Newsletter

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Պատրաստութեան Դասընթացքը Աւարտեցաւ

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Պատրաստութեան Դասընթացքը Աւարտեցաւ

Մէկուկէս ամսուան աշխատանքէ ետք, երէկ, երեկոյեան, իր աւարտին հասաւ «Վանայ Ձայն»-ի երիտասարդ խօսնակներու պատրաստութեան խտացեալ դասընթացքը, երբ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, հայրենի լրագրող Վահագն Զաքարեան մասնակիցներուն ներկայացուց «Հայրենի լրագրութեան հիմունքներն ու աւանդութիւնները» նիւթը: Նիւթին ներկայացումէն եւ անոր հետեւած գործնական աշխատանքէն ետք, մասնակիցներուն անունով խօսք արտասանեց Գէորգ Եագուպեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Վանայ Ձայն»-ի կողմէ ընծայուած յատուկ առիթին եւ փորձառութեան համար: Ան...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահը Կը Մասնակցի «Արաբ Արթ Ֆեր»-ին

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Մասնակցի «Արաբ Արթ Ֆեր»-ին

Կազմակերպութեամբ «Արաբ Արթ Ֆեր»-ին երէկ` ուրբաթ, 12 յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Մոնրօ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ առաջին արաբական արուեստի ցուցահանդէսին բացումը, որուն նպատակն է աջակցիլ արուեստի շուկային եւ արուեստը հասանելի դարձնել բոլորին: Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը մասնակցեցաւ «Արաբ Արթ Ֆեր»-ին եւ ներկայացուց հայրենի արուեստագէտներ Քարլոս Սայատեանի, Աշոտ Յարութիւնեանի, Գայ Ղազանչեանի եւ Կակոյի գործերը: «Արաբ Արթ Ֆեր»-ի...

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին.  Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Պաշտօնապէս Յայտարարեց Ասիոյ 25-րդ Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Մասին

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Պաշտօնապէս Յայտարարեց Ասիոյ 25-րդ Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Մասին

Երէկ կէսօրին «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց 25-28 յուլիսին Քֆարզըպիանի (Քեսրուան) շրջանին մէջ Ասիոյ 25-րդ ախոյեանութիւնը` «Մաութըն Պայք»-ը հիւրընկալելու մասին: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, նախարար Ֆընէյշի ներկայացուցիչ Մոհամետ Աուայտաթ, մեծ...

Փաշինեան. «2020-ին Հայաստանի Մէջ  Կենսաթոշակները  Պիտի Բարձրանան 10 Առ Հարիւրով»

Փաշինեան. «2020-ին Հայաստանի Մէջ Կենսաթոշակները Պիտի Բարձրանան 10 Առ Հարիւրով»

10 յուլիսին տեղի ունեցած կառավարութեան արտահերթ դռնփակ նիստին ընթացքին հաստատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան 2020-2022 թուականներու պետական միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրը: Կառավարութեան 11 յուլիսի նիստին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մանրամասնեց, թէ որոշուած է, որ 1 յունուար 2020-էն սկսեալ  Հայաստանի մէջ 10 առ հարիւրով պիտի բարձրանան կենսաթոշակները, իսկ ընթացիկ տարուան 1 սեպտեմբերէն` ուսուցիչներու աշխատավարձերը: Ըստ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեանի, փոփոխութիւնը...

Փաշինեան Եւ Ռուհանի Քննարկած Են  Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հետ  Գործակցութեան Զարգացումը

Փաշինեան Եւ Ռուհանի Քննարկած Են Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հետ Գործակցութեան Զարգացումը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ: Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Երկուստեք գոհունակութեամբ յիշատակած են վերջերս Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած Հայ-իրանական միջկառավարական յանձնախումբի հերթական նիստը: Նշուած է ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման կարեւորութիւնը: Կողմերը քննարկած են նաեւ Իրան-Եւրասիական տնտեսական միութիւն համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակած են շրջանին մէջ տեղի...

Նախարար Տօնոյեան Ընդունած Է ՕԹԱՆ-Ի  Յատուկ Նշանակութեան Գործողութիւններու  Հրամանատարութեան Ղեկավարը

Նախարար Տօնոյեան Ընդունած Է ՕԹԱՆ-Ի Յատուկ Նշանակութեան Գործողութիւններու Հրամանատարութեան Ղեկավարը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող ՕԹԱՆ-ի յատուկ նշանակութեան գործողութիւններու հրամանատարութեան ղեկավար, փոխծովակալ Քոլին Քիլրէինը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ուսումնավարժական եւ փորձառութեան փոխանակման ոլորտին մէջ Հայաստանի զինուած ուժերու եւ ՕԹԱՆ-ի համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին փոխծովակալ Քիլրէին հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու բարձրաստիճան...

Առաջին «Էս-400»-ները Հասած Են Թուրքիա.  Ըստ Թուրք Զօրավարի Մը Հայաստան Կրնայ  Օդային Հարուածներ Հասցնել Թուրքիոյ

Առաջին «Էս-400»-ները Հասած Են Թուրքիա. Ըստ Թուրք Զօրավարի Մը Հայաստան Կրնայ Օդային Հարուածներ Հասցնել Թուրքիոյ

Թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթի վերլուծաբան Թունճա Պենճին ուշագրաւ յօդուած հրապարակած է` «Ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան պաշտպանութեան համակարգերը ո՞ր երկիրներէն մեզ պիտի պաշտպանեն» վերնագիրով: Անդրադառնալով այն հարցին, թէ այդ համակարգերը Թուրքիան յատկապէս ո՛ր երկիրներէն պիտի պաշտպանեն, յօդուածին հեղինակը պարզաբանման նպատակով հարցազրոյց կատարած է թուրք հանգստեան կոչուած զօրավար Իսմայիլ Հաքքը Փեքինի հետ, որ նշած է. «Թուրքիոյ դէմ օդային հաւանական յարձակումներ կրնան ըլլալ Յունաստանի...

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը  Խաղաղապահներու Եւ Կարմիր Խաչին Հետ Կ՛աշխատի  Գերիներու Եւ Դիակներու Փոխանակման  Մեքանիզմներուն Գծով

Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Ազրպէյճանական Ապատեղեկատուութիւնը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հերքած է 10 յուլիսին ազրպէյճանական որոշ լրատուամիջոցներու տարածած ապատեղեկատուութիւնը: Անոնք գրած էին, որ, իբր թէ Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները Չինարի եւ Մովսէս գիւղերու մերձակայքը տեղակայուած դիրքերէն կրակոցներ արձակած են Ալիպէյլի բնակավայրին ուղղութեամբ, այդ պատճառով ալ վնասուած են գիւղատնտեսական սարքեր:  

Քոնկրեսականներ Օպամային  Կոչ Ուղղած Են  Զերոյի Իջեցնելու Ռազմական  Օգնութիւնը Ազրպէյճանին

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Արցախի Վերաբերեալ Քոնկրեսական Չուի Առաջարկը Քուէարկութեան Դնելը

  Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ներքին կանոնակարգի յանձնախումբը քուէարկած է ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճուտի Չուի օրինագիծին, ըստ որուն, կ՛առաջարկուի պաշտպանել Արցախի վերաբերեալ Ռոյս-Էնկելի առաջարկը: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` տեղեկացնելով, որ ամենայն հաւանականութեամբ Ճուտի Չուի նախաձեռնութիւնը պիտի քննարկուի այս շաբաթ: Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունած է քոնկրեսական...

Թուրքիոյ Հայ Մտաւորականութիւնը  Կոչ Ուղղած Է Պատրիարքի Ազատ  Ու Անկախ Ընտրութիւն Կատարելու

Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարան. «Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութիւնները Խոչընդոտելը Կրօնական Ազատութեան Խախտում Է»

Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը հրապարակած է հիմնաւորում մը, թէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն խոչընդոտումը ինչո՛ւ նկատած է «կրօնական ազատութեան խախտում»: Հիմնաւորումը կ՛ամբողջացնէ Սահմանադրական դատարանի 22 մայիսին հրապարակած որոշումը, ըստ որուն, Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի անգործունակ ըլլալու շրջանին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ պատրիարքական ընտրութեան կազմակերպման խոչընդոտումը որակած էր «կրօնական ազատութեան խախտում»: Դատարանի հիմնաւորման մէջ ներկայացուած են պատրիարք Մութաֆեանի` հիւանդութեան պատճառով անգործունակ...

Վարչապետարանին Մէջ .  «Քապըր Շմունի Միջադէպին  Լուծման Հոլովոյթը Դրական Է»   Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Վարչապետարանին Մէջ . «Քապըր Շմունի Միջադէպին Լուծման Հոլովոյթը Դրական Է» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ գիշեր վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Քապըր Շմունի միջադէպին լուծման վերաբերող մանրամասնութիւններ: Իպրահիմ վարչապետարանէն ընդգծեց, որ Քապըր Շմունի միջադէպին լուծման հոլովոյթը դրական է` աւելցնելով, որ ինք այսօր պիտի շարունակէ լիբանանցի պատասխանատուներուն մօտ իր շրջապտոյտը` առանց բարդութիւններու: «Այնքան ատեն որ աշխուժութիւն կայ, բարիք կայ», ըսաւ ան: Նշենք, որ վարչապետ...

Նախագահ Աուն Կը Շարունակէ Քապըր Շմունի  Միջադէպին Հետեւանքներուն Լուծումը

Նախագահ Աուն Կը Շարունակէ Քապըր Շմունի Միջադէպին Հետեւանքներուն Լուծումը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը` ընկերակցութեամբ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի: Քննարկուեցան Քապըր Շմունի միջադէպին հետեւանքները լուծելու կարելիութիւնները: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ «Լա ռութ տիւ Լիպան»-ի նաւաստիներու պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ ֆրանսացի նաւավար Ժան...

Ֆընիանոս. «Կը Մնանք Մեր Խոստումին  Տէրը` Մինչեւ 1 Օգոստոս Պէյրութի Միջազգային  Օդակայանի Ընդարձակման Աշխատանքները Աւարտելու Գծով»

Ֆընիանոս. «Կը Մնանք Մեր Խոստումին Տէրը` Մինչեւ 1 Օգոստոս Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Ընդարձակման Աշխատանքները Աւարտելու Գծով»

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթայշ եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր եւ մեծ թիւով պատասխանատուներ երէկ շրջեցան Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ` ստուգելով օդակայանի ընդարձակման նպատակով կատարուող աշխատանքները: Այցելութեան աւարտին Ֆընիանոս հաստատեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ աշխատանքները ծրագրուած կերպով կ՛ընթանան: «Կը մնանք մեր խոստումին տէրը` մինչեւ 1...

Ահաբեկչական Պայթում Մը Ցնցեց Գամիշլիի Հայահոծ Թաղամասը

Ահաբեկչական Պայթում Մը Ցնցեց Գամիշլիի Հայահոծ Թաղամասը

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ երէկ` հինգշաբթի, 11 յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ականապատուած ինքնաշարժի մը ահաւոր պայթումը ցնցեց Գամիշլիի բնակչութիւնը: Ականապատուած ինքնաշարժ մը կանգ առաւ ասորի ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց, վայրկեաններ անց ինքնաշարժը պայթեցաւ: Արձանագրուեցան 11 վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ: Նշենք, որ նոյն թաղամասին մէջ կը գտնուին հայկական Ս. Յակոբ եկեղեցին, Ազգային առաջնորդարանը, Ազգային միացեալ միջնակարգ վարժարանը եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Թուրքիոյ Կողմէ  Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ  Գտնուող Ս. Մակարայ Վանքին Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Թուրքիոյ Կողմէ Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ Գտնուող Ս. Մակարայ Վանքին Մէջ

Ուրբաթ, 28 յունիս 2019 թուականը Արամ Ա. կաթողիկոսին կեանքին մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող օր մը դարձաւ, երբ վեհափառը անցաւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոս` այցելելու համար հայ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յատուկ կարեւորութիւն ունեցող հոգեւոր կեդրոնները: Վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի եւ Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, այցելեց Նիկոսիոյ թրքական բաժինին մէջ...

Թուսքի Հայաստան Այցելութեան Ընթացքին.  Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հաստատած Է,  Որ Հայաստան Միշտ Եղած Է  Եւրոպական Արժէքներու Բնօրրան

Թուսքի Հայաստան Այցելութեան Ընթացքին. Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հաստատած Է, Որ Հայաստան Միշտ Եղած Է Եւրոպական Արժէքներու Բնօրրան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 10 յուլիսին նախագահական նստավայրին մէջ ընդունած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքը: Նախագահ Սարգսեան ողջունած է Թուսքի այցելութիւնը Հայաստան եւ վստահութիւն յայտնած, որ ան բաւարարուած պիտի ըլլայ այս այցելութենէն, մանաւանդ որ Հայաստան եւրոպական արժէքներ կիսող երկիր է: «Հայաստանը ո՛չ միայն համաձայնագիր ստորագրած է Եւրոպական Միութեան հետ, այլեւ այն երկիրն է, որ մասնաւորապէս մշակութային առումով խորապէս...

Դաւիթ Բաբայեան. «Գործ Ունինք  Ահաբեկչական Պետութեան Հետ»

Դաւիթ Բաբայեանը Կը Պատասխանէ Թուսքին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան «Փանորամա»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ հիասթափած են Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի 9 յուլիսին Պաքուի մէջ կատարած այն յայտարարութենէն, որուն համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը կը զօրակցի Ազրպէյճանի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: «Մենք միշտ ալ ըսած ենք, թէ շատ կարեւոր է, որ միջազգային հանրութիւնը, յատկապէս հեղինակաւոր կազմակերպութիւններն ու միաւորումները, որոնց շարքին...

Բարձր Գնահատուած Է Հայաստանի Եւ Շուէտի  Միջեւ Գործակցութիւնը`  Միջազգային Կառոյցներուն Մէջ

Բարձր Գնահատուած Է Հայաստանի Եւ Շուէտի Միջեւ Գործակցութիւնը` Միջազգային Կառոյցներուն Մէջ

Սլովաքիոյ մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի ոչ պաշտօնական նախարարական հանդիպման ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Մարկոթ Վալսթրոմի հանդիպումը: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են հայ-շուէտական օրակարգի շարք մը հարցերու շուրջ եւ վերահաստատած երկկողմանի յանձնառութիւնը` գործնական քայլերու ձեռնարկելու զայն առաւել ընդլայնելու եւ հարստացնելու ուղղութեամբ: Նախարար Մնացականեան իր պաշտօնակիցին ներկայացուցած է մարդու իրաւունքներու խրախուսման, ժողովրդավարական հաստատութիւններու...

«Տիգրանակերտ» Զօրավարժարանին Մէջ  Կատարուած Են Ռազմափորձեր

«Տիգրանակերտ» Զօրավարժարանին Մէջ Կատարուած Են Ռազմափորձեր

Արցախի Պաշտպանութեան բանակին մէջ ընթացող կիսամեայ ամփոփիչ ստուգումներու ծիրին մէջ 10 յուլիսին «Տիգրանակերտ» զօրավարժարանին մէջ տեղի ունեցած է բանակի մարտավարական ռազմափորձերու մարտական հրաձգութեան փուլը, որուն հետեւած է Արցախի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար զօր. Կարէն Աբրահամեան: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, ուժեղացած հրաձգային գումարտակը, հրամանատարի մտայղացման համաձայն, բերուած է մարտական պատրաստականութեան համապատասխան աստիճանի, տարածուած է կեդրոնական շրջանին մէջ, նախապատրաստուած...

Ալիեւ. «Սթաթիւս Քոն Պէտք Է Փոխուի,  Եւ Այդ Փոփոխութիւնը Կը Նշանակէ Ազրպէյճանական  Հողերը Բռնագրաւումէն Ազատելու Սկիզբ»

Ալիեւ. «Սթաթիւս Քոն Պէտք Է Փոխուի, Եւ Այդ Փոփոխութիւնը Կը Նշանակէ Ազրպէյճանական Հողերը Բռնագրաւումէն Ազատելու Սկիզբ»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, թէ Լեռնային ղարաբաղի տագնապին չլուծուած ըլլալուն պատճառը Հայաստանի ապակառուցողական դիրքորոշումն է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան»-ը: Ան յայտնած է, թէ Թուսքը տեղեակ պահած է Ազրպէյճանի անփոփոխ այն դիրքորոշման մասին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ: «Սթաթիւս քոն անընդունելի...

Page 209 of 256 1 … 208 209 210 … 256