Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Պատրաստութեան Դասընթացքը Աւարտեցաւ

July 13, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մէկուկէս ամսուան աշխատանքէ ետք, երէկ, երեկոյեան, իր աւարտին հասաւ «Վանայ Ձայն»-ի երիտասարդ խօսնակներու պատրաստութեան խտացեալ դասընթացքը, երբ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, հայրենի լրագրող Վահագն Զաքարեան մասնակիցներուն ներկայացուց «Հայրենի լրագրութեան հիմունքներն ու աւանդութիւնները» նիւթը:

Նիւթին ներկայացումէն եւ անոր հետեւած գործնական աշխատանքէն ետք, մասնակիցներուն անունով խօսք արտասանեց Գէորգ Եագուպեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Վանայ Ձայն»-ի կողմէ ընծայուած յատուկ առիթին եւ փորձառութեան համար: Ան ըսաւ, որ երիտասարդութիւնը գրաւականը կը հանդիսանայ մեր կեանքի բոլոր յաջողութիւններուն: Երիտասարդութիւնը ունի աշխատանքի եռանդ եւ խանդավառութիւն, սակայն ան պէտք է զինուի անհրաժեշտ գիտութեամբ եւ զարգացումով: «Վանայ Ձայն» անցնող շաբաթներուն այդ գիտութիւնն ու զարգացումը փոխանցեց իր անձնակազմի փորձառու անդամներով, որոնք տարիներու իրենց փորձառութիւնն ու հմտութիւնը փոխանցեցին լայնօրէն:

Ապա, խօսք առաւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց խտացեալ դասընթացքի մասնակից աշակերտներուն, անոնց վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ դասընթացքը վարած «Վանայ Ձայն»-ի անձնակազմի անդամներուն: Ան շեշտեց, որ դասընթացքը իր տեսակին մէջ առաջինն էր: Դասընթացքին կանոնաւոր կերպով մասնակցեցան 13 տղաք ու աղջիկներ, որոնք սէրն ու հետաքրքրութիւնը ունէին բանաւոր մամուլի հանդէպ: Այսօր, դասընթացքը վերջ կը գտնէ, սակայն աշխատանքը վերջ չի գտներ: Ընդհակառակն, աշխատանքը այսօր կը սկսի, ձեռք բերուած գիտութիւնը փորձարկելու, կատարելագործելու եւ տեւական ինքնազարգացումով աշխատանքի դաշտին մէջ ինքզինք հաստատելու համար:

Շարունակելով, Աւագեան հաստատեց, որ ինք լաւատես է երիտասարդ նոր ուժերով, որոնց աշխատանքի կիրքն ու խանդավառութիւնը կրնայ նոր շունչ տալ «Վանայ Ձայն»-ին եւ բանաւոր մեր մամուլին:

Խօսքին աւարտին, Աւագեան յատուկ հաստատագիրներով պատուեց դասընթացքին հետեւեալ մասնակիցները. Մեղրի Տէմիրճեան, Սերլի Գալայճեան, Ճեսի Գրիգորեան, Կալի Աւագեան, Ժանտարք Տաւուլպէուքեան, Քարլա Քէշիշեան, Սթեֆանի Փափազեան, Կարէն Պոյաճեան, Գէորգ Եագուպեան, Կալի Տէկիրմէնճեան, Ռոզալի Պօղոսեան, Սերուժ Խանճիհանեան եւ Յարութ Մարկոսեան:

Նշենք, որ երիտասարդ խօսնակներու պատրաստութեան դասընթացքը երկարեցաւ 24 մայիսէն 12 յուլիս եւ ընդգրկեց հետեւեալ նիւթերն ու դասախօսները.

– «Ընդհանուր ծանօթացում խօսնակի մը աշխատանքին»- Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան:

– «Ինչպէ՞ս հարցազրոյց մը կամ կլոր սեղան մը վարել»- Հուրի Փափազեան-Էմմիեան:

– «Առոգանութեան, շեշտադրումի եւ հնչիւնային հիմնական կանոններ»- Իրմա Գապագեան-Տէտէեան:

– «Լրագրութեան կանոնները. լուր պատրաստելու եւ խմբագրելու եղանակները»¬ Արմէն Ապտալեան:

– «Պատրաստաբան խօսնակը. յանպատրաստից հարցումներ հարցնել եւ ստացուած հարցումներու պատասխանել»¬ Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան:

– «Լիբանանեան լրագրութեան իւրայատկութիւնները. 19 տարուան փորձառութիւն մը «Վանայ Ձայն»-ի հետ»¬ Հալա Հատտատ:

– «Հայրենի լրագրութեան հիմունքներն ու աւանդութիւնները»- Վահագն Զաքարեան:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Մասնակցի «Արաբ Արթ Ֆեր»-ին

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-ի 111-րդ Մասնաճիւղը` ՀՄԸՄ Արցախ

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.