Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Երկօրեայ Այցելութիւն Տուած Է Սիւնիքի Մարզ

July 9, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 5 եւ 6 յուլիսին երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն տուած է Սիւնիքի մարզ: Անոր առաջին կանգառը հայ-իրանական սահմանին գտնուող Մեղրիի Ազատ տնտեսական գօտին էր, անկէ ետք այցելած է մարտական դիրքեր, տարբեր գործարաններ եւ Մեղրիի շրջանային բժշկական կեդրոն:

Նախագահ Սարգսեան շրջագայած է Ազատ տնտեսական գօտիի տարածքին մէջ եւ ծանօթացած իրականացուող աշխատանքներուն:

Մարտական դիրքեր այցելելով` նախագահը ողջունած է սահմանապահները եւ նշած, որ խորհրդանշական է Սահմանադրութեան օրը սահմանին գտնուիլը: Ան շատ կարեւոր նկատած է սահմանապահներուն աշխատանքը` ընդգծելով, որ անձնուրաց կերպով անոնք կը ծառայեն թէ՛ ամրան տաքին, թէ՛ ձմրան ցուրտին: Նախագահը անոնց մաղթած է յաջողութիւն ու բարի ծառայութիւն:

Իր այցելութեան ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահը նաեւ եղած է մարզի արտադրական կարգ մը ձեռնարկութիւններուն մէջ:

Հայաստանի նախագահը նաեւ մասնակցած է Քարահունջի թութի փառատօնին:

Սիւնիքի մարզ կատարած աշխատանքային այցելութեան աւարտին հանրապետութեան նախագահը այցելած է Գորիսի Ֆրանս-հայկական սրտանօթային կեդրոն: Ֆրանսահայ բժիշկ, սրտաբան, Ֆրանս-հայկական սրտանօթային կեդրոնի հիմնադրամի տնօրէն Աւետիս Մատիկեանի ընկերակցութեամբ, նախագահը շրջագայած է բժշկական կեդրոնին մէջ, ծանօթացած պայմաններուն եւ մատուցուող ծառայութիւններուն: Բարձրակարգ մասնագէտներով ու ժամանակակից բժշկական սարքաւորումներով յագեցած կեդրոնը կը սպասարկէ ո՛չ միայն Սիւնեաց աշխարհին, այլ նաեւ Արցախի, Վայոց Ձորի սրտանօթային խնդիրներ ունեցող բնակիչներուն:

Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Աւետիս Մատիկեանին, որուն նախաձեռնութեամբ կառուցուած է կեդրոնը, ինչպէս նաեւ անձնակազմին` նուիրուած աշխատանքին համար:

Իր այցելութեան աւարտին նախագահը դիտել տուած է, որ Սիւնիքը հպարտանալու արժէքներ եւ մեծ ներուժ ունեցող մարզ է: Ան ցաւով նշած է, որ այդ մեծ ներուժին մէկ մասը տակաւին չ՛օգտագործուիր:

Նախագահը ցաւով նշած է նաեւ, որ Կապանը, որ եղած էր արդիւնաբերական քաղաք, ներկայիս այդ արդիւնաբերութեան մէկ մասը կորսնցուցած է: Սակայն Սիւնիքի մէջ կան շարք մը ձեռնարկութիւններ, որոնք, ըստ Սարգսեանի, զարգանալու եւ ընդլայնելու ներուժ ունին, պէտք է աջակցիլ անոնց:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Դեսպանը Խօսած Է Ուաշինկթընի Մէջ Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպումի Արդիւնքին Մասին

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ Սինկափուր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.