Սլովաքիոյ Վիսոքէ Թաթրի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ-ի ոչ պաշտօնական նախարարական հանդիպումի ծիրին մէջ 8 յուլիսին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական դաշնակցային օրակարգին, երկկողմանի եւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են շրջանային եւ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներուն շուրջ:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին:
Հանդիպում` Սերպիոյի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ
9 յուլիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Իվիցա Թաչիչի հանդիպումը, կը յայտնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:
Կողմերը քննարկեցին երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցեր` ուղենշելով քաղաքական երկխօսութեան աւելի աշխուժացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք յառաջիկայ քայլերը:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ միջազգային կառոյցներու մէջ փոխադարձ գործակցութեան խորացման առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հրատապ խնդիրներ:
Հայաստանի եւ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձ կատարեցին ԵԱՀԿ-ի օրակարգային խնդիրներուն, միտքեր փոխանակեցին կազմակերպութեան գործունէութեան եւ անոր շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան շուրջ:
Նաեւ ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական Հաստատութիւններու Եւ Մարդու Իրաւունքներու Գրասենեակի Տնօրէնին Հետ
Սլովաքիոյ մէջ ընթացող ԵԱՀԿ-ի ոչ պաշտօնական նախարարական հանդիպման ծիրին մէջ 8 յուլիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ) տնօրէն Ինկիպէօրկ Սոլրուն Կիսլատոթիրի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ԵԱՀԿ-ի օրակարգային հարցերուն, կազմակերպութեան գործունէութեան երեք հարթութիւններու վրայ Հայաստանի աշխուժ ներգրաւուածութեան:
Կողմերը անդրադարձ կատարած են նախորդ դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն` այս առնչութեամբ բարձր գնահատելով ընտրական ընթացքին մէջ ԵԱՀԿ/ ԺՀՄԻԳ-ի հետ սերտ համագործակցութիւնը:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հայաստանի մէջ իրականացուող մարդու իրաւունքներու խրախուսման եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերող բարեփոխումներուն շուրջ, որոնց կարգին` դատաիրաւական ոլորտին մէջ: Նախարար Մնացականեան վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը շարունակելու փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը միջազգային գործընկերներուն հետ` ուղղուած Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու խթանման ու մեր ձեռքբերումներու ամրապնդման: Երկուստեք յատուկ կերպով անդրադարձած են ԵԱՀԿ-ի յանձնառութիւններու ծիրին մէջ այս ուղղութիւններով համագործակցութեան առաւել ամրապնդման: