Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրամանով Վանայ լիճի չորս կղզիներէն երեքը ներառուած են բնական արգելավայրի կազմին մէջ եւ այսուհետեւ աւելի ուժեղ պաշտպանութեան տակ պիտի առնուին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Որոշումը կը վերաբերի բազմաթիւ զբօսաշրջիկներու համար նախընտրելի զբօսաշրջային վայր նկատուող Աղթամար, Կտուց եւ Լիմ կղզիներուն, ուր կը գտնուին վանական համալիրներ:
Որոշումին նպատակը նաեւ լիճին շրջակայքը ապրող բազմաթիւ անասուններու տեսակներն ու բոյսերը ոչնչացումէն փրկելն է: