Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Բաբայեանը Կը Պատասխանէ Թուսքին

July 11, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան «Փանորամա»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ հիասթափած են Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի 9 յուլիսին Պաքուի մէջ կատարած այն յայտարարութենէն, որուն համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը կը զօրակցի Ազրպէյճանի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան:

«Մենք միշտ ալ ըսած ենք, թէ շատ կարեւոր է, որ միջազգային հանրութիւնը, յատկապէս հեղինակաւոր կազմակերպութիւններն ու միաւորումները, որոնց շարքին է նաեւ Եւրոպական Միութիւնը, ինչ որ գաղափարներով ու սկզբունքներով հանդէս գան: Երբ կ՛ըսեն, որ իրենց քաղաքականութեան, պետականաշինութեան հիմքին մէջ է ժողովրդավարութիւնը, մարդու իրաւունքները, այլ բան է, երբ կը տեսնես նման մտերիմ յարաբերութիւններ Ազրպէյճանի պէս ահաբեկչական երկրի հետ», ըսած է ան:

«Այդ յայտարարութեան մէջ որեւէ տող չկայ Ազրպէյճանի հակահայկական հռետորաբանութեան, մարդ կացինահարածին հերոսացման, վրէժխնդրական եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութեան մասին: Հասկնալի է, եթէ շահերով կ՛առաջնորդուիք, այդ պարագային ինչո՞ւ  ուրիշներէ կը պահանջէք, որ շահերով չառաջնորդուին», հարցուցած է Բաբայեան:

Ըստ անոր, որքան ալ տհաճ ու դառն ըլլայ այս մասին խօսիլը, բայց եւ այնպէս պէտք է անդրադառնալ այս երեւոյթներուն, քանի որ Եւրոպան կը նկատուի քաղաքակիրթ երկիր, բարեկամ շրջանին:

Խօսելով այն յայտարարութեան մասին, որ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան մտահոգութեան` սահմանային կորուստներուն առնչուող, Բաբայեան այն կարծիքին է, թէ ատիկա հիմնականօրէն մարդասիրական բնոյթ ունի: «Բոլորին համար ալ կորուստները անընդունելի են: Վերջին շրջանն ալ յստակացուած չէ, նկատի ունին վերջին մէկ տարի՞ն, մէկ ամի՞սը: Ասիկա այլ խնդիր է: Հիմնական խնդիրը քաղաքական տեսլականի մէջ է, մարդու իրաւունքները անոնք կ՛ընդունին խօսքո՞վ, թէ՞ գործով, ինչո՞ւ ահաբեկչական երկրի մը հետ յարաբերութիւններ կը պահպանեն: Իրենք ամէն ինչ կը դիտարկեն` իրենց շահերէն մեկնելով», դիտել տուած է Բաբայեան` նշելով, որ բոլոր պարագաներուն հայկական կողմը պէտք է կարենայ ճիշդ եզրակացութիւն կատարել, վարել քաղաքականութիւն` հայկական շահերէն մեկնելով, շատ լաւ յարաբերութիւններ պահպանելով Ռուսիոյ, Իրանի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ այլ երկիրներու հետ:

Բաբայեան շեշտած է, որ պէտք է ըլլալ միասնական ու վարել ճիշդ աշխարհաքաղաքականութիւն` հայկական կողմին շահերէն մեկնելով:

 

 

Նախորդը

Բարձր Գնահատուած Է Հայաստանի Եւ Շուէտի Միջեւ Գործակցութիւնը` Միջազգային Կառոյցներուն Մէջ

Յաջորդը

Թուսքի Հայաստան Այցելութեան Ընթացքին. Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հաստատած Է, Որ Հայաստան Միշտ Եղած Է Եւրոպական Արժէքներու Բնօրրան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.