի մէջ հայկական պատուիրակութիւններու այցելութիւններուն, մասնաւորաբար Համահայկական խաղերու պատուիրակութեան այցելութեան վերաբերեալ: «Տակաւին չեն հասցուցած չորնալ ընտրութիւններու քուէաթղթիկներու վրայի կնիքները, սակայն արդէն հայկական պատուիրակութիւնները...

Էրտողանի Հրամանով Վանայ Լիճի Կղզիները Առնուած Են Աւելի Ուժեղ Պաշտպանութեան Տակ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրամանով Վանայ լիճի չորս կղզիներէն երեքը ներառուած են բնական արգելավայրի կազմին մէջ եւ այսուհետեւ աւելի ուժեղ պաշտպանութեան տակ պիտի առնուին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Որոշումը կը վերաբերի բազմաթիւ զբօսաշրջիկներու համար նախընտրելի զբօսաշրջային վայր նկատուող Աղթամար, Կտուց եւ Լիմ կղզիներուն, ուր կը գտնուին վանական համալիրներ: Որոշումին նպատակը նաեւ լիճին շրջակայքը ապրող բազմաթիւ անասուններու...

Նախագահ Աուն Պըրրիի  Եւ Արսլանի Հետ Քննարկեց  Քապըր Շմունի Միջադէպի  Հետեւանքները Լուծելու Ջանքերը

Նախագահ Աուն Պըրրիի Եւ Արսլանի Հետ Քննարկեց Քապըր Շմունի Միջադէպի Հետեւանքները Լուծելու Ջանքերը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս արձանագրուած վերջին զարգացումները, որոնք կը վերաբերին Քապըր Շմունի միջադէպին եւ անոր հետեւանքները լուծելու ջանքերուն: Հանդիպումէն ետք Պըրրի Պաապտայէն մեկնեցաւ յայտնելով, որ ինք նախագահական պալատ այցելած է նախագահ Աունի բարի լոյս ըսելու: Կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանեան...

Page 210 of 256 1 … 209 210 211 … 256