Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հերքած է 10 յուլիսին ազրպէյճանական որոշ լրատուամիջոցներու տարածած ապատեղեկատուութիւնը: Անոնք գրած էին, որ, իբր թէ Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները Չինարի եւ Մովսէս գիւղերու մերձակայքը տեղակայուած դիրքերէն կրակոցներ արձակած են Ալիպէյլի բնակավայրին ուղղութեամբ, այդ պատճառով ալ վնասուած են գիւղատնտեսական սարքեր: