Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Արցախի Վերաբերեալ Քոնկրեսական Չուի Առաջարկը Քուէարկութեան Դնելը

Յուլիս 12, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ներքին կանոնակարգի յանձնախումբը քուէարկած է ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճուտի Չուի օրինագիծին, ըստ որուն, կ՛առաջարկուի պաշտպանել Արցախի վերաբերեալ Ռոյս-Էնկելի առաջարկը: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` տեղեկացնելով, որ ամենայն հաւանականութեամբ Ճուտի Չուի նախաձեռնութիւնը պիտի քննարկուի այս շաբաթ:

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունած է քոնկրեսական լրացումը Ռոյս-Էնկելի առաջարկին, որով կը նախատեսուի արցախեան-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծէն արձակազէններու հեռացում եւ ԵԱՀԿ-ի դէտերու թիւի յաւելում, նաեւ կ՛առաջարկուի սահմանի երկայնքին տեղադրել յատուկ զինուորական սպառազինութիւն` տեղորոշիչներ, որոնք կարելիութիւն պիտի ընձեռեն որոշելու զինադուլը խախտող կողմը:

«Միացեալ Նահանգներ պէտք է ամուր կանգնին հայերու կողքին, ներառեալ Արցախի մէջ, ուր անմեղ ընտանիքները տակաւին Ազրպէյճանի կողմէ զինադուլի շարունակական եւ մահացու խախտումներու վտանգի տակ են», ըսած է Չու Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին` աւելցնելով. «Ողջամիտ պահանջները, ինչպիսիք են հրազէնի տեղորոշիչները, հսկիչները եւ արձակազէններու կրակոցներու արգելքները, պիտի դժուարացնեն խախտումները չնկատելու տալը, ուստի ես շատ ոգեւորուած եմ, որ այս պահանջը ներառուած է Ազգային պաշտպանութեան արտօնութեան հռչակագիրին մէջ: Մենք կողմ ենք խաղաղութեան, եւ ես յոյս ունիմ, որ այս փոփոխութիւնը վերջնականապէս ընդունուի, մենք կարենանք այնպիսի գործիքակազմ ստեղծել, որպէսզի խաղաղութիւնը ապահովուի»:

Առաջին անգամ Քոնկրեսի ստորին պալատի արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի նախագահ Էտ Ռոյսի եւ ներկայիս նախագահ Էլիոթ Էնկելի կողմէ 2015-ի աշնան ներկայացուած Ռոյս – Էնկելի առաջարկները ստացած են Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան շուրջ 100 անդամներու աջակցութիւնը:

Ներկայացուցիչներու Տան Յանձնախումբը Աջակցած Է Ազրպէյճանին Շարք Մը Զինատեսակներու Վաճառքի Դադրեցման Առաջարկին

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատի` Ներկայացուցիչներու տան ներքին կանոնակարգերու յանձնախումբը արտօնած է քննարկումը ազգային պաշտպանութեան արտօնութեան մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու մասին քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի կողմէ ներկայացուած առաջարկին, որ կը նախատեսէ արգելակել Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանին վաճառքը այնպիսի զինատեսակներու, որոնք կը մեծցնեն Պաքուի` օդային հարուածներ հասցնելու կարողութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Նախաձեռնութեան նպատակը Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ քաղաքային օդանաւերու դէմ յարձակման սպառնալիքը դիմակայելն է: Կը նախատեսուի, որ օրէնքին մէջ փոփոխութեան առաջարկը այս շաբաթ քննարկուի Ներկայացուցիչներու տան մէջ:

«Այս առաջարկով մենք Ազրպէյճանին կը հասկցնենք, որ անոնք չեն կրնար սպառնալ եւ յարձակիլ քաղաքային օդանաւերու դէմ: Պէտք չէ արտօնել, որ Ազրպէյճան սպառնայ իր դրացիներուն: Ազրպէյճանի օդային պաշտպանութեան այս կամ այն ձեւով հզօրացման աջակցիլը վերջին բանն է, որ մենք պէտք է ընենք», ըսած է Շըրմըն:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունած է քոնկրեսականին նախաձեռնութիւնը:

Նախորդը

Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարան. «Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութիւնները Խոչընդոտելը Կրօնական Ազատութեան Խախտում Է»

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Ազրպէյճանական Ապատեղեկատուութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?