Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցած Է ՀՅԴ – ԱԺՄ Հանդիպումը

July 10, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

9 յուլիսին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի եւ Ազգային ժողովրդավարական միութիւն (ԱԺՄ) կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Հանդիպումին նախաձեռնած էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, որ կը շարունակէ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շարքը խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու հետ:

ԱԺՄ կուսակցութեան կողմէ հանդիպումին մասնակցած են կուսակցութեան վարչութեան անդամներ Անահիտ Աղոյեան, Ատրինէ Աւագեան, Աշոտ Այվազեան, Վարդան Վարդանեան եւ Հրաչ Համբարձումեան, իսկ Դաշնակցութեան կողմէ` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ Շաղիկ Մարուխեան եւ Աշոտ Սիմոնեան:

Իշխան Սաղաթէլեան նշած է, որ Դաշնակցութիւնն ու ԱԺՄ-ն միասին ճամբայ կտրած են, եւ այժմ տեսանելի են համագործակցութեան հեռանկարները Հայաստանի մէջ առկայ խնդիրներուն լուծումներ առաջարկելու ուղղութեամբ:

Անահիտ Եղոյեան ըսած է, որ երկու կուսակցութիւնները երկրին մէջ առկայ իրավիճակը նոյն ձեւով կը վերլուծեն, եւ այդ հարցին մէջ կայ փոխըմբռնում` երկրին մէջ տիրող անհանդուրժողականութեան մթնոլորտը արգելք է որեւէ յառաջընթացի համար:

Արծուիկ Մինասեան ներկայացուցած է Դաշնակցութեան նախաձեռնած ոլորտային յանձնախումբերու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ որոշ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու առնչութեամբ կուսակցութեան տեսակէտները: Ան խօսած է նաեւ Դաշնակցութեան «Զարգանալ` չզիջելով» հայեցակարգի կարեւորութեան եւ անոր շուրջ համախոհ ուժերու համախմբման անհրաժեշտութեան մասին:

Կողմերը համակարծիք եղած են, որ միասնական օրակարգի ձեւաւորումը պիտի վերաբերի ապագայի քաղաքականութեան մշակման եւ այլընտրանքային օրակարգի առաջարկման:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է աւելի եւս աշխուժացնելու միջկուսակցական կապերը` ներքաղաքական կարեւորագոյն հարցերուն շուրջ:

Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի այս նախաձեռնութեան նպատակն է խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական քաղաքական առողջ ուժերուն հետ քննարկել երկրին մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակը եւ շարք մը հարցերու ուղղութեամբ ճշգրտել մօտեցումներն ու համագործակցութեան հաւանական ուղիները:

 

Նախորդը

Զոհրապ Մնացականեանն Ու Սերկէյ Լաւրով Քննարկած Են Ղարաբաղեան Տագնապի Խաղաղ Լուծման Հոլովոյթը

Յաջորդը

Ակնարկ. Կառավարական Նիստեր Առկախելու Կամ Գումարելու Աւանդութիւնը

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Կը Փորձէ Իր Որոշումներուն Համար Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ»

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.