Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սինկափուրի «Իսթանա» կառավարական նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցած է երկրի նախագահ Խալիմա Եաքոպին հետ:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Եաքոպ ողջունելով Հայաստանի վարչապետի պաշտօնական այցելութիւնը Սինկափուր` նշած է, որ երկրին մէջ առկայ փոքրաթիւ հայ համայնքը կը վայելէ մեծ հեղինակութիւն: «Ձեր այցելութիւնը ունի մեծ նշանակութիւն մեր երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ տնտեսական կապերը զարգացնելու գործին մէջ», ըսած է Խալիմա Եաքոպ` աւելցնելով, որ Սինկափուրը պատրաստ է սերտօրէն համագործակցելու հայ գործընկերներուն հետ, իրականացնել փորձի փոխանակում:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կարեւոր կը նկատէ Սինկափուրի հետ համագործակցութեան խորացումը եւ աւելցուցած, որ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ կան ջերմ յարաբերութիւններ:
Հայաստանի վարչապետը եւ Սինկափուրի նախագահը քննարկած են ներդրումային ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւններուն, առեւտրական-տնտեսական կապերու զարգացման, երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր:
Հանդիպում` Սինկափուրի Վարչապետին Հետ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Սինկափուրի Հանրապետութեան վարչապետ Լի Սիեն Լոնքի հետ:
Լի Սիեն Լոնքի հետ հանդիպումին ընթացքին նշուած է, որ Փաշինեանի այցելութիւնը նոր ազդակ պիտի հաղորդէ երկու պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան: Ըստ Սինկափուրի վարչապետին, Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը Սինկափուրի մէջ կը վայելեն մեծ յարգանք, եւ իր գլխաւորած կառավարութիւնը շահագրգռուած է հայկական կողմին հետ աշխուժ գործակցութիւն ծաւալելով: Ան կարեւոր նկատած է փոխադարձ գործակցութիւնը տնտեսութեան ոլորտին մէջ, ընդգծած առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման եւ ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը:
Վարչապետ Փաշինեան իր կարգին նշած է, որ երկկողմանի արդիւնաւէտ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք հայ-սինկափուրեան կապերը հետեւողականօրէն պիտի ընդլայնին: Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ ամբողջ աշխարհը տպաւորուած է Սինկափուրի զարգացման փորձով, եւ մեր երկիրը նոյնպէս ատիկա կը նկատէ օրինակելի: «Մենք շահագրգռուած ենք խորացնելու քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական համագործակցութիւնը, սերտացնելու կապերը ժողովուրդներուն միջեւ», ըսած է վարչապետը` կարեւոր նկատելով նաեւ գործարար մակարդակի վրայ փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը:
Հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներու վարչապետները քննարկած են ներդրումային միացեալ ծրագիրներու իրականացման, առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու բարձրացման, բարձր արհեստագիտութեան, զբօսաշրջութեան, օդանաւորդութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան կարելիութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Անոնք անդրադարձած են Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Սինկափուրի միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման համաձայնագիրի ստորագրութեան` համոզմունք յայտնելով, որ ասիկա եւս նոր թափ պիտի հաղորդէ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու բարձրացման:
Հանդիպման իբրեւ արդիւնք Հայաստանի եւ Սինկափուրի կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան քանի մը փաստաթուղթեր` առեւտուրի, զբօսաշրջութեան, ելեւմուտքի, մշակոյթի եւ երկրագործութեան եւ այլ բնագաւառներու վերաբերող: