Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ա. Կիտանեանէն Իմացաւ Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ 2019-ի Առաջին Կիսուն Արձանագրուած Արդիւնքներուն Մասին

Յուլիս 10, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որմէ իմացաւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ 2019-ի առաջին կիսուն արձանագրուած արդիւնքներուն մասին:

Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ի գործ դրած ջանքերը` զբօսաշրջիկներու նկատմամբ հոգատարութեան վերաբերեալ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզին մէջ առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին արձանագրուած զարգացումը արդիւնք է երկրին վայելած ապահովական կայունութեան: «Այս իրականութիւնը մեզ աւելի եւս յանձնառու կը դարձնէ պաշտպանելու այդ կայունութիւնը եւ ապահովելու այնպիսի մթնոլորտ, որ կը քաջալերէ զբօսաշրջիկները` ուղղուելու Լիբանան եւ աշխուժացնելու տնտեսական մարզը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց նախարար Կիտանեանի ջանքերը, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան կապուած մարզերուն հետ անոր գործակցութիւնը. այս բոլորին արդիւնքը կ՛արտացոլայ զբօսաշրջական մարզին մէջ արձանագրուած թիւերուն ընդմէջէն:

Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ արձանագրուած են բաւական դրական արդիւնքներ, որոնց համաձայն` վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին դէպի Լիբանան զբօսաշրջիկներուն այցելութեան թափը 2010-ի արդիւնքները գերազանցած է: «Այս տարուան առաջին կիսուն Լիբանան այցելած եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն թիւը 100 հազարով բարձրացած է, այսինքն արձանագրուած է 40 առ հարիւրի աճ մը` բաղդատած 2010-ի թիւերուն եւ համեմատութիւններուն: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ ամերիկացի զբօսաշրջիկներու թիւին: Սակայն արաբական երկիրներէն Լիբանան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւին պարագային տակաւին բաց մը կայ: Անցեալ տարուան տուեալներով, այսինքն` 2018-ի առաջին կիսուն արաբ զբօսաշրջիկներու թիւին արձանագրած բացը 40 առ հարիւր էր` բաղդատած 2010 տարուան, իսկ այսօր այդ համեմատութիւնը նուազած է 22 առ հարիւրի, ինչ որ կացութեան բարելաւման ցուցանիշ է», հաստատեց Ա. Կիտանեան:

Զբօսաշրջութեան նախարարը յայտնեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է Ալէյի միջադէպին կապուած կարգ մը մտահոգութիւններ` աւելցնելով, որ եթէ կարելի չըլլայ այդ միջադէպին լուծում մը գտնել, ապա մտավախութիւն կայ, որ անոր հետեւանքները կրնան զբօսաշրջութեան մարզին վրայ ազդել: Ան շեշտեց սակայն, որ Ալէյի այդ միջադէպը տակաւին պատճառ չէ եղած զբօսաշրջիկներուն կողմէ իրենց կատարած ամրագրումներու ջնջումին: «Նախագահ Աուն փարատեց մտահոգութիւններս` յայտնելով, որ Ալէյի միջադէպը կ՛ուղղուի դէպի լուծում, շնորհիւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր գործակցութեան», ըսաւ ան:

Պաապտայի մէջ, նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ եւրոպական այն երկիրներուն, որոնց բնակիչները մեծ թիւով կ՛այցելեն Լիբանան: «Այդ երկիրներէն է, օրինակ, Ֆրանսան: Լիբանան այցելած ֆրանսացի զբօսաշրջիկներուն համեմատութիւնը 30 առ հարիւրի աճ արձանագրած է` բաղդատած անցեալ տարուան համեմատութեան, իսկ 42 առ հարիւրի աճ` բաղդատած 2010-ի տուեալներուն: Այցելուներու բարձր համեմատութեան աճը կը վերաբերի նաեւ Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ: Ռուսիոյ պարագային եւս զբօսաշրջիկներուն համեմատութիւնը 27 առ հարիւրի աճ արձանագրած է` բաղդատած 2010-ի տուեալներուն», ըսաւ Ա. Կիտանեան:

Արաբական երկիրներէն Լիբանան ժամանող զբօսաշրջիկներուն մասին Կիտանեան յայտնեց, որ 2019-ի առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին Լիբանան այցելած սէուտցի զբօսաշրջիկներուն թիւը հասած է 44 հազարի, այսինքն` 100 առ հարիւրի աճ մը արձանագրուած է` բաղդատած անցեալ տարուան, իսկ 37 առ հարիւրի նահանջ` բաղդատած 2010-ի տուեալներուն: «Յոյսով ենք սակայն, որ յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն համեմատութեան բարելաւում մը արձանագրուի», հաստատեց Ա. Կիտանեան:

Ան նշեց, որ Եգիպտոսէն եկած 50 հազար զբօսաշրջիկները 60 առ հարիւրի աճ մը արձանագրած են` բաղդատած 2010-ի համեմատութեան: «Քաթարցի զբօսաշրջիկներուն թիւը հասած է 9 հազարի, իսկ յորդանանցիներունը` 43 հազարի, որ բաւական նսեմացած կը նկատուի` բաղդատած 2010-ին, երբ յորդանանցի զբօսաշրջիկներուն թիւը հասած էր 132 հազարի: Յորդանանցի զբօսաշրջիկներու թիւի անկումին հիմնական պատճառը ցամաքային ճամբով Լիբանան հասնելու դժուարութիւնն է: Իսկ քուէյթցի զբօսաշրջիկներուն պարագային արձանագրուած է 28 առ հարիւրի աճ` բաղդատած անցեալ տարուան թիւերուն, ինչպէս նաեւ 40 առ հարիւրի նահանջ` բաղդատած 2010-ի տուալներուն», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան իր յայտարարութիւնը եզրափակեց հետեւեալ կերպով. «Վերջին օրերուն ընթացքին զզուանք կ՛ապրիմ` նկատի ունենալով գետնի վրայ արձանագրուած զարգացումները: Զբօսաշրջութեան մարզը ութ տարիէ ի վեր կը տառապի, եւ այս տարի մեծ էին յոյսերը` այդ մարզը վերականգնելու նպատակով: Մեր մաղթանքն է, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն կարենանք շրջանցել բոլոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Այս առիթով կը վերահաստատեմ այն մարտահրաւէրը, որ այս տարուան ընթացքին զբօսաշրջական բացառիկ արդիւնքներ պիտի արձանագրենք: Այս թիւերուն կարեւորութիւնը ամփոփելու համար ըսեմ, որ այս տարուան առաջին կիսուն յաւելեալ հարիւր հազար եւրոպացիներուն Լիբանան այցելութիւնը 100 միլիոն տոլարի մուտք մը ապահոված է երկրին: Երանի լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները վերջ տան իրենք զիրենք մտրակելու արարքին: Համոզուած եմ, որ կրնանք ներկայ փուլը յուզող տագնապը շրջանցել, որովհետեւ կը նմանինք անոր, որ գանձին վրայ նստած գանձը կը փնտռէ: Կը զօրակցիմ նախագահ Աունին, որպէսզի բոլորս կարենանք շրջանցել ներկայ փուլը յուզող հարցերը»:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կը Շարունակէ Հետապնդել Քապըր Շմունի Միջադէպին Լուծումն Ու Կառավարութեան Նիստերու Բնականոնացումը

Յաջորդը

ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութիւնը Փարիզի Մէջ Բողոքի Ցոյց Կը Կազմակերպէ Ֆրանսեւազրպէյճանական Համագործակցութեան Դէմ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?