Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Իշխանութեան Երեք Պետերը Կը Հակազդեն Հըզպալլայի Երեք Պատասխանատուներու Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան Ելեւմտական Պատժամիջոցներուն

Յուլիս 11, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հակազդեցին օր մը առաջ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ Հըզպալլայի երեք պատասխանատուներու դէմ հաստատուած  ելեւմտական պատժամիջոցներուն:

Նախագահական պալատէն հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ մերթ ընդ մերթ նման պատժամիջոցներու հաստատումը կը հակադրուի ամերիկեան նախկին կեցուածքներուն հետ, որոնց մէջ կ՛ընդգծուէր, թէ Լիբանանը եւ անոր դրամատնային մարզը յանձնառու կը մնան դրամի լուացումի դէմ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրելու նպատակով գումարներու օգտագործումը արգիլող միջազգային համաձայնագիրներուն:

«Լիբանան ցաւ կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներ նման պատժամիջոցներ որդեգրած են, յատկապէս խորհրդարանի անդամ ընտրուած երկու երեսփոխաններու դէմ: Լիբանանեան իշխանութիւնները պիտի հետապնդեն այս կացութիւնը ամերիկեան իշխանութիւններուն  հետ, որպէսզի կարենան եզրակացութիւններու յանգիլ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ երեսփոխանական պլոքի նախագահի մը եւ երեսփոխանի մը դէմ հաստատուած ամերիկեան ելեւմտական պատժամիջոցները ամբողջ Լիբանանի դէմ գործուած բռնարարքներ կը նկատուին:

«Լիբանանի խորհրդարանին անունով հարց կու տամ, թէ արդեօ՞ք ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը հասած է հոն, ուր ենթադրէ եւ բռնարարքներ պարտադրէ աշխարհի ժողովրդավարութիւններուն վրայ: Կոչ կ՛ուղղեմ Խորհրդարանական միջազգային համադաշնակցութեան այս մերժելի քայլին դէմ պէտք եղած կեցուածքները որդեգրելու», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի անդրադարձաւ ամերիկեան պատժամիջոցներուն` նշելով, որ անոնք նոր ուղղուածութեան մը ցուցանիշներն են, սակայն լիբանանեան խորհրդարանին եւ կառավարութեան աշխատանքին վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին:

«Ամերիկեան այս կեցուածքին հետ պիտի վարուինք ըստ մեր յարմարութեան եւ այդ մասին կեցուածք մը պիտի հրապարակենք: Կարեւորագոյն հարցը դրամատնային մարզին ու լիբանանեան տնտեսութեան պահպանումն է», շեշտեց վարչապետ Հարիրի:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հաստատեց, որ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն դէմ հաստատուած ամերիկեան ելեւմտական պատժամիջոցները լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ առնուած քայլեր են եւ բոլոր լիբանանցիներուն դէմ գործուած բռնարարքներ: Ան կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան յետս կոչելու այդ պատժամիջոցները, որոնց հետեւանքները կրնան լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն չնպաստել:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց, Որ Լիբանան Յանձնառու Է Իրաքի Հետ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու

Յաջորդը

Հայաստան Կոչ Ուղղած Է Թուրքիոյ` Կիպրոսի Բացառիկ Տնտեսական Գօտիին Մէջ Գործողութիւնները Դադրեցնելու

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?