Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուսքի Հայաստան Այցելութեան Ընթացքին. Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հաստատած Է, Որ Հայաստան Միշտ Եղած Է Եւրոպական Արժէքներու Բնօրրան

Յուլիս 11, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 10 յուլիսին նախագահական նստավայրին մէջ ընդունած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքը:

Նախագահ Սարգսեան ողջունած է Թուսքի այցելութիւնը Հայաստան եւ վստահութիւն յայտնած, որ ան բաւարարուած պիտի ըլլայ այս այցելութենէն, մանաւանդ որ Հայաստան եւրոպական արժէքներ կիսող երկիր է: «Հայաստանը ո՛չ միայն համաձայնագիր ստորագրած է Եւրոպական Միութեան հետ, այլեւ այն երկիրն է, որ մասնաւորապէս մշակութային առումով խորապէս եւրոպական է եւ միշտ այդպիսին եղած է: Ուստի, աւելի քան բնական է, որ աւելի մօտ կը դառնանք  Եւրոպական Միութեան: Հայաստանը միշտ եղած է եւրոպական արժէքներու բնօրրան` սկսած մեր կրօնէն, մշակոյթէն մինչեւ գրականութիւն ու երաժշտութիւն», նշած է նախագահ Սարգսեան:

Անդրադառնալով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն` հանրապետութեան նախագահը համոզմունք յայտնած է, որ անոնք յառաջիկային աւելի պիտի սերտանան: «Մենք անոր համար մեծ ներուժ ունինք», ընդգծած է ան:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար` նշելով, որ երրորդ անգամն ըլլալով Հայաստան կ՛այցելէ եւ կը զգայ, թէ իր տան մէջ է:

Առանձնազրոյցին ընթացքին հանրապետութեան նախագահն ու Եւրոպական խորհուրդի նախագահը միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն օրակարգային շարք մը հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան:

Թուսք Եւ Փաշինեան Քննարկած Են Ղարաբաղի Հարցը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի միջեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցը:

Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Տոնալտ Թուսք անդրադարձած է Հայաստանի վերջին զարգացումներուն եւ ղարաբաղեան տագնապին: «Այսօր նաեւ քննարկեցինք Լեռնային Ղարաբաղի չլուծուած տագնապը: Եւրոպական Միութիւնը քաջալերուած է անցեալ տարուան շարժումէն եւ ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու նկատմամբ յանձնառութենէն ու մարդասիրական հարցերու վրայ կեդրոնացումէն: Սակայն նաեւ կը բաժնենք Մինսքի խմբակի համանախագահներուն շփման գիծին վրայ վերջին զոհերուն, ինչպէս նաեւ մագլցողական հռետորաբանութեան նկատմամբ մտահոգութիւնը: Երկու կողմերը պէտք է զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ որդեգրեն խաղաղութեան ու իսկական բանակցութիւններուն առաջնորդող քայլեր»:

Ըստ անոր, ղարաբաղեան տագնապը զինուորական լուծում չունի եւ անհրաժեշտ է միջազգային օրէնքին եւ սկզբունքներուն համահունչ լուծում մը գտնել: «Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ ամբողջական ձեւով զօրակցիլ Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն եւ Հելսինքիի եզրափակիչ հռչակագիրի հիմնարար սկզունքներուն հիմամբ արդար ու յարատեւ լուծումի մը վրայ անոնց կեդրոնանալուն: Եւրոպական Միութիւնը արդէն իսկ կը զօրակցի խաղաղութեան կառուցման աշխատանքներուն եւ պատրաստ է յաւելեալ օժանդակութիւն ցուցաբերելու ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու քայլերուն»:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատած է հանդիպումը` աւելցնելով, որ երկու կողմերուն միջեւ կապերը շատ լաւ են, իսկ տեսակցութիւնը կայացած է բարեկամութեան եւ կառուցողական երկխօսութեան մթնոլորտի մէջ:

Հայաստանի վարչապետը ընդգծած է Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն հետ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւններուն քաղաքական յանձնառութիւնը: Երկուստեք նշուած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին պայմանագիրի մեծ նշանակութիւնն ու եւրոպական երկիրներուն կողմէ զայն շուտափոյթ վաւերացնելու կարեւորութիւնը: Վարչապետին համաձայն, տուեալ պայմանագիրի իրականացումը ո՛չ միայն պիտի նպաստէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման, այլ նաեւ պիտի օգնէ Հայաստանի իշխանութիւններուն բարեփոխումներու օրակարգի գործադրութեան: Այս առումով, Հայաստանի վարչապետը տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի կառավարութեան նախարարութիւնները Եւրոպական Միութեան համապատասխան մարմիններուն հետ համագործակցութեամբ մշակած են Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագիրի իրականացման ճամբու քարտէս:

Վարչապետը յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը հաւասարակշռուած դիրքորոշում որդեգրած է ղարաբաղեան տագնապին նկատմամբ:

«Մենք զրուցեցինք նաեւ շրջանային խնդիրներու մասին: Երախտագիտութիւն յայտնեցի Եւրոպական Միութեան կողմէ  ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հարցով հաւասարակշռուած դիրքորոշում ցուցաբերելու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու դիրքորոշումը պաշտպանելու համար: Համոզում յայտնեցի Եւրոպական Միութեան այս կեցուածքի շարունակականութեան հարցով», դիտել տուած է ան:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան, որ մայիսին նշեց իր հիմնադրութեան տասնամեակը:

Նախորդը

Դաւիթ Բաբայեանը Կը Պատասխանէ Թուսքին

Յաջորդը

«Հարիւրաւոր Ռուս Զինուորներ Կը Պաշտպանեն Մատուրոն» Կ՛ըսէ Ծովակալ Ֆոլըր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?