Newsletter

Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարէն Յետոյ

Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարէն Յետոյ

Սոյն յօդուածը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եզրափակիչ պատգամին, արտասանուած հայ մամուլի տարուան առթիւ Կաթողիկոսարանէն ներս կազմակերպուած համագումարի փակման նիստին, 4 Յուլիս, 2019-ին Հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համագումարը իր աւարտին հասաւ։ Արդարեւ, քննարկուած նիւթերը այնքա՜ն բազմազան էին ու այլազան, արծարծուած խնդիրները այնքա՜ն այժմէական էին ու հրատապ, հայ մամուլին դիմագրաւած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները այնքա՜ն բազմաբնոյթ էին, մեր հայեցակէտերն ու արժեւորումները...

Ակնարկ.  ԵԱՀԿ-ի Մէջ Հայկական Առաւելներ Թէ՛  Անգարայի Եւ Թէ՛ Պաքուի Ուղղութեամբ

Ակնարկ. ԵԱՀԿ-ի Մէջ Հայկական Առաւելներ Թէ՛ Անգարայի Եւ Թէ՛ Պաքուի Ուղղութեամբ

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին համար արցախեան հակամարտութեան մասին պատրաստուած զեկուցումին մէջ  օգտագործուած էր այնպիսի եզրաբանութիւն, որ  կը պաշտպանէր Ազրպէյճանի շահերը:  Եզրաբանութիւնը  բնականաբար միակողմանի էր  եւ համահունչ չէր հաւասարակշռութիւն պահպանող միջնորդական առաքելութեան օգտագործած բառապաշարին եւ ըսելաձեւերուն: ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին զեկուցողը   նկատի պէտք է ունենար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն օգտագործած եզրոյթները իրավիճակի գնահատական ձեւակերպելու ընթացքին եւ որեւէ կերպ հակասութիւն պէտք չէ ստեղծեր միեւնոյն...

Արմէն Սարգսեան. «Արցախեան Պատերազմին  Եւ Անոր Փառապսակը Հանդիսացող Շուշիի Ազատագրման  Ժամանակ Յաղթեց Հայաստանի, Արցախի  Եւ Սփիւռքի Մեր Միասնական Ուժը»

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը` Իր Լիազօրութիւններուն Մասին. «Ես Կ՛աշխատիմ Սահմանադրութեան Սահմաններուն Մէջ»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կարծիք յայտնեց, որ անկախ անկէ, թէ ո՛վ ինչ պաշտօն կը զբաղեցնէ, տուեալ պաշտօնը ինչպիսի նկարագրութիւն ունի, անհատն է, որ, այդ պաշտօնը զբաղեցնելով, կը ձեւաւորէ արդիւնք: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` 6 յուլիսին Քարահունջի մէջ, պատասխանելով բնակիչներու հարցումներուն, նախագահ Արմէն Սարգսեան ըսաւ, թէ իր նախագահական լիազօրութիւններու շրջագիծին մէջ կրնայ բաւական բան ընել: «Ես կ՛աշխատիմ Սահմանադրութեան սահմաններուն մէջ: Եւ, կը...

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ  Միջազգային Ֆալքոն Շարժում  Կազմակերպութեան Համագումարին

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Միջազգային Ֆալքոն Շարժում Կազմակերպութեան Համագումարին

27-29 յունիս 2019-ին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցաւ «Միջազգային Ֆալքոն շարժում-Միջազգային ընկերվարական կրթութիւն» կազմակերպութեան «Վերադարձ արմատներուն» խորագիրը կրող համագումարը: Համագումարին կը մասնակցէին կազմակերպութեան անդամ միութիւններու շուրջ հինգ տասնեակ ներկայացուցիչներ: ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւնը կը ներկայացնէր Քրիստինէ Վարդանեան (Հայաստան): Համագումարի օրակարգի գլխաւոր կէտերն էին կազմակերպութեան նոր ընդհանուր քարտուղարի, նախագահի, ինչպէս նաեւ նախագահութեան նոր կազմի ընտրութիւնները: Երկու օր տեւած քննարկումներն ու աշխատանքները...

Նիկոլ Փաշինեանը Հանդիպում Ունեցած Է  Վիեթնամի Ազգային Ժողովի Նախագահին Հետ

Նիկոլ Փաշինեանը Հանդիպում Ունեցած Է Վիեթնամի Ազգային Ժողովի Նախագահին Հետ

6 յուլիսի առաւօտեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Վիեթնամի Ազգային ժողովի նախագահ Նկույեն Թխի Քիմ Նկանի հետ: Վերջինս բարձր գնահատած է վարչապետի պաշտօնական այցելութիւնը Վիեթնամ եւ նշած, որ անիկա նոր ազդակ պիտի հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն զանազան ոլորտներու մէջ: «Մենք կը հետեւինք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, կը շնորհաւորենք ձեզ արձանագրուող յաջողութիւններուն եւ միջազգային ասպարէզին մէջ Հայաստանի դիրքի ամրապնդման առնչութեամբ»,...

Արծուիկ Մինասեան. «Սահմանադրական  Ճգնաժամ Չկայ, Ատիկա Արհեստածին Երեւոյթ Է»

Արծուիկ Մինասեան. «Սահմանադրական Ճգնաժամ Չկայ, Ատիկա Արհեստածին Երեւոյթ Է»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան կը կարծէ, թէ երկրին մէջ սահմանադրական ճգնաժամ չկայ, ատիկա արհեստածին երեւոյթ է, որ օրակարգ բերած են մարդիկ, խումբեր` փորձելով արժեւորել իրենց կամ իրենց նեղ քաղաքական խմբային շահերը: «Չկայ սահմանադրական ճգնաժամ, կայ պարզ, տարրական, մարդկային, նուազագոյն, իրաւական գիտելիքներու տիրապետելու կամ առնուազն անոնցմով առաջնորդուելու ճգնաժամ: Մարդիկ չեն ուզեր իրենց մտաւոր կամ նուազագոյն գիտելիքները օգտագործել` կարդալու,...

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Մարդու  Իրաւունքներու Յանձնախումբը Ողջունած Է  Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հոլովոյթը

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնախումբը Ողջունած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հոլովոյթը

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի մարդու իրաւունքներու յանձնախումբը ողջունած է Իտալիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Ֆրանսայի կողմէ ապրիլ 24-ի` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր հաստատումը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը: «Տակաւին նոր ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի մարդու իրաւունքներու կոմիտէն որդեգրեց ամբողջ պարբերութիւն մը, որով ողջունեց...

Հայաստանի Ջանքերով ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական  Վեհաժողովի Բանաձեւէն Վերցուած Են  Հակահայկական Ձեւակերպումները

Հայաստանի Ջանքերով ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Բանաձեւէն Վերցուած Են Հակահայկական Ձեւակերպումները

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու յանձնախումբը որդեգրած է ֆրանսացի պատուիրակի մը կողմէ առաջարկուած կէտ մը, որով կ՛արձանագրուի, թէ Արցախի հիմնախնդիրը պէտք է լուծուի բացառապէս Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան ձեւաչափին մէջ` երեք հաւասարազօր սկզբունքներու հիմամբ` ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման: Հայաստան կրցած է կանխարգիլել նաեւ բանաձեւերէն մէկուն մէջ հակահայկական ձեւակերպումներու ընդգրկումը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին...

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Պաալպեք

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Պաալպեք

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Սեզար Մաալուֆի, այցելեց Պաալպեք, ուր շրջեցաւ ծաղիկներու եւ Պաալպեքի ձեռարուեստի յատուկ ցուցահանդէսին եւ շրջանի զբօսավայրերուն մէջ: Նախարար Կիտանեան այցելեց նաեւ Պաալպեքի բերդն ու հնութիւնները: Այս առիթով նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ ինք ուրախ է իր կատարած այցելութեամբ, որովհետեւ կրցած է տեսնել Պաալպեքի եւ Ռաս Այնի գեղեցիկ պատկերը, «որ դժբախտաբար չենք կրնար յաւուր պատշաճի ներկայացնել`...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանեան  Դեսպանատան Մշակոյթի Ու  Յարաբերութեանց Պատասխանատուն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանեան Դեսպանատան Մշակոյթի Ու Յարաբերութեանց Պատասխանատուն

Շաբաթ, 6 յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդունեց Իրանի դեսպանատան մշակոյթի եւ յարաբերութեանց պատասխանատու դոկտ. Մեհտի Շարիաթմատարը: Այցելութեան նպատակն էր չորս տարիներու ծառայութենէն ետք հրաժեշտ առնել եւ շնորհակալութիւն յայտնել վեհափառին: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադառնալու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս Իրանը յուզող ներկայ հարցերուն: Դոկտ. Մեհտի Շարիաթմատարի իր ուրախութիւնը յայտնեց Իրանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ...

Մեր Կորուստները.  Մահացած Է Դեսպան Արման Կիրակոսեան

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Դեսպան Արման Կիրակոսեան

63 տարեկանին մահացած է Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Կիրակոսեան: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Ան առաջին իսկ օրէն կանգնած եղած է նորանկախ Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան կայացման ակունքներուն եւ իր անգնահատելի ներդրումը ունեցած է այդ գործին մէջ: Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Կիրակոսեաններու ընտանիքին եւ հարազատներուն, բոլոր անոնց, որոնք...

Խմբագրական.  Մամուլի Համաժողովը` Համահայկական  Օրակարգի Ձեւաւորման Սատարող Գործօն

Խմբագրական. Մամուլի Համաժողովը` Համահայկական Օրակարգի Ձեւաւորման Սատարող Գործօն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած Հայ մամուլի համահայկական համաժողովը նախանցեալ օր աւարտեց իր աշխատանքները: Համընդգրկուն օրակարգի նման համընդգրկուն էր նաեւ մասնակիցներու ցանկը: Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ սփիւռքի ամէնէն առաջնային տպագիր, ելեկտրոնային մամուլի առաջին դէմքերը ընդառաջած էին հրաւէրին եւ մասնակցած համաժողովին: Նման համախմբումները անշուշտ ունին իրենց պատմականը: Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ սկսած, ապա Հայաստանի լրագրողներու միութեամբ համատեղուած եւ վերջապէս սփիւռքի...

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հանդիպում  Ունեցած Է Վիեթնամի Վարչապետին Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հանդիպում Ունեցած Է Վիեթնամի Վարչապետին Հետ

Պաշտօնական այցելութեամբ Վիեթնամ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Վիեթնամի վարչապետ Նկույեն Սուան Ֆուկի հետ: Երկու երկիրներու վարչապետները նախ առանձնազրոյց ունեցան, ապա ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ վարեցին: Բանակցութիւններուն հիման վրայ Երեւանն ու Հանոյը ստորագրեցին կրթութեան եւ  զբօսաշրջութեան մարզին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիրներ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Նկույեն Սուան Ֆուկ լրատուամիջոցներուն համար հանդէս եկան յայտարարութեամբ: Երեկոյեան Վիեթնամի վարչապետին անունով սարքուեցաւ պաշտօնական ընթրիք:

Խորհրդակցութիւններու Ծրագիրի Ստորագրում`  Արցախի Ու Հայաստանի Արտաքին  Գործոց Նախարարներուն Միջեւ

Խորհրդակցութիւններու Ծրագիրի Ստորագրում` Արցախի Ու Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ

Արցախի ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Մասիս Մայիլեանն ու Զոհրապ Մնացականեան երէկ` 5 յուլիսին, ստորագրած են երկու նախարարութիւններուն միջեւ 2019-2020-ի խորհրդակցութիւններու ծրագիրը: Պատասխանելով երկու հայկական հանրապետութիւններու  նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած յուշագիրի կարեւորութեան մասին հարցումին` Մասիս Մայիլեան նշած է, որ առաջին անգամ ըլլալով ստորագրուած խորհրդատուութիւններու ծրագիրը հիմնուած է երկու նախարարութիւններու համագործակցութեան հռչակագիրին հիման վրայ: «Ասիկա կարեւոր փաստաթուղթ է, որ կը բարձրացնէ երկու...

10 Յուլիսին Բողոքի Ցոյց` Ընդդէմ  Ֆրանս-Ազրպէյճանական Համագործակցութեան

10 Յուլիսին Բողոքի Ցոյց` Ընդդէմ Ֆրանս-Ազրպէյճանական Համագործակցութեան

Ֆրանսայի մէջ 10 յուլիսին ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ բողոքի ցոյց` ընդդէմ ֆրանս-ազրպէյճանական ռազմաքաղաքական համագործակցութեան: Այդ մասին կը տեղեկացնէ «Նուվել Տ՛Արմենի»-ն: «Նախորդ ամիս մենք իմացանք, որ ֆրանսական կառավարութեան աջակցութեամբ ու ազրպէյճանական լոպիի ազդեցութեան տակ Ֆրանսայի վարչական դատարանները չեղեալ նկատած են Ֆրանսայի եւ Արցախի 5 քաղաքներու բարեկամութեան հռչակագիրները: Անոնք չեղեալ նկատուած են տնտեսական ու քաղաքական պատճառներով` ազրպէյճանական...

Ռամլիէի Մէջ Ռամի Սալմանի  Դիակը Յանձնուեցաւ Հողին

Ռամլիէի Մէջ Ռամի Սալմանի Դիակը Յանձնուեցաւ Հողին

Երէկ Կէս Գիշերին Լեռնալիբանանի Զինեալ Միջադէպին Մեղսակցած Երկու Յանցագործներ Յանձնուեցան Ընդհանուր Ապահովութեան Լեռնալիբանանի զինեալ միջադէպը լուծելու ջանքերուն շրջագիծին մէջ երէկ կէս գիշերին Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կողմէ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն յանձնուած են զինեալ միջադէպին մեղսակցած երկու յանցագործները: Ան աւելցուց, որ հարցը լուծման ճամբուն վրայ կը գտնուի: Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար...

Նախարար Կիտանեան. «Այսօր Կարիքը Ունինք  Վստահելու Զբօսաշրջութեան Մարզին»

Նախարար Կիտանեան. «Այսօր Կարիքը Ունինք Վստահելու Զբօսաշրջութեան Մարզին»

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն, արուեստագէտներուն, մտաւորականներուն եւ լրագրողներուն զօրակցելու երկրին զբօսաշրջական եղանակին` կարելի եղածին չափ Լիբանանի մասին դրական պատկեր տարածելով: Ան նշեց, որ հակառակ երկրին դիմագրաւած դժուար ու բարդ պայմաններուն, ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնել Լիբանանը իր գեղեցիկ պատկերով ներկայացնելու աշխարհին: Քֆարտըպիանի փառատօնին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Ա. Կիտանեան ըսաւ. «Այսօր...

Մամլոյ 154-րդ Լսարան.  Ժիրայր Չոլաքեան Խօսեցաւ  Փարիզի Հայ Թատրոնի  Ընկերակցութեան Յայտնաբերած  Թատերական Գործերուն Մասին

Մամլոյ 154-րդ Լսարան. Ժիրայր Չոլաքեան Խօսեցաւ Փարիզի Հայ Թատրոնի Ընկերակցութեան Յայտնաբերած Թատերական Գործերուն Մասին

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան եւ համագործակցութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 5 յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 154-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Փարիզի Հայ թատրոնի ընկերակցութեան յայտնաբերած թատերական գործերը», իսկ զեկուցաբերը` «Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան: Բացման ու բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան, որ...

Հանդիպում` ՀՅԴ ԶՈՄ Եւ Հըզպալլայի  Ներկայացուցիչներու Միջեւ

Հանդիպում` ՀՅԴ ԶՈՄ Եւ Հըզպալլայի Ներկայացուցիչներու Միջեւ

Հինգշաբթի, 4 յուլիս 2019-ին, «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական միութեան եւ Հըզպալլայի ուսանողական-երիտասարդական վարչութեան ներկայացուցիչներու միջեւ: Այցելութիւնը նախաձեռնած էին Հըզպալլայի ներկայացուցիչները` նպատակ ունենալով վերահաստատել երկու կուսակցութիւններու եւ միութիւններուն միջեւ նախապէս ի գործ դրուած դաշինքն ու համագործակցութիւնը ուսանողական, երիտասարդական եւ յատկապէս համալսարանական օրակարգերու շուրջ: Երկու ժամ տեւած հանդիպման աւարտին, երկու միութիւններու ներկայացուցիչները որոշեցին աշխուժացնել միջկուսակցական...

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (6) .  Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Լուրին  Կառոյցին Եւ Կը Վերադառնան  Ամառնային Դադարէ Մը Ետք

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (6) . Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Լուրին Կառոյցին Եւ Կը Վերադառնան Ամառնային Դադարէ Մը Ետք

«Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի երկրորդ փուլի շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ապագայ լրագրողներուն ընթացիկ հանդիպումը: Լրագրական վարժողական ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեան ներկայացուց լուրին կառոյցը եւ լուր մը գրելու յատկանիշները: Հանդիպումը եղաւ ներգործօն եւ աշխատանքային` լուր մը գրելու իմաստով: Յայտնենք, որ Ապագայ լրագրողները ամառնային դադարէ մը ետք պիտի վերադառնան ամբողջացնելու` պատրաստուած լրագրողներու վարժողական ծրագիրը:

Page 211 of 256 1 … 210 211 212 … 256