Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան. «2020-ին Հայաստանի Մէջ Կենսաթոշակները Պիտի Բարձրանան 10 Առ Հարիւրով»

July 12, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

10 յուլիսին տեղի ունեցած կառավարութեան արտահերթ դռնփակ նիստին ընթացքին հաստատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան 2020-2022 թուականներու պետական միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրը:

Կառավարութեան 11 յուլիսի նիստին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մանրամասնեց, թէ որոշուած է, որ 1 յունուար 2020-էն սկսեալ  Հայաստանի մէջ 10 առ հարիւրով պիտի բարձրանան կենսաթոշակները, իսկ ընթացիկ տարուան 1 սեպտեմբերէն` ուսուցիչներու աշխատավարձերը:

Ըստ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեանի, փոփոխութիւնը կը վերաբերի շուրջ 560 հազար քաղաքացիներուն:

«Նաեւ պիտի փորձենք մէկ ծրագիրի շրջանակին մէջ լուծել բնակարանային խնդիրները 1988-ի երկրաշարժին պատճառով բնակարան կորսնցուցած այն քաղաքացիներուն, որոնց նկատմամբ պետութեան ունեցած պարտաւորութիւնները այս պահուն իրաւապէս արձանագրուած են: Այդ նպատակով պիտի յատկացուի 3 միլիառ դրամ: Ինչ կը վերաբերի ծրագիրի մանրամասնութիւններուն եւ հարցի մեթոտաբանութեան, անոնք հետագայ քննարկումներու ընթացքին պիտի յստակացուին», նշած է ան` յիշեցնելով, որ 1 յունիսէն արդէն բարձրացած են զինուորականներու աշխատավարձերը:

Նախորդը

Փաշինեան Եւ Ռուհանի Քննարկած Են Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հետ Գործակցութեան Զարգացումը

Յաջորդը

2019-ի Տաքը Նոր Մրցանիշներ Կը Հաստատէ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.